ՀԱՅԱՍՏԱՆ Կ՚ԱԿՆԿԱԼԷ ԻՐԱՆԻ ԴՐԱԿԱՆ ԱՐՁԱԳԱՆԳԸ
Հայաստանի արտաքին գործոց փոխ-նախարար Վահան Կոստանեան վերջերս կարեւոր յօդուած մը ստորագրեց «Իրնա» լրատուական գործակալութեան համար։ Իրանի պաշտօնական գործակալութեան կայքէջին վրայ տեղ տրուեցաւ այս յօդուածին, որու մէջ Վահան Կոստանեան խորհրդածութիւններ ըրած է՝ Հայաստանի կառավարութեան կողմէ մշակուած «Խաղաղութեան խաչմերուկ» նախագծին շուրջ։
ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
Արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան երէկ երեկոյեան հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքընի հետ։ «Ֆ-16» կործանիչներու եւ Շուէտի ՆԱԹՕ-ի անդամակցութեան խնդիրներուն առընթեր, զրուցակիցները առանձնապէս անդրադարձան Կազզէի եւ Արեւմտեան Շէրիայի կացութեան։
Եշիլգիւղի Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ տարեկան անուան տօնախմբութիւնը երէկ նշուեցաւ կրօնական եւ աշխարհիկ աւանդական արարողութիւններով, որոնց նախագահեց Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան:
Ուաշինկթըն կ՚ողջունէ Անգարայի դերը՝ Երեւան-Պաքու յարաբերութիւններու կարգաւորման ուղղութեամբ։
Ծնունդն ու մահը անկախ են մարդուս կամքէն, իսկ անոնց միջեւ ձգուած կեանքը, տեսականօրէն, կը տնօրինուի ենթակային կողմէ։ Որքան որ ալ բացառութիւնները շատ ըլլան՝ կեանքի ընթացքին գոնէ բազում նախընտրութիւններ կախում ունին տուեալ անձէն։
Երէկ, Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստան-Ռուսաստան տնտեսական համագործակցութեան միջկառավարական յանձնաժողովի 22-րդ նիստը, որու ընթացքին բանակցութիւնները գլխաւորեցին երկու երկիրներու փոխ-վարչապետները՝ Մհեր Գրիգորեան եւ Ալեքսէյ Օվերչուք։
Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի հետ։ Կը հաղորդուի, որ երկու ղեկավարները առաջնահերթօրէն անդրադարձան Կազզէի պատերազմին։
Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտարարեց, որ Հայաստան պատրաստակամութիւն կը յայտնէ վերականգնելու համար երկաթուղային եւ ցամաքուղային հաղորդակցութիւնը Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ հետ։
Երէկ, Երեւանի Նոր Նորք թաղամասի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան առաջին գումարման Ազգային ժողովի նախագահ նորոգ հանգուցեալ Բաբգէն Արարքցեանի հոգեհանգիստի արարողութիւնը։