ՔՈՊԱԽԻԾԷ ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ
Վրաստանի վարչապետ Իրակլի Քոպախիծէ այսօր պաշտօնական այցելութիւն մը կու տայ Երեւան։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, հիւր վարչապետը Երեւանի Զուարթնոց օդակայանին մէջ դիմաւորուեցաւ Հայաստանի փոխ-վարչապետ Տիգրան Խաչատրեանի, արտաքին գործոց փոխ-նախարար Վահան Կոստանեանի, Երեւանի քաղաքապետ Տիգրան Աւինեանի եւ այլ պաշտօնատարներու կողմէ։
Վարչապետ. «Անվտանգութիւն ապահովելու համար պէտք է կանգնիլ օրինականութեան գիծերուն վրայ»:
Մոսկուայի սահմռկեցուցիչ ահաբեկչական յարձակման արձագանգները կը շարունակուին՝ մինչ միջազգային օրակարգին վրայ իրադարձութիւնները առաջնահերթ ուշադրութեան առարկայ կը դառնան։ Ըստ վերջին հաղորդումներուն, «Crocus City Hall» համերգային համալիրէն ներս պատահած յարձակման հետեւանքով զոհուածներու թիւը հասած է 143-ի։
Հայաստանի մէջ շաբաթավերջին տեղի ունեցան մտահոգիչ դէպքեր, որոնք լայն արձագանգ ստեղծեցին։ Պատկան իշխանութիւնները տեղեկացուցին, որ պատահարները ահաբեկչական դէպքերու յատկանիշներ ունին։
Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ Ալէն Սիմոնեան երէկ Ժընեւի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Ատրպէյճանի Ազգային ժողովի նախագահ Սապիհա Կաֆարովայի հետ։ Անոնք Ժընեւի մէջ կը գտնուէին Միջխորհրդարանական միութեան 128-րդ հաւաքի շրջանակներէն ներս։
Երէկ երեկոյեան ժամերուն Ռուսաստան ցնցուեցաւ՝ իր պատմութեան ամեասարսափելի եւ սահմռկեցուցիչ ահաբեկչական դէպքերէն մէկով։ Այսպէս, Մոսկուայի մերձակայքի «Crocus City Hall» համերգային համալիրէն ներս տեղի ունեցաւ սարսափելի ահաբեկչական յարձակում մը, որ խլեց աւելի քան 60 զոհ։
Կազզէի պատերազմի մթնոլորտին մէջ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքըն արդէն 6-րդ անգամ տարածաշրջան այցելեց։ Սէուտական Արաբիոյ եւ Եգիպտոսի մէջ շփումներ ունենալէ վերջ ան հասաւ Թել Աւիւ։
Պրիւքսէլի Միջուկային ուժանիւթի անդրանիկ գագաթաժողովը երէկ մէկտեղեց միջազգային բազմաթիւ յառաջատար երկիրներու ղեկավարները։ Այս գագաթաժողովին մասնակցեցաւ նաեւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան։
Հայկական սփիւռք(ներ)ը շարժման մէջ. տարածքներ, դերակատարներ եւ զանազան կիրարկումներ՝ 21-րդ դարուն:
Շարլ Ազնաւուրի ծննդեան 100-ամեակին ձօնուած յոբելենական ձեռնարկներու շարքի պաշտօնական սկիզբը: