Արխիւ

Երկուշաբթի, Մայիս 25, 2015

Թուր­քիոյ Հայ Կա­թո­ղի­կէ հա­սա­րա­կու­թիւ­նը ե­րէկ մե­ծա­րեց իր վաս­տա­կա­ւոր վի­ճա­կա­ւո­րը՝ Տ. Յով­հան­նէս Արք. Չո­լա­քեա­նը։ Այս առ­թիւ Գա­տը­գիւ­ղի Ս. Լե­ւոն հայ կա­թո­ղի­կէ ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ տե­ղի ու­նե­ցած կրօ­նա­կան եւ աշ­խար­հիկ ա­րա­րո­ղու­թիւն­նե­րուն նա­խա­գա­հեց Թուր­քիոյ Հայ Կա­թո­ղի­կէ Հա­սա­րա­կու­թեան Վի­ճա­կա­ւոր Տ. Լե­ւոն Արք. Զէ­քիեան։

Երկուշաբթի, Մայիս 25, 2015

Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան նախագահեց Գիւտ Տփոյ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ երէկուան արարողութիւններուն:
Հոգեգալստեան հանդիսութիւններուն զուգադիպած մատաղօրհնութեան առընթեր, ոգեկոչուեցան Թրքահայ ուսուցչաց հիմնարկի հանգուցեալ բարերարները:

Շաբաթ, Մայիս 23, 2015

Ֆէ­րի­գիւ­ղի Մէ­րա­մէթ­ճեան վար­ժա­րա­նի տնօ­րէ­նու­թեան նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ վեր­ջին եր­կու օ­րե­րուն կազ­մա­կեր­պուած ֆութ­պո­լի մրցա­շար­քը ստեղ­ծեց մեծ խան­դա­վա­ռու­թիւն։ Միջ­վար­ժա­րա­նա­յին այս մրցա­շար­քը ձօ­նուած էր մեր մար­զա­կան աշ­խար­հի խորհրդան­շա­կան ա­նուն­նե­րէն Ա­լեք­սան Տա­տեա­նի յի­շա­տա­կին։

Շաբաթ, Մայիս 23, 2015

Աթագիւղի «Եունուս Էմրէ» մշակոյթի կեդրոնին մէջ խանդավառ հաւաքոյթ՝ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի մասնակցութեամբ:
ZİBEÇ-ի տարեվերջի հանդիսութիւնը եւ զուգահեռաբար կազմակերպուած քէրմէսը ստեղծեցին մեծ խանդավառութիւն՝ արդարացնելով կառոյցի յաջող երթը:

Շաբաթ, Մայիս 23, 2015

​Սայաթ Նովա երգչախումբը երէկ երեկոյեան «խապրիկ մը բերաւ մեր աշխարհէն…» հանդիսաւոր պայմաններու ներքեւ:
Խմբավար Մելիքճան Զամանի մականին ներքեւ փայլուն յաջողութիւն մը արձանագրուեցաւ՝ երգերու եւ բանաստեղծութեան համադրութեամբ: Ունկնդիրներու մասնաւոր համակրանքին առարկայ դարձաւ մեներգչուհի Շուշան Գալաթաշ:

Շաբաթ, Մայիս 23, 2015

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Սուրբ Հո­գիին գալս­տեան գի­տակ­ցու­թիւ­նը եւ անդ­րա­դար­ձու­մը մեզ կը տա­նի նո­րո­գուած հո­գիով եւ ար­թուն միտ­քով «Նոր կեանք» մը ապ­րե­լու հրա­շա­լի՜ գա­ղա­փա­րին։

Շաբաթ, Մայիս 23, 2015

Ե­րե­ւա­նի մէջ, Մա­յի­սի 27-ին, տե­ղի պի­տի ու­նե­նայ «Հա­յաս­տան» հա­մա­հայ­կա­կան հիմ­նադ­րա­մի հո­գա­բար­ձու­նե­րու խոր­հուր­դին քսան­չոր­րորդ նիս­տը։ Ծա­նօթ է, որ հիմ­նադ­րա­մի աշ­խա­տանք­նե­րուն աշ­խոյժ մաս­նակ­ցու­թիւն ու մեծ ներդ­րում կը բե­րեն ա­նոր քսան­հինգ տե­ղա­կան մաս­նա­ճիւ­ղե­րը, ո­րոնք ներ­կա­յիս կը գոր­ծեն աշ­խար­հի քսա­ներ­կու եր­կիր­նե­րուն մէջ։

Շաբաթ, Մայիս 23, 2015

Եւրոմիութիւն-Հայաստան համագործակցութիւնը նոր հարթութեան մը վրայ պիտի դրուի համապատասխան իրաւական հիմքով՝ Արեւելեան գործընկերութեան շրջագծէն ներս:
Ռիկայի գագաթաժողովի աւարտին Ատրպէյճան մերժեց ստորագրել եզրափակիչ համատեղ յայտարարութիւնը՝ տարակարծութիւններ ունենալով Լեռնային Ղարաբաղի վերաբերեալ բանաձեւումներուն շուրջ:

Շաբաթ, Մայիս 23, 2015

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

​«Ի­րաք-Շա­մի իս­լա­մա­կան պե­տու­թիւն» (Ի­ՇԻՊ) ա­հա­բեկ­չա­կան խմբա­ւո­րու­մը ծանր մար­տեր մղե­լէ ետք հա­սաւ Սու­րիոյ մայ­րա­քա­ղա­քը՝ Դա­մաս­կո­սէն 215 քմ. հիւ­սիս-ա­րե­ւելք գտնուող Թատ­մոր (Փալ­մի­րա) քա­ղա­քի դռնե­րը: Թատ­մո­րը կամ Փալ­մի­րան ԻՒ­ՆԷՍ­ՔՕ-ի կող­մէ հաս­տա­տուած սու­րիա­կան պատ­մա­կան քա­ղաք­նե­րու ցու­ցա­կին վե­ցե­րորդն է:

Շաբաթ, Մայիս 23, 2015

«Եւ­րո­տե­սիլ 2015» մրցոյ­թը այ­սօր ե­րե­կո­յեան տե­ղի կ՚ու­նե­նայ Վիեն­նա­յի մէջ։ Հա­յաս­տա­նի ա­նու­նով մրցոյ­թին կը մաս­նակ­ցի «Genealogy» խում­բը, որ հան­դէս կու գայ վե­ցե­րորդ կար­գի վրայ։

Ուրբաթ, Մայիս 22, 2015

Խոր ցա­ւով վե­րա­հա­սու ե­ղանք, թէ ի Տէր հան­գած է Մե­ծի Տանն Կի­լի­կիոյ Կա­թո­ղի­կո­սու­թեան ե­րի­ցա­գոյն միա­բան­նե­րէն Տ. Կո­րիւն Արք. Պա­պեան։

Ուրբաթ, Մայիս 22, 2015

Պա­քուի մօտ Ա­մե­րի­կա­յի Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու դես­պան Ռա­պըրթ Սե­քու­թա յայ­տա­րա­րեց, որ իր եր­կի­րը, ըլ­լա­լով ԵԱՀԿ-ի Մինս­քեան խմբա­կի ան­դամ, ջան­քեր կը գոր­ծադ­րէ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հա­կա­մար­տու­թեան կար­գա­ւոր­ման հա­մար։ «Ներ­կա­յիս մենք կը շա­րու­նա­կենք աշ­խա­տիլ այդ ուղ­ղու­թեամբ», ը­սաւ ա­մե­րի­կա­ցի դես­պա­նը եւ ա­ւել­ցուց, թէ միջ­նորդ­նե­րը բա­նակ­ցու­թիւն­ներ կը վա­րեն Հա­յաս­տա­նի եւ Ատր­պէյ­ճա­նի ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թիւն­նե­րուն հետ՝ այս տա­րի նա­խա­գահ­նե­րու մա­կար­դա­կով հան­դի­պում մը կազ­մա­կեր­պե­լու ա­ռա­ջադ­րու­թեամբ։

Ուրբաթ, Մայիս 22, 2015

Հա­յաս­տա­նի Վար­չա­պետ Յո­վիկ Աբ­րա­հա­մեան նա­խըն­թաց օր Ե­րե­ւա­նի մէջ հան­դի­պում մը ու­նե­ցաւ ար­ժան­թի­նա­հայ յայտ­նի գոր­ծա­րար ու բա­րե­րար Է­տուար­տօ Էր­նէ­քեա­նի հետ։ Պաշ­տօ­նա­կան աղ­բիւր­նե­րու հա­ղոր­դում­նե­րով, տե­սակ­ցու­թեան ըն­թաց­քին Յո­վիկ Աբ­րա­հա­մեան բարձր գնա­հա­տեց երկ­րի տնտե­սու­թեան բնա­գա­ւա­ռէն ներս Էր­նէ­քեա­նի կող­մէ ծա­ւա­լուած գոր­ծու­նէու­թիւ­նը։

Ուրբաթ, Մայիս 22, 2015

Ո­ՒԷ­ՖԱ-ի նա­խա­գահ Մի­շէլ Փլա­թի­նի ե­րէկ միօ­րեայ այ­ցե­լու­թիւն մը տուաւ Ե­րե­ւան։ Այս կար­ճա­տեւ շփում­նե­րուն շրջագ­ծով ան հիւ­րըն­կա­լուե­ցաւ Հա­յաս­տա­նի Ֆութ­պո­լի դաշ­նակ­ցու­թեան նա­խա­գահ Ռու­բէն Հայ­րա­պե­տեա­նի կող­մէ։ Փլա­թի­նի յա­տուկ թռիչ­քով մը Ե­րե­ւան մեկ­նե­ցաւ իր այս ան­պաշ­տօն այ­ցե­լու­թեան հա­մար։

