Արխիւ
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
«Ով ինչ բան որ կը սիրէ, ատոր մասին կ՚ուզէ խօսիլ, ինչը ետքէն ալ սովորութիւն կը դառնայ»
Այսօրուան մարդը մնայուն վազքի մէջ է: Անոր կեանքը վերածուած է անդադրում ընթացքի մը՝ ուսումի, աշխատանքի, նոր յայտնաբերումներու, հանգիստի, պտոյտի եւ այլն:
ՏԻԳՐԱՆ ԳԱԲՈՅԵԱՆ
Ութսունական եւ իննսունական թուականները նշանաւոր են զանազան ժանրերու մէջ արեւմտեան երգերու վերելքով. օրինակ՝ փոփ (ժողովրդայինը), ռաք եւ այլն, որոնք գլուխ գործոցներ ունեցան: Այդ երկու տասնամեակները արտադրեցին հիանալի երգիչներ ու խումբեր, որոնք տուին մեծ գործեր՝ հարստացնելով ո՛չ միայն արեւմտեան երաժշտութիւնը, այլ միջազգայինն ալ:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Տքթ. Հրաչ Չիլինկիրեանի վերջին յօդուածը կարդալով՝ սփիւռքի առկայ մարտահրաւէրներուն մասին:
Շարունակականութիւնը կ՚ապահովէ երիտասարդութիւնը, որ կը բերէ վաղուան ձայնը, վաղուան ռիթմը եւ վաղուան տեսլականը:
Պատրաստեց՝ ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Նախորդող երկու շաբաթ օրերու գրութիւններով ներկայացուցինք երանաշնորհ Բաբգէն Աթոռակից Կաթողիկոսի կեանքն ու գործունէութիւնը, ինչպէս նաեւ մեր սիրելի ընթերցողներուն ներկայցուցինք փունջ մը իր մտածումներէն:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Հաւատացեալին համար յստակ է, որ Քրիստոս փրկի՛չ է, բայց Ան ճշմարտապէս Տէ՞ր է։ Եթէ Ան «Տէր» չըլլայ, ապա ուրեմն Ան փրկիչ չէ։ Բանականութեան բնական հետեւանքն է ասիկա։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Արաբ բանաստեղծին երկրորդ «վա՜յ»ը ամբողջութեամբ հայկական է. «վա՜յ»՝ որ դարեր շարունակ հայ ժողովուրդը չկրցաւ հասկնալ ու սորվիլ.
«Վա՜յ այն ազգին, որ կը հագնի ա՛յն ինչ որ ինք չէ հիւսած, եւ կ՚ուտէ ա՛յն ինչ որ ինք չէ ցանած եւ կը խմէ ա՛յն ինչ որ ինք չէ քամած»:
Ուաշինկթըն եւ Մոսկուա այս շրջանին հետեւողականօրէն շփման մէջ կը մնան՝ համաշխարհային անվտանգութեան օրակարգի առանցքային խնդիրներուն շուրջ։ Երէկ, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի յատուկ ներկայացուցիչ Սթիվ Ուիթքոֆ եւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի յատուկ ներկայացուցիչ Քիրիլ Տիմիթրիեւ հանդիպում մը ունեցան Ուաշինկթընի մէջ։
Երեւան-Պրիւքսէլ առանցքը կը շարունակէ մնալ բանուկ։ Երէկ, Եւրոմիութեան Հարաւային Կովկասի գծով յատուկ ներկայացուցիչ Մակտալենա Կրոնօ հիւրընկալուեցաւ Հայաստանի ղեկավարութեան կողմէ։
Անգարայի եւ Պրիւքսէլի միջեւ յարաբերութիւններու ձիւնահալը կը ցոլանայ նաեւ տնտեսութեան բնագաւառին վրայ։ Երէկ, Պրիւքսէլի մէջ տեղի ունեցաւ Թուրքիա-Եւրոմիութիւն Բարձր մակարդակի տնտեսական երկխօսութեան ժողովը։
Հայաստան եւ Ռուսաստան կը յաջողին պահպանել իրենց քաղաքական երկխօսութեան բարձր մակարդակը:
Որպէս դաշնակից ու ռազմավարական գործընկեր՝ Երեւան եւ Մոսկուա օրակարգի բոլոր հարցերը կը քննարկեն անկեղծ ու բաց:
Երէկ, Պրիւքսէլի մէջ տեղի ունեցաւ ՆԱԹՕ-ի անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներուն ժողովը։ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղար Մարքօ Ռուպիօ այս առթիւ կարեւոր երաշխիքներ տուաւ դաշնակիցներուն։
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց «Դանիական-հայկական բարեգործական առաքելութիւն» հասարակական կազմակերպութեան ատենապետ Հ. Մայքըլ Թոմսէնն ու հոգաբարձուներու խորհուրդի անդամները, որոնց ընկերացաւ նոյն կառոյցի գործադիր տնօրէն Արշաւիր Գաբուճեանը։
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
«…Առաջինը յատուկ է բոլորին, իսկ միւսը՝ կատարեալներուն եւ Աստուծոյ միացածներուն»
Քրիստոնեայ հաւատացեալներէն շատերուն մօտ կայ սխալ այն կարծիքը, թէ մարդ միշտ ուրախութեան մէջ պէտք է ըլլայ, հեռու տրտմութենէ, նեղութիւններէ եւ դժուարութիւններէ, հեռու փորձութիւններէ եւ հիւանդութիւններէ:
Պոլսահայ սանուց միութիւններու համատեղ կարեւոր ծրագիրներէն գիտական մրցոյթը այս տարի եւս արձանագրեց փայլուն յաջողութիւն։ Ֆէրիգիւղի Մէրամէթճեան սանուց միութեան հիւրընկալմամբ, երէկ երեկոյեան, թաղի «Շիրինօղլու» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ մրցաշարքի աւարտականը։
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ
Ճնշիչ հանդուրժողականութիւնը ընդունումն է ընկերային եւ կառավարական գործադրութիւններու եւ քաղաքականութեան, որոնք կը սահմանափակեն ազատութիւնը բացարձակ ձեւով։ Ֆրանքֆուրթի դպրոցի տեսաբան, ընկերաբան եւ փիլիսոփայ Հերպերթ Մարքուզէ այս սահմանումը յօրինած է «Մաքուր հանդուրժողականութեան քննադատութիւն» (1965) գիրքին համար, զոր ան հեղինակած է Ռոպերթ Վոլֆի եւ Պերինկթըն Մուրի հետ։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Շրջահայեցութիւնը ճշմարտութեան հասնելու, եթէ ոչ միակ, բայց անհրաժեշտ, առաջնակարգ պայմաններէն մին է։ Ճշմարտութիւնը իրականութենէն զանազանող միջոցն է, իրադարձութեան մը, կամ դէպքի մը, երեւոյթի մը նայիլ զանազան տեսանկիւններէ, բազմաթիւ կողմերէ։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի «Վա՜յ»երն ու «Երանի՜»ները մեր ազգին հետ անմիջական ի՞նչ կապ ունի՝ չեմ կրնար ըսել, սակայն, կրնամ ըսել, որ յայտնի արաբ գրող եւ բանաստեղծ Ճպրան Խալալիլ Ճպրանի «Ինը վայեր»ը գրուած է մեր ազգին համար եւ եթէ բանաստեղծին ազգութիւնը ծանօթ չըլլար, նոյնիսկ կրնայի կասկածիլ, որ ազգութեամբ հայ մը եղած է:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Մեղքի մասին տարբեր ընկալումներ եւ հասկացողութիւններ կան: Կան յստակ բացատրութիւններ մեղքի ինչութեան մասին, կան այլ բացատրութիւններ, որոնք քօղարկուած կերպով կը փորձեն թեթեւցնել մեղքի ծանրութիւնը եւ դաժանութիւնը:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Պոլսահայ գրող Մատթէոս Զարիֆեանի (1894-1924թթ.) նամակները անոր քերթուածներուն, օրագրութեան ու արձակ էջերուն հետ ամբողջութիւն կը կազմեն եւ նոյնպէս կը բացայայտեն բանաստեղծի նուրբ եւ անկեղծ էութիւնը։
Արաբերէնէ թարգմանեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Այսօր մեր սիրելի ընթերցողներուն պիտի ներկայացնենք մտածումներու փունջ մը, սուրիացի գրագիտուհի, բանաստեղծ եւ հեքիաթագիր՝ Քոլէթ Խուրիէն, որ ծնած է 1931-ին:
- Բոլորս ալ մարդիկ ենք. մեր մէջի զօրաւորները անոնք են, որոնք կ՚արժեւորեն այն բանը՝ որ ունին, անոնք են՝ որոնք կը ճաշակեն երջանկութիւնը՝ ապրելով զայն, ո՛չ թէ անոնք են, որոնք առիթը կորսնցնելէ ետք, անցնելէ ետք կը զղջան