ԵՐԵՍՓՈԽԱՆԷՆ ԴՐԱԿԱՆ ՎԿԱՅՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
Իսթանպուլի երեսփոխան Սեւան Սվաճըօղլու «Անատոլու» գործակալութեան թղթակցին տպաւորութիւններ փոխանցած է՝ Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանի պաշտօնամուտի արարողութեան առթիւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի Անգարա կատարած այցելութեան շուրջ։
«Ուրբաթ, շաբաթ, կիրակի» լուսանկարչական ցուցահանդէսը կը շարունակէ միշտ հետաքրքրութեան առարկայ դառնալ։ Թուրքիոյ մէջ միաստուածեան կրօններու հետեւորդներուն պաշտամունքի եւ ընկերային կեանքը՝ իսկապէս վառ դրուագներով կը ցոլացնէ այս ցուցահանդէսը, որ ներկայիս կը կրկնուի Յունաստանի Ռոտոս կղզիին մէջ։
Ներկայ ամառնամուտին մեծ խանդավառութիւն ստեղծուած է Երեւանի մէջ։ Քաղաքամայրը բազմաթիւ եւ բազմաբնոյթ ձեռնարկներ կը հիւրընկալէ եւ այս օրերուն անոր կեդրոնի կարգ մը հատուածներէն ներս ստեղծուած է խրախճանքի մթնոլորտ։
Կեդրոնական վարժարանի տնօրէնութեան նախաձեռութեամբ, շաբաթ երեկոյեան, Շիշլիի «Քենթ» մշակոյթի կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ «Հայ կինը» խորագրեալ ձեռնարկ մը։ Կեդրոնականցիները վերջին տարիներուն գեղեցիկ աւանդութիւն մը ստեղծած են՝ պատմական կերպարներու եւ իրադարձութիւններու հետքը բռնելով՝ մերօրեայ ինքնութեան պահպանման պայքարի ուղեցոյցներ փնտռելու առումով։
Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան այսօր Անգարայի մէջ մասնակցեցաւ Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանի երդման արարողութեան։
Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեպ Թայյիպ Էրտողանի այսօրուան երդման արարողութեան առթիւ Թուրքիայէն պաշտօնապէս հրաւէր մեկնած է Հայաստան։ Ուստի, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան այսօր աշխատանքային այցելութիւն մը կու տայ մայրաքաղաք Անգարա՝ այս հրաւէրին ընդառաջ։
Հայաստանի փոխ-վարչապետ Մհեր Գրիգորեան, Ռուսաստանի փոխ-վարչապետ Ալեքսէյ Օվերչուք եւ Ատրպէյճանի փոխ-վարչապետ Շահին Մուսթաֆաեւ երէկ տեսակցեցան Մոսկուայի մէջ։
Շարլ Միշելի միջնորդութեամբ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Իլհամ Ալիեւի երէկուան հերթական բանակցութիւններուն միացան նաեւ Էմմանիւէլ Մաքրոնն ու Օլաֆ Շոլցը:
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան տեղեկացուց, որ Ատրպէյճանի հետ բարձր մակարդակի վրայ շփումները պիտի շարունակուին մօտաւոր ապագային։ Երեւան-Պաքու բանակցութիւններու յաջորդ կանգառը պիտի ըլլայ Ուաշինկթընը։