Ուրբաթ, Մայիս 22, 2015

Պատ­մու­թեան հիմ­նար­կին (Tarih Vakfı) նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ 2015-ի տա­րե­լի­ցին շրջագ­ծով կազ­մա­կերպուած Հինգ­շաբ­թիի զրոյց­նե­րու շար­քը ե­րէկ ե­րե­կո­յեան հա­սաւ իր ա­ւար­տին։ Եզ­րա­փա­կիչ այս ձեռ­նար­կին ներ­կայ էին Պատ­մու­թեան հիմ­նար­կի նա­խա­գահ Փրոֆ. Պիւ­լենտ Պիլ­մէզ, ինչ­պէս նաեւ այս զրոյց­նե­րու շար­քի ծրա­գի­րը հա­մա­կար­գած եր­կու ա­նուն­նե­րը՝ Կիւ­վէն Կիւր­քան Էօզ­թան եւ Էօ­մէր Թու­րան։

Ուրբաթ, Մայիս 22, 2015

Հա­յաս­տա­նի կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը կը շա­րու­նա­կէ ան­մի­ջա­կան ու­շադ­րու­թեան կեդ­րո­նին պա­հել Սու­րիոյ հա­յու­թիւ­նը, որ ա­ղի­տա­լի պայ­ման­նե­րու են­թար­կուած է այդ երկ­րի ներ­քին պա­տե­րազ­մի մթնո­լոր­տին մէջ։ «Ար­մէնփ­րէս»ի հա­ղոր­դում­նե­րով, Հա­յաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Ե­դուարդ Նալ­պան­տեան յա­ռա­ջի­կա­յին պի­տի այ­ցե­լէ Սու­րիա։ Վար­չա­պետ Յո­վիկ Աբ­րա­հա­մեա­նի յանձ­նա­րա­րու­թեան զու­գա­հեռ պի­տի ի­րա­կա­նա­ցուի այս ու­ղե­ւո­րու­թիւ­նը՝ ծա­նօ­թա­նա­լու հա­մար ի­րա­վի­ճա­կին ու մա­նա­ւանդ տեղ­ւոյն վրայ ճշդե­լու հա­մար սու­րիա­հա­յու­թեան խնդիր­ներն ու կա­րիք­նե­րը։

Ուրբաթ, Մայիս 22, 2015

​Հայաստանի Հանրապետութեան աւագ դատախազը անդրադարձաւ Տողու Փերիչէքի գործին:
Ըստ Գէորգ Կոստանեանի, հայկական հարցը առաջին անգամ քննարկուեցաւ իրաւական հարթութեան վրայ:

Ուրբաթ, Մայիս 22, 2015

Սերժ Սարգսեան. «Եւրոպական օրակարգը կը մնայ Երեւանի արտաքին քաղաքականութեան առաջնահերթութիւններու շարքին»:
Եւրոմիութեան Արեւելեան գործընկերութեան Ռիկայի գագաթաժողովին շրջագծով բուն իրադարձութիւնները տեղի կ՚ունենան այսօր:

Ուրբաթ, Մայիս 22, 2015

Թոփ­գա­բուի Լե­ւոն-Վար­դու­հեան վար­ժա­րա­նի ա­շա­կերտ­նե­րը ե­րէկ ո­գե­ւոր օր մը ապ­րե­ցան՝ դպրո­ցէն ներս կազ­մա­կեր­պուած բա­նաս­տեղ­ծու­թեան եւ ե­րաժշ­տու­թեան փա­ռա­տօ­նին առ­թիւ։ Թա­ղի Ս. Նի­կո­ղա­յոս ե­կե­ղեց­ւոյ յա­րա­կից «Իլգգան» սրա­հին մէջ կեան­քի կո­չուե­ցաւ օ­րուան յայ­տա­գի­րը։

Ուրբաթ, Մայիս 22, 2015

Է­սաեան սա­նուց միու­թեան վար­չու­թեան նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ ե­րէկ պտոյտ մը կազ­մա­կեր­պուե­ցաւ դէ­պի Պահ­չէ­գիւղ։ Տեղ­ւոյն զբօ­սա­րան­նե­րէն մէ­կուն մէջ մե­ծա­մաս­նու­թիւ­նը Է­սաեան վար­ժա­րա­նէ շրջա­նա­ւարտ խումբ մը տի­կին­ներ ան­ցու­ցին հա­ճե­լի օր մը։

Էջեր