ՆԻՒ ԵՈՐՔԻ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ ԱՐԱՄ ԽԱՉԱՏՈՒՐԵԱՆԻ ԾՆՆԴԵԱՆ 120-ԱՄԵԱԿԻՆ ԱՌԹԻՒ ՇՔԵՂ ՁԵՌՆԱՐԿ
Աշխարհահռչակ հայազգի երաժիշտ Արամ Խաչատուրեան վերջերս յատկանշական ձեռնարկով մը ոգեկոչուեցաւ Նիւ Եորքի մէջ՝ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմի նախաձեռնութեամբ։ Այս տարի երաժշտական աշխարհը կը տօնախմբէ Արամ Խաչատուրեանի ծննդեան 120-ամեակը։
Ուաշինկթըն-Փեքին առանցքին վրայ բաց հաղորդակցութիւնը կրնայ կանխել թիւրիմացութիւնները:
Վահագն Խաչատուրեան եւ Ֆրանք-Վալթէր Շթայնմայէր անդրադարձան Հարաւային Կովկասի իրավիճակին:
Երեւանի մէջ այս շաբաթավերջին՝ յունիսի 24-ին նախատեսուած է «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի հոգաբարձուներու խորհուրդի տարեկան նիստը։ Իր նմաններու շարքին 33-րդ ժողովին ժամանակ պիտի ներկայացուին հիմնադրամի 2022 թուականի գործունէութիւնն ու ելմտական հաշուետուութիւնը։
ՇԱՀԱՆ ԳԱՆՏԱՀԱՐԵԱՆ
Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան երէկ հիւրընկալեց Կալաթասարայ մարզակումբի ներկայացուցիչները։ Նկատի ունենալով, որ Կալաթասարայի ֆութպոլի կազմը 2022-2023 եղանակի ախոյեանը դարձած է՝ ակումբի վարչութեան նախագահ Տուրսուն Էօզպեքի գլխաւորութեամբ բազմանդամ պատուիրակութիւն մը ներկայացաւ Հանրապետութեան նախագահին։
Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացը աննկարագրելի բարդութիւններ կը դիմագրաւէ։ Պաքու մէկ կողմէ կը պնդէ, որ կը ձգտի Երեւանի հետ խաղաղութեան պայմանագիր ստորագրել, սակայն դաշտի վրայ կ՚առնէ այնպիսի քայլեր, որոնք կ՚իմաստազրկեն այդ առերեւոյթ պատրաստակամութիւնը։
Դաշինքը Ուքրայնայի պարագային կը մշակէ ծրագիր մը, որուն շուրջ Թուրքիա ունի վերապահութիւններ:
Ատրպէյճանի բանակը այս առաւօտ դարձեալ կրակի տակ առաւ Հայաստանի սահմանակից Երասխը:
Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանի վերընտրութենէն վերջ Թուրքիոյ շփումները վերստին կը խտանան միջազգային գործընկերներուն հետ։ Անգարա նոր շրջանին համար դիւանագիտական նոր նախաձեռնութիւններու կը պատրաստուի՝ մանաւանդ, որ նշանակուած է նաեւ նոր արտաքին գործոց նախարար մը. յանձինն Հաքան Ֆիտանի։