Լրահոս

ԵՐԵՒԱՆ. «ԱՀԱԲԵԿՉՈՒԹԻՒՆԸ ԱՐԴԱՐԱՑՈՒՄ ՉՈՒՆԻ»

Երեւանի ղեկավարութիւնը երէկ անմիջապէս արձագանգեց Անգարայի մէջ պատահած դէպքին։ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարութեամբ մը հանդէս եկաւ՝ շեշտելով, որ ահաբեկչութիւնը որեւէ արդարացում չունի։

ԿԱՐԵՒՈՐ ԳԱԳԱԹԱԺՈՂՈՎ

Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան-Վլատիմիր Փութին հանդիպում. Ռուսաստան կը խրախուսէ Թուրքիոյ BRICS-ի անդամակցութիւնը:
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան այս առաւօտ Քազանի մէջ քննարկումներ ծաւալեց Իրանի նախագահ Մեսուտ Փեզեշքիանի հետ:

ՇՕՇԱՓԵԼԻ ՅԱՌԱՋԸՆԹԱՑ

Արարատ Միրզոյեան խորհրդարանի ամիպոնէն մանրամասնութիւններ ներկայացուց Հաքան Ֆիտանի հետ տեսակցութեան շուրջ:
Երեւան նպատակայարմար չի նկատեր «3+3» հարթակը՝ Պաքուի հետ բանակցութիւններու համար. արդէն այդպէս առաջարկ մըն ալ չկայ:

ՆՈՐԱՐԱՐՈՒԹԵԱՆ ՊԱՇՏՕՆ

Սփիւռքահայ յայտնի մտաւորական տքթ. Հրաչ Չիլինկիրեան նոր պաշտօնի մը կոչուած է Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմէն ներս։ Այսպէս, Թեմակալ առաջնորդ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեանի կողմէ իր պարագային կատարուած նշանակումը ուժի մէջ է անցեալ յուլիսի 1-էն ի վեր։

ԿԱՐԵՒՈՐ ԱՌԱՆՑՔ

Ռուսաստանի Քազան քաղաքին մէջ, Փութինի տանտիրութեամբ կ՚ընթանայ BRICS-ի 16-րդ գագաթաժողովը:
Չինաստան այս կազմակերպութիւնը կը նկատէ՝ բազմաբեւեռ համաշխարհային համակարգի ձեւաւորման գործօն:

ԽՕՍՔԵՐՆ ՈՒ ԳՈՐԾԵՐԸ…

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Արեւմուտքը Երեւանին կ՚աջակցի՝ յուսալով, թէ կը յաջողի Հարաւային Կովկասէն վերջնականօրէն դուրս մղել Մոսկուան, որու տեղը անխուսափելիօրէն կ՚առնէ Անգարան:
Հայաստան BRICS-ի գագաթաժողովին ամենաբարձր մակարդակի վրայ կը մասնակցի՝ երբ Ռուսաստանի հետ յարաբերութիւններուն կապակցութեամբ օրակարգի վրայ են բազում հարցականներ:

ՀԱՅՐ ՎԱՐԴԱՆ ԾԱՅՐԱԳՈՅՆ ՎԱՐԴԱՊԵՏ ԳԱԶԱՆՃԵԱՆ ՍՏԱՆՁՆԵՑ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՀԱՅՈՑ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍԱՐԱՆԻՆ ՂԵԿԸ

Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ Թուրքիոյ Հայ կաթողիկէ հասարակութեան հոգեւոր կեդրոնին գլուխը անցած է Հայր Վարդան Ծայրագոյն Վարդապետ Գազանճեան՝ 2 հոկտեմբեր 2024 թուականի դրութեամբ։ Ան երկար տարիներէ ի վեր Պոլսոյ մէջ ծառայութիւն կը մատուցէ՝ արժանացած ըլլալով համատարած յարգանքի եւ համակրանքի։

ՔԱԶԱՆԻ ՄԷՋ ՆԱԽԱՏԵՍՈՒԱԾ Է ՆԻԿՈԼ ՓԱՇԻՆԵԱՆԻ ԵՒ ՎԼԱՏԻՄԻՐ ՓՈՒԹԻՆԻ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄԸ

Ռուսաստանի Քազան քաղաքին մէջ այսօր կը սկսի BRICS-ի 16-րդ գագաթաժողովը։ Չինաստանի եւ Ռուսաստանի գլխաւորութեամբ՝ Պրազիլիոյ, Հնդկաստանի եւ Հարաւային Ափրիկէի մասնակցութեամբ ստեղծուած BRICS-ը ընդլայնման միտում ունի։

Էջեր