Արխիւ

Շաբաթ, Յունուար 30, 2021

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Վերջին մի քանի ամիսները մեր համազգային կեանքին մէջ անորոշութեան, հիասթափութեան եւ յուսահատութեան մեծ ալիքներ բարձրացուցին, եւ այսօր մեզմէ շատեր տակաւին չեն կրնար հասկնալ, թէ ի՞նչ պատահեցաւ վերջին մի քանի ամիսներու ընթացքին եւ թէ ի՞նչ պիտի ըլլայ մեր յետագան:

Շաբաթ, Յունուար 30, 2021

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Սուրբ Սարգիս ծնած էր քրիստոնեայ ընտանիքի մը մէջ, Կապադովկեան Կեսարիոյ Գամիրք գաւառին մէջ։ Ան եղած էր զինուորական եւ Կոստանդիանոս կայսրի շրջանին՝ անոր թագաւորութեան միջոցին հասած էր մինչեւ ստարատեգութեան, այսինքն՝ զօրապետութեան, զօրավարի աստիճանին։

Շաբաթ, Յունուար 30, 2021

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի բարձր նախագահութեամբ, Հայաստանի Բանակի օրուան առթիւ, Վաղարշապատ քաղաքի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ երէկ տեղի ունեցաւ Հանրապետական մաղթանք։

Շաբաթ, Յունուար 30, 2021

Երէկ, Շիշլիի գերեզմանատան մէջ հոգեհանգստեան պաշտօն տեղի ունեցաւ բարեյիշատակ Յովհաննէս եւ Մկրտիչ Էսաեան եղբայրներու հոգւոցն ի հանգիստ։ Էսաեան հարազատները ոգեկոչուեցան բիւր յարգանքով։

Շաբաթ, Յունուար 30, 2021

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան, երէկ, ժամը 11.00-ին, Պատրիարքարանի պաշտօնական ընդունարանին մէջ ընդունեց Թուրքիոյ Կաթողիկէ հայոց վիճակաւոր Տ. Լեւոն Արք. Զեքիեանը՝ ընկերակցութեամբ Տ. Աբրահամ Ծ. Վրդ. Ֆրատեանի։ Հանդիպման ներկայ եղան Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեան, Տ. Յովակիմ Աբեղայ Սերովբեան եւ Միջեկեղեցական յարաբերութեանց տեսուչ Տ. Տրդատ Ա. Քհնյ. Ուզունեան։

Շաբաթ, Յունուար 30, 2021

Հայաստանի առկայ քաղաքական տագնապի մթնոլորտին մէջ եռեւեփը կը շարունակուի։ Ամիսներէ ի վեր երկիրը կը մաքառի՝ պատերազմի ծանