ԸՆԴԴԻՄՈՒԹԻՒՆԸ՝ ՃԻՇԴ ԺԱՄԱՆԱԿԻՆ
Հայաստանի ընդդիմութիւնը կը շարունակէ ջանքեր գործադրել աշխուժութիւն դրսեւորելու համար՝ մինչ երկրին տեսակէտէ ճակատագրական իրադարձութիւնները ընթացքի մէջ են։ «Տաւուշը՝ յանուն հայրենիքի» շարժումը հետամուտ է իր ներկայութիւնը զգալի պահելու՝ մանաւանդ Երեւանի կեդրոնին։