Արխիւ
Թերթիս աշխատակիցներէն բանասէր Վարանդ Քորթմոսեան, որ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի խմբագրութեան հրաւէրին ընդառաջ շուրջ երկու շաբաթ այցելեց քաղաքս, արդէն վերադարձաւ Երեւան։ Նախընթաց օր Իսթանպուլ-Երեւան ուղիղ թռիչքը առնելով ան մեկնեցաւ եւ արդէն վերադարձած է իր պաշտօնին գլուխը՝ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Քրիստոնէական դաստիարակութեան կեդրոնէն ներս։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Ի՞նչ զարագացումներու սպասել. արդեօք Մերձաւոր Արեւելքի պայթուցիկ մեծ տակառը ամբողջապէս կրնա՞յ պայթիլ։
Այս հարցադրումը վերջին օրերուն հիմնական օրակարգի կը վերածուէր, երբ Պաղեստին-Իսրայէլ հակամարտութեան ծիրին մէջ տեղի կ՚ունենային զարգացումներ։
ՇԱՀԱՆ ԳԱՆՏԱՀԱՐԵԱՆ
Իրանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը կը յայտնէ, որ երկիրը յառաջընթաց արձանագրած է հիւլէական համաձայնագիրին վերաբերեալ վերջին բանակցութիւններուն: Թեհրան գրաւոր պատասխան տուած է Եւրոպական Միութեան կողմէ այս հարցերը համակարգողին:
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ռուսաստանի վարչապետ Միխայիլ Միշուսթինի հետ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, վարչապետները քննարկեցին տնտեսական համագործակցութեան վերաբերեալ հարցեր։
ԱՄՆ կը շարունակէ խրախուսել Հայաստան-Ատրպէյճան համապարփակ խաղաղութեան հաստատումը:
Պետական քարտուղարութեան բանբեր Նետ Փրայս յայտարարեց, որ լարուածութեան աճը ի յայտ բերաւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի մնացեալ հարցերու բանակցային ճանապարհով կարգաւորման անհրաժեշտութիւնը:
Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Իսրայէլի վարչապետ Եաիր Լափիտի հետ։ Հարկ է նշել, որ 4 տարուան ընդհատումէ մը վերջ երկու երկիրները որոշած են փոխադարձաբար դեսպաններ նշանակել։
Ըստ Փաշինեանի, տեսագրութիւններուն մէջ երեւելի են դէպքէն առաջ ծուխ եւ խոյս տուող մարդիկ:
Հայաստանի կառավարութեան անդամները յարգանքի լռութիւն պահեցին «Սուրմալու»ի պայթումի զոհերուն համար:
Թուրքիոյ Հանրապետութեան հայազգի քաղաքացի մը առաջին անգամ գաւառապետ նշանակուեցաւ։ Հանրապետական շրջանին կտրուածքով այս մէկը աննախընթաց կարգադրութիւն մըն է։
Գնալը կղզիի մէջ կը շարունակուի «Մենք երգենք, մենք պարենք» երիտասարդական համերգաշարը, որ կեանքի կը կոչուի Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի հովանաւորութեամբ եւ օրհնութեամբ։
Համայնքային շրջանակներէն ներս ուշադրութեան առարկայ մնալ կը շարունակէ Օրթագիւղի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդին կողմէ առնուած քայլը, որով ինքնագլուխ եւ սահմանափակ մասնակցութեամբ ընտրութեան ձեռնարկելու ճանապարհը որդեգրուած է։ Թուրքիոյ ոչ-իսլամ փոքրամասնութեանց համայնքային վաքըֆներու ընտրութեան նոր կանոնադրութեամբ հաստատուած է շրջանային համակարգ մը։
ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ
Ամէնուր անորոշութիւն է: Սակայն այս յարիր պատճառ մը չէ Հայաստանի մէջ անորոշութիւն մտցնելու համար: Անորոշութիւնը անյքան խոր արմատներ ձգեց, որ մարդ ստիպուած կ՚ապրի ներկայ շարունակական ժամանակով:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Երեւանի մէջ հանդիպում-զրոյց մը ունեցանք հայազգի մտաւորական, բժիշկ, արեւմտահայերէնի պահպանման եւ տարածման անխոնջ մշակ Յակոբ Այնթապլեանին հետ:
ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
Տարիներ առաջ էր: Տիթրոյիթ կ՚ապրէի: Լաւ կը յիշեմ: Իբրեւ պատասխանատու վարչականներ՝ այս անգամ ես ու Լեւոնն էինք, որ միասին օդանաւով Նիւ Եորք ժողովի մը կ՚երթայինք:
ԲԺԻՇԿ ՎԱՀԱՆ ԱՐԾՐՈՒՆԻ (1904)
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Ժառանգական սիֆիլիսը նաեւ պատճառ կը դառնայ շրթնահերձութեան, այսինքն՝ շրթունքներուն ճեղքուած ըլլալուն:
Բոլորը տեսած կ՚ըլլան երեխաները, որոնց վերին շրթունքը մինչեւ քիթին ծակը ճեղքուած է:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Յաճախ կը հարցուի՝ թէ քանի որ Աստուած բարի է, ապա ուրեմն ինչո՞ւ կ՚արտօնէ չարին։
Արդարեւ, որեւէ կասկած չկայ, որ Աստուած անհունօրէն բարի՛ է եւ Անոր բոլոր գործերը բարի՛ են։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Մտասեւեռ հայեացքներ են դարձեալ այն հողին՝ ուր դեռ երէկ կեանք, իսկ այսօր լքում ու մահ կը բուրէ: Հայեացքերն են հաւատարիմ ա՛յն մարդոց, որոնք այժմ կը տեսնեն անշնչացումը իրենց վաստակին:
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան ցաւակցութիւն յայտնեց Երեւանի «Սուրմալու» առեւտուրի կեդրոնի համալիրէն ներս պատահած պայթումին համար։
ՏՔԹ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ
Սիրելի հայաստանաբնակ հայորդիներ,
Ապրած եմ Լիբանանի պատերազմի արհաւիրքը։ Ապրած եմ «մահուան շուքի ձորի մէջէն» անցնելու փորձառութիւնը։
Երեւանի «Սուրմալու» մեծածախ առեւտուրի կեդրոնի ընդարձակ համալիրէն ներս շաբաթավերջին պատահած սարսափելի պայթումէն վերջ, Հայաստանի եւ Արցախի մէջ հռչակուած է երկօրեայ սուգ։ Այսօր եւ վաղը այսպէսով բոլորը կը յարգեն զոհերու յիշատակը՝ մինչ Հայաստանի արտասահմանեան բոլոր դիւանագիտական ներկայացուցչութիւններուն մէջ բացուած են սգոյ տոմարներ։
ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ
-Այս ի՞նչ ծուխ է: Մեր տան մօտերը հրդեհ մը բռնկած է: Արեւիկ, չըլլա՞յ դուն տունը հրդեհեցիր, կատակով հարցուց Արին: