ՈԼՈՐՏԱՅԻՆ ԼՈՒՐՋ ԾՐԱԳՐԵՐ
Զուիցերահայ յայտնի գործարարը ընդունուեցաւ Հայաստանի նախագահին եւ վարչապետին կողմէ:
Վահէ Կապրաշ Վահագն Խաչատուրեանին եւ Նիկոլ Փաշինեանին ներկայացուց իր նախաձեռնութիւններուն մանրամասնութիւնները:
Զուիցերահայ յայտնի գործարարը ընդունուեցաւ Հայաստանի նախագահին եւ վարչապետին կողմէ:
Վահէ Կապրաշ Վահագն Խաչատուրեանին եւ Նիկոլ Փաշինեանին ներկայացուց իր նախաձեռնութիւններուն մանրամասնութիւնները:
Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան յայտարարեց, որ Հարաւային Կովկասէ ներս կայունութեան պահպանումը Թուրքիոյ առաջնահերթութիւններու շարքին կը գտնուի։
Երէկ երեկոյեան, նախագահ Էրտողան ելոյթ մը ունեցաւ՝ ԱՔ կուսակցութեան կողմէ դիւանագիտական շրջանակներուն համար կազմակերպուած Իֆթարի սեղանին ընթացքին։
Փաշինեան. «Հայաստան պէտք է օրակարգ ունենայ Թուրքիոյ հետ ու զայն չընկալէ Ատրպէյճանի միջոցաւ»:
«Երեւան-Պաքու գործընթացին մէջ իրականութիւնը այն է, որ Անգարայի ներկայութիւնը տեսանելի եւ զգալի է»:
Հայաստանի Լեզուի կոմիտէն կ՚ազդարարէ «Հայերէնը ոչ-հայախօսներու համար» ծրագրի մեկնարկը:
Դւոյեան. «Նախագիծը պէտք է ստեղծուի ԵԽ լեզուներու իմացութեան եւ գնահատման ընդհանուր շրջանակի հիման վրայ»:
Անգարա-Թիֆլիզ-Պաքու առանցքին վրայ եռակողմանի ձեւաչափով բարձր մակարդակի քննարկումները յառաջիկայ օրերուն թափ պիտի ստանան։ Այսպէս, Թիֆլիզի ղեկավարութիւնը պիտի հիւրընկալէ Վրաստանի, Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարներուն եռակողմանի հանդիպումը։
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան այս առաւօտ Երեւանի մէջ սարքեց մամլոյ ասուլիս մը։ «Որեւէ քննարկման ժամանակ խօսք չէ եղած ու չի կրնար ըլլալ Տաւուշի մարզի որեւէ գիւղ յանձնելու մասին», յայտարարեց վարչապետը։
Ազգային պաշտպանութեան նախարարութենէն ներս բարձր մակարդակի վրայ ուշագրաւ ժամադրութիւն:
Եաշար Կիւլէր, Հաքան Ֆիտան եւ Իպրահիմ Քալըն արժեւորեցին երկրի անվտանգային օրակարգի հրատապ հարցերը:
«Արեւմուտքը հետամուտ՝ Երեւանը գործիք դարձնել Մոսկուայի դէմ որդեգրած քաղաքականութեան»:
Հնդկաստան ռազմավարական կարեւորութեամբ արտածումներու համար օդային միջանցք մը կը ստեղծէ դէպի Հայաստան:
Ուաշինկթըն կը նախատեսէ 52 միլիոն ամերիկեան տոլար յատկացնել Երեւանին։ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղարութեան արտաքին աջակցութեան գրասենեակի փոխ-տնօրէն Թրէյսի Քարսոն յայտնեց, որ այդ միջոցները՝ մասնաւորապէս նախատեսուած են Հայաստանի տնտեսութեան եւ ժողովրդավարութեան ամրապնդման համար։
Հայաստանը Վենետիկի արուեստի 60-րդ յոբելենական պիէնալին կը մասնակցի պետական մակարդակով:
Հայկական տաղաւարին մէջ պիտի ներկայացուի Նինա Խեմչեանի «Արձագանգ» բազմաշերտ մուլթիմետիա նախագիծը: