ՄԻՐԶՈՅԵԱՆ ԶՐՈՒՑԵՑ ԱՊՏՈՒԼԼԱՀԻԱՆԻ ՀԵՏ
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ամիր Ապտուլլահիանի հետ։ Անոնք քննարկեցին Հարաւային Կովկասի ավտանգութեան ու կայունութեան վերաբերեալ հարցեր։
Փոխադրութեան եւ ենթակառուցուածքներու նախարար Ապտիւլքատիր Ուրալօղլու յայտարարեց, որ յառաջիկայ ամիսներուն պիտի սկսին Զանգեզուրի միջանցքի բացման աշխատանքները։
Երեւանի կեդրոնին արդէն սկսած են գործել ելեկտրական հանրակառքեր։ Յառաջիկային կը նախատեսուի հետզհետէ բարձրացնել անոնց թիւը։
ԺԻՐԱՅՐ ՉՈԼԱՔԵԱՆ
Լեզուակռիւի սեմին հասած բանավէճի պայմաններով երէկ Մոսկուայէն ամենաբարձր մակարդակի վրայ ուշագրաւ պատգամներ հասցէագրուեցան Երեւանին:
Երեւանի Պետական համալսարանէն (ԵՊՀ) ներս երէկ մեծարուեցաւ Իտալիոյ նախկին վարչապետ, Եւրոյանձնաժողովի նախկին նախագահ Ռոմանօ Փրոտի, որուն պատուակալ տոքթորի կոչում շնորհուեցաւ։
Ջերմուկի դէպքերու առաջին տարելիցին խորհրդարանին մէջ յարգանքի լռութիւն՝ մինչ Հայաստանի սահմանները միշտ Ատրպէյճանի յարձակման տակ:
Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ։ Ըստ պաշտօնական աղբիւրներուն, անոնք անդրադարձան Անգարա-Երեւան յարաբերութիւններուն եւ տարածաշրջանային բնոյթով նիւթերու։
Հայաստանի եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու զօրքերը երէկ սկսան համատեղ զօրավարժութիւններու, որոնք պիտի տեւեն շուրջ շաբաթ մը։ Հայ-ամերիկեան այս ռազմափորձերը կը կոչուին «Արծիւ գործընկեր-2023»։
«2020-ին ո՛չ Ուքրայնա կ՚այցելէինք, ո՛չ Հռոմի սթաթիւն կը վաւերացնէինք, ո՛չ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու հետ զօրավարժութիւններ կ՚ընէինք, բայց պատերազմ սկսաւ»: