Արխիւ
ՏԻԳՐԱՆ ԳԱԲՈՅԵԱՆ
Հաւանաբար խորհուրդ խորին մը չպարունակէ այս պատմութիւնը, սակայն, էութեանս մէջ հետք ձգած է զայն ու որոշած էի գրել անոր մասին:
Ձեւով մը կեանքի քաղցրութիւնները պեղելու մեր ջանքերը կը գիտակցուին, երբ վաւերականացման ընթացքի մը կը յանձնենք մենք մեզ, ինչքան ալ մեծ կամ փոքր ըլլան կեանքին հետապնդուած նպատակները, հաւանաբար, ամենահիմնականը մեր գոյութեան ու անկէ բխած ինքնութեան վերջնական ձեւին՝ զուարճանալն ու զուարճանք պատճառելն է:
ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
Տարեդարձս՝ կը մօտենայ: Գիտեմ: Լաւ եմ: Թէեւ այլեւս այն չեմ, ինչ որ էի, բայց չեմ ափսոսար, որ այս տարիքիս յիշողութիւնս սկսած է դաւաճանել եւ անցեալս կորսնցնել: Բայց միշտ կը փորձեմ վերադառնալ ես ինծի:
Պատրաստեց՝ ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Անցեալ շաբաթ ներկայացուցինք Աշոտ Մատաթեանի կեանքն ու գործունէութիւնը: Այսօր, մեր սիրելի ընթերցողներուն պիտի ներկայացնենք Մատաթեանի գրութիւններէն հատուածներ:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Կը պատմուի, թէ երբ բարին Աստուած հայրերը կը ստեղծէր, Ան սկսաւ բարձրահասակ կերպարով մը։ Մօտը գտնուող հրեշտակ մը՝ որ զԻնք կը դիտէր, ըսաւ. «Այդ ի՞նչ տեսակ հայր մըն է, երբ երեխաները փոքր պիտի ստեղծես, ինչո՞ւ հայրը այդքան բարձրահասակ ըլլալու է։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Յայտնի փիլիսոփայ Նիցչէ կ՚ըսէ, թէ ան որ իր կեանքին մէջ ունի «ինչու» մը, անպայմանօրէն կը ստեղծէ «ինչպէս»ը եւ մեր մարդկային կեանքը այդ «ինչո՞ւ»ին «ինչպէ՞ս» մը գտնելով կ՚անցնի. ոմանք կը յաջողին իսկ ոմանք ոչ:
Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան մասնակցեցաւ Սարըյէրի քաղաքապետ Օքթայ Աքսույի կողմէ՝ տարեմուտի առթիւ սարքուած ընթրիքին։
Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատիրարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան ընդունեց յայտնի տնտեսագէտ եւ ելմտական վերլուծաբան Շանթ Մանուկեանը։ Գումգաբուի զրոյցի ընթացքին Շանթ Մանուկեան պատրաստակամութիւն յայտնեց իր աջակցութիւնը բերելու Պատիրարքական Աթոռի գործունէութեան։
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին կը շարունակէ դիմագրաւել հալածանքներ: Ներկայ մարտահրաւէրները պայմանաւորուած են Հայաստանի իշխանութիւններուն կողմէ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան թիրախաւորման ծանր դրսեւորումներով՝ ներառեալ Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Մարդկութեան յիշողութեան կարմիր էջերը մերօրեայ սուր դրուագներով կը վերակենդանանան -1
Վախի գրգիռներ դուրս կու գան մարդոց ռունգերէն՝ մինչեւ ատամները զինուած զինուորներու դէմ յանդիման:
Երէկ, Տաւոսի մէջ, Համաշխարհային տնտեսական ֆորումի շրջանակներէն ներս տեղի ունեցաւ միջազգային կարեւոր իրադարձութիւն մը։ Այսպէս, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի նախաձեռնութեամբ ստեղծուած՝ Խաղաղութեան խորհուրդի կանոնադրութեան ստորագրման հանդիսաւոր արարողութիւնը արժանացաւ միջազգային անմիջական ուշադրութեան։
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ
Աշխարհ այսօր արագ կ՚անցնի մեր աչքերուն առջեւէն։ Ամէն օր նոր ձայն մը, նոր աղմուկ մը, նոր վէրք մը կը բացուի մարդկային հոգիին մէջ։ Մենք կ՚ապրինք ժամանակի մը մէջ, ուր բառերը շատ են, բայց, լռութիւնը աւելի խոր։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Քրիստոսի Մարմինին եւ Արեան «հաց»ի եւ «գինի»ի փոխակերպումով է, որ Քրիստոս ներկա՛յ կ՚ըլլայ Ս. Պատարագի սուրբ խորհուրդին մէջ։ Եկեղեցւոյ հայրերը ամուր կերպով դաւանած ե, թէ Եկեղեցին կը հաւատայ Քրիստոսի Խօսքին արդիւնաւորութեան եւ Սուրբ Հոգիին ներգործութեան՝ այս փոխակերպումը կատարելու մէջ։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Շատեր կը հաւատան, որ հարստանալու հնարաւորութիւնը ոմանց մենաշնորհն է, սակայն, «Հարստանալու գիտութիւն»ը գիրքին հեղինակը՝ Ուալընս Ուաթլըս կը հաւատայ, որ հնարաւորութիւնը դրուած է մարդոց դիմաց. այո, ժամանակները կը փոխեն հնարաւորութեան ձեւերն ու տեսակները, սակայն, զանոնք չեն վերացներ։
Հայ Երուսաղէմը համակուած է Սուրբ Ծնունդի տաղաւարի հոգեւոր ուրախութեան եւ հրճուանքի մթնոլորտով։ Ըստ ընկալեալ սովորութեան՝ Սուրբ Երկրէն ներս Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին Հին տոմարի հիման վրայ կը նշէ Սուրբ Ծնունդի եւ Աստուածայայտնութեան տաղաւարը։
Չինաստան կը պատրաստուի կառուցել աշխարհի ամենամեծ արեւային ելեկտրակայանը, որ պիտի տեղակայուի Թիպեթի սարահարթին մէջ։ Այդ մէկը պիտի զբաղեցնէ 610 քառակուսի քիլօմեթր տարածք, ինչ որ համարժէք է Շիքակոյի չափին։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Սփիւռքի ինքնութեան մարտահրաւէրները. հին ու նոր բազմակողմանի հարցումներ տեսլականի մասին:
Առկայ թիւ մէկ խնդիրն է ապագայի ռազմավարութեան մը կերտումը՝ հաշուի առնելով Հայաստանի իրական ներուժը:
Այսօր, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան աշխատանքային այցելութեամբ կը գտնուի Զուիցերիոյ մէջ։ Տաւոսի համաշխարհային տնտեսական ֆորումի շրջանակներէն ներս, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի հրաուէրին ընդառաջ, Նիկոլ Փաշինեան մասնակցութիւն կը բերէ «Խաղաղութեան խորհուրդի» կանոնադրութեան ստորագրման հանդիսաւոր արարողութեան՝ որպէս հիմնադիր անդամ։
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Թլկատինցիի (Յովհաննէս Յարութիւնեան) «Ո՞վ աղօթէր» պատմուածքը պատմութիւն մըն է վարդապետի մը մասին, որ հիւանդութեան պատրուակով կը տեղափոխուի եղբօր տունը եւ երկար ժամանակ կը մնայ հոն՝ ընտանիքին անսահման խնամքին ու զոհողութիւններուն տակ ապրելով։
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Այսօր մեր սիրելի ընթերցողներուն պիտի ներկայացնենք Կոմիտաս Վարդապետէն գրութիւն մը, որ որպէս դասախօսութիւն կարդացած է 1912 թուականի ամրան, Էսաեան վարժարանէն ներս՝ «Պարն ու մանուկը» նիւթին շուրջ:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Խոնարհ եւ համեստ խաւերու մէջ երբեմն մարդ կրնայ հանդիպիլ այն տեսակ պատուական-ազնիւ տիպարներու՝ որոնց նմանը շատ անգամ չի յաջողիր գտնել ընկերային աւելի բարձր խաւերու մէջ։