ԹՈՒՐՔԻԱ ԱՒԵԼԻ ՔԱՆ ԵՐԲԵՔ ՄՕՏ ԿԸ ՀԱՄԱՐԷ ՀԱՅԱՍՏԱՆ-ԱՏՐՊԷՅՃԱՆ ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՁԱՅՆԱԳԻՐԸ
Արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան երէկ շփումներ ունեցաւ Պաքուի մէջ, ուր ամենաբարձր մակարդակի վրայ հիւրընկալուեցաւ Ատրպէյճանի ղեկավարութեան կողմէ։ Պաշտօնական այցելութեան շրջանակներէն ներս ան ընդունուեցաւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի կողմէ։
«Լեռնային Ղարաբաղի հարցը փակուած չէ։ Նայեցէ՛ք Քոսովայի օրինակին. մէկուկէս միլիոն մարդ այդտեղը լքելէ վերջ՝ վերադարձած էր ՄԱԿ-ի ազդեցութեամբ»:
Բնութեան կենսունակութեան վառ ապացոյցներէն մին է բոյսերու վերակենդանացման ու վերանորոգութեան ընդունակութիւնը։ Այո՛, բոլոր արարածները կը ծնին, կ՚ապրին ու կը մեռնին, սակայն, սա փակ շրջան մը չէ՝ որպէս այդպիսին եւ այդ շարունակականութիւնը կը պարփակէ յարատեւութիւն մը, որ բնութեան կենսունակութեան բո՛ւն դրսեւորումը կը հանդիսանայ։
«Xana Gardens» ընկերութիւնը տակաւին չէ պատասխանած Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութեան նամակին:
Խոր ցաւով վերահասու եղանք, թէ երէկ Երեւանի մէջ իր մահկանացուն կնքած է Հայաստանի Հանրապետութեան առաջին գումարման Ազգային ժողովի նախագահ Բաբգէն Արարքցեան։ 79 տարեկան հասակին կեանքէն հեռացած է ականաւոր պետական-քաղաքական գործիչ ու գիտնական Բաբգէն Արարքցեան, որ անփոխարինելի դերակատարութիւն ունեցած էր հայոց պետականութեան ակունքներուն մէջ։
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան յայտարարեց, որ Ատրպէյճանի հետ քննարկումներ կը ծաւալուին՝ միջպետական սահմանէն զօրքերու հայելային ետքաշման գաղափարին շուրջ։
Արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան այսօր կ՚այցելէ Պաքու, ուր ամենաբարձր մակարդակի վրայ կը հիւրընկալուի Ատրպէյճանի ղեկավարութեան կողմէ։ Պաշտօնական աղբիւրները քննարկումներու օրակարգին վերաբերեալ մանրամասնութիւններ հաղորդած չեն։
ՄԱԿ-ի Կլիմայի փոփոխութեան 28-րդ համաժողովի (COP28) աւարտին՝ գրեթէ 200 երկիրներու ներկայացուցիչներուն մասնակցութեամբ համաձայնութիւն գոյացաւ, որպէսզի սկսի հանածոյ վառելանիւթի համաշխարհային սպառման նուազեցումը՝ կլիմայի փոփոխութիւնը կանխելու համար։
Վաղը Երեւանի մէջ պիտի սկսի՝ Դէպի ծով ելք չունեցող զարգացող երկիրներու (LLDC) նախարարական հանդիպումը։ Սա ՄԱԿ-ի հետ միասին Հայաստանի մէջ ցայսօր կազմակերպուած ամենամեծ ձեռնարկներէն մին պիտի ըլլայ։
Շահնազարեան. «Հանրութիւնը չի պատկերացներ աղէտի չափերը։ Խաղաղութիւնը փաստաթուղթ մը չէ, այլ ռազմաքաղաքական հաւասարակշռութեան արդիւնք է»: