Արխիւ
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ
Մեր ժամանակներուն՝ արագընթաց զարգացող ընկերութեան մէջ, մարդը անընդհատ կը կանգնի ընտրութիւններու առջեւ, նոյնիսկ ամենապարզ հարցերու շուրջ։ Երբ խօսքը կը վերաբերի գիտելիքի ստացման՝ գիրք կարդալն ու ձայնագիր գիրք ունկնդրելը դարձած են ժամանակակից ուսումնական գործիքներ։
Երէկ, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հեռախօսազրոյցներ ունեցաւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի եւ վարչապետ Միխայիլ Միշուսթինի հետ, որոնք շնորհաւորեցին իր ծննդեան տարեդարձը։
ՍԵՒԱՆ ՍԵՄԷՐՃԵԱՆ
-«Թելեֆոն»ս ե՞րբ պիտի տաս, հարցուց տղաս։
-Վաղը, վերջին քննութիւնը յանձնելէդ վերջ։
-Հիմա ալ կրնաս տալ. «սայընս»ը շատ դիւրին է, արդէն սորված եմ։
-Վաղը…
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Լիզպոնի «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկի Հայկական համայնքներու բաժանմունքի ղեկավար տքթ. Ռազմիկ Փանոսեանի ընդհանուր արժեւորումները - 1
Հաւատալ սփիւռքին, զարգացնել քննական միտք:
«Մեր ծրագիրներու կիզակէտին է լեզուն, կը խրախուսենք նաեւ հետազօտական աշխատանքն ու գաղափարական շինիչ բանավէճեր՝ սովորական ձեւով վերլուծութիւններէ անդին»:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Աստուծոյ «Հայր» անունով կոչուիլը յայտնի է բազմաթիւ կրօններու մօտ։ Աստուածութիւնը յաճախ դիտուած է իբր «հայր աստուածներու եւ մարդոց»։ Իսրայէլի մօտ Աստուած կոչուած է «Հայր» իբրեւ «Արարիչ» աշխարհի. (Բ ՕՐ. ԼԲ 6), (ՄԱՂ. Բ 10)։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Մի քանի օրեր առաջ տեղի ունեցած իրադարձութիւնները ցոյց տուին, որ Հայաստան կը շարունակէ գտնուիլ հոն՝ ուր որ էր գրեթէ դար մը առաջ։ Ժողովրդական առածը կ՚ըսէ. «Էշը մէ՛կ անգամ փոսի մէջ կ՚իյնայ», սակայն, մենք նոյն փոսին մէջ ո՛չ թէ մէկ կամ երկու, այլ մի քանի տասնեակ անգամ ինկած ու դարձեալ կը շարունակենք իյնալ, որովհետեւ խելացի մարդը նոյն սխալը երկու անգամ չի՛ կրկներ. մենք կարծես էշի չափ ալ չկանք:
Պատրաստեց՝ ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Ներկայ դարը կարելի է կոչել Տիրապետութեան դար, նկատի ունենալով հսկայ եւ զօրաւոր պետութիւններու մնայուն պայքարը՝ քաղաքական, ռազմական, տնտեսական, մշակութային եւ ընկերային գետիններու վրայ: Մեր թուականութենէն շուրջ 117 տարիներ առաջ, տիրապետութեան մասին թերթիս Ընկերային հարցեր վերնագրուած բաժինին մէջ՝ «Տիրապետութեան ոգին» խորագիրը կրող գրութիւն մը ունի Ռուբէն Զարդարեանը, ուր անդրադարձ կատարելէ ետք տիրապետութեան ինչութեան, կը խօսի նաեւ այդ տարիներուն Թուրքիոյ մէջ տիրող վիճակին մասին:
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսը ընդունուեցաւ Յունաստանի վարչապետ Քիրիաքոս Միցոթաքիսի կողմէ:
Արամ Ա. փոխանցեց Լիբանանի նախագահին եւ վարչապետին ողջոյնները՝ անդրադառնալով Մերձաւոր Արեւելքի կացութեան:
Մատաղ սերունդին ժամանակակից միջավայրով ժամանց ապահովելու ուղղեալ կարեւոր նախաձեռնութիւն:
Մայրաքաղաքին եւ բնակիչներուն համար յատկանշական նուէր՝ Հայաստանի «Կերոն» զարգացման հիմնադրամին կողմէ:
Ճաշուա Հաք Պաքուի մէջ Ճէյհուն Պայրամովի հետ արծարծեց Հայաստան-Ատրպէյճան հաշտութիւնը:
Ուաշինկթըն-Երեւան առանցքին վրայ միշտ կը քննարկուի Անգարայի հետ յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացը:
Արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան, որ Մոսկուայէ վերջ երէկ շփումներ ունեցաւ Քիեւի մէջ, ամենաբարձր մակարդակի վրայ հիւրընկալուեցաւ Ուքրայնայի ղեկավարութեան կողմէ։ Նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքիի առընթեր, ան մէկտեղուեցաւ պետական աւագանիէն յառաջատար դէմքերու հետ։
Տատեան վարժարանէն ներս նախընթաց օր կազմակերպուած երգի եւ պարի հանդիսութիւնը մեծ խանդավառութիւն առթեց Պաքըրգիւղի ընտանիքին։ Արի Պարութօղլուի եւ Նարօտ Կիւլէչի հսկողութեան ներքեւ պատրաստուած ծրագիր մըն էր այս մէկը, որ կեանքի կոչուեցաւ դպրոցի «Տիգրան Կիւլմէզկիլ» հանդիսասրահին մէջ։
Եշիլգիւղի վարժարանին մէջ նախընթաց օր տեղի ունեցաւ անմահ գրող Զապէլ Եսայեանի յիշատակին ձօնուած հանդիսութիւն մը, որ մեծ խանդավառութեան առիթ դարձաւ։ Գրական այս ծրագիրը համախմբեց հոծ թիւով հիւրեր, որոնք ամբողջութեամբ լեցուցած էին սրահը եւ որոնց շարքին էին Եշիլգիւղի ընտանիքէն վարիչներ։
Ֆէրիգիւղի «Նազար Շիրինօղլու» սրահին մէջ երէկ տեղի ունեցաւ միջվարժարանային հաւաքոյթ մը։ Պոլսահայ զանազան դպրոցներու հինգերորդ եւ վեցերորդ դասարաններու աշակերտները համախմբուեցան՝ Ֆէրիգիւղի ընտանիքի հիւրընկալմամբ։
Օրթագիւղի ընտանիքին տեսակէտէ երէկուան օրը նշանաւորուեցաւ՝ թաղի Թարգմանչաց վարժարանի լուսանկարչութեան ակումբի աշակերտներու ցուցահանդէսով։ «Մեր Իսթանպուլը» խորագրեալ այս ցուցահանդէսով ներկայացուեցան՝ լուսանկարչութեան ակումբի աշխատանքներուն մասնակից աշակերտներու կողմէ նկարահանուած դրուագները։
ՏԻԳՐԱՆ ԳԱԲՈՅԵԱՆ
Ներկայ դարը, ինչպէս բոլոր ժամանակաշրջաններու սահմանման բովանդակութիւնները՝ ըստ մարդկային զարգացման, ընթացքին ու բազմաթիւ չափանիշներու, կը տարբերի իր արագութեամբ, արհեստագիտական յեղաշրջումներով, մշակութային այսպէս ըսած՝ յորդուն, բաց, լրացուող, անմիջական ու կիրառուող կենսագործութեամբ:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Տխուր իրականութիւն է, անշուշտ, որ յատկապէս աւանդական անուանուած հայագաղութներուն մէջ սերունդներու եւ սերնդափոխութեան մեծ, նոյնիսկ ահեղ պայքար մը գոյութիւն ունի։ Հինը, երբեք պիտի չուզէր, որ նորը գայ…
ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
Մեր ապրած այս երկրի օրինաւոր բոլոր հպատակներուն համար, գոնէ 5-6 տարին անգամ մը, դատարաններէն ներս «երդուեալներու» խումբի անդամ դառնալը իրենց քաղաքացիական պարտականութեան մաս կը կազմէ: Այլ խօսքով՝ «Ճիւրի Տիյութի»ի:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մարդը ինքն է ամբողջ տնտեսական եւ ընկերային կեանքին հեղինակը, կեդրոնը եւ նպատակը։ Ընկերային հարցը վճռողը այն է, որ Աստուծոյ կողմէ բոլորին համար ստեղծուած բարիքները իսկապէս հասնին բոլորին՝ արդար եւ հաւասարակշռեալ չափով եւ եղբայրսիրութեան նպաստով։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Այնպէս ինչպէս կեանքը, ուրախութիւնը, սէրը եւ այլ երեւոյթներ, նոյնպէս ցաւը փիլիսոփաներու ուշադրութեան կեդրոնը եղած է. օրինակ՝ Պուտտայական կրօնը իր ուսուցումներուն մէջ կը շեշտէ հետեւեալը. «Ցաւը անխուսափելի է». կին ըլլաս թէ տղամարդ, մեծ թէ փոքր, հարուստ թէ աղքատ, տգէտ թէ իմաստուն, առողջ թէ հիւանդ՝ ցաւը անխուսափելի է, թէ՛ ֆիզիքական եւ թէ հոգեբանական իմաստով: