ԷՐՏՈՂԱՆ ԵՒ ԱԼԻԵՒ ԱՅՍՕՐ ՆԱԽԻՋԵՒԱՆԻ ՄԷՋ Կ՚ԱՆԴՐԱԴԱՌՆԱՆ ԶԱՆԳԵԶՈՒՐԻ ՄԻՋԱՆՑՔԻ ԲԱՑՄԱՆ ՀԱՐՑԻՆ
Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան այսօր Նախիջեւան կ՚այցելէ՝ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հրաւէրին ընդառաջ։ Երկու ղեկավարներուն ժամադրութիւնը տեղի կ՚ունենայ՝ Արցախի դէմ Ատրպէյճանի կողմէ իրականացուած հակաահաբեկչական յատուկ միջոցառումներու գործողութեան յաջորդած օրերուն, ինչ որ կը մեկնաբանուի՝ որպէս Անգարայի կողմէ ամուր զօրակցութիւն ի նպաստ Պաքուի։
Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոն յայտարարեց, որ Արցախի մէջ Ռուսաստան կը մեղսակցի Ատրպէյճանին, իսկ իր երկիրը կ՚աջակցի հայ ժողովուրդին։
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան շաբաթավերջին ժողովուրդին ուղղեալ կարեւոր պատգամով մը հանդէս եկաւ։ «Վերջին տարիներուն Ատրպէյճանի կողմէ Հայաստանի դէմ կատարուած յարձակումներէն ակնյայտօրէն կարելի է եզրակացնել, որ մեր ներգրաւուած արտաքին անվտանգութեան համակարգերը արդիւնաւէտ չեն Հայաստանի Հանրապետութեան պետական շահերու եւ անվտանգութեան տեսակէտէ։
Շաբաթավերջին Արցախէն դէպի Հայաստան տարհանումը արդէն սկսաւ գործնականօրէն։ Արցախի նախագահի խորհրդական Դաւիթ Պապայեան «Reuters» գործակալութեան յայտնեց հետեւեալը. «Լեռնային Ղարաբաղի էթնիք հայերը կը մեկնին Հայաստան, որովհետեւ չեն փափաքիր ապրիլ Ատրպէյճանի կազմին մէջ ու կը վախնան էթնիք զտումներէ։
ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութերես մտահոգութիւն յայտնեց Լեռնային Ղարաբաղի մէջ իրավիճակի վերջին սրման կապակցութեամբ եւ կոչ ուղղեց՝ խստօրէն պահպանել հրադադարը։
Արցախի ժողովուրդին ֆիզիքական գոյութիւնը կը շարունակուի լուրջ սպառնալիքի ենթակայ մնալ՝ հակառակ միջազգային գետնի վրայ հնչած բոլոր յայտարարութիւններուն։
Սեւծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան մշտական ներկայացուցչութեան նախաձեռնութիւնը լի ու լի արդարացած:
Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին շուրջ ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդին երէկուան հերթական հրատապ քննարկումը գործնականօրէն ոչինչ փոխած է. պատանդ դարձած ժողովուրդը անտէրութեան, անորոշութեան եւ ֆիզիքական ոչնչացման լուրջ սպառնալիքներու ճիրաններուն մէջ կը տառապի անխնայօրէն:
Սեւծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան մշտական ներկայացուցչութեան պատմական նախաձեռնութիւնը։
Այսօր Սեպտեմբերի 21-ն է եւ Հայաստանի Հանրապետութիւնը իր անկախութեան 32-րդ տարեդարձը կը նշէ՝ ցարդ տօնախմբուածներէն բոլորովին տարբեր պայմաններու ներքեւ։ Ատրպէյճանի կողմէ Արցախի դէմ ձեռնարկուած հակաահաբեկչական միջոցառումներու յատուկ գործողութիւնները արդէն շուրջ մէկ օրուան ընթացքին հասան իրենց նպատակին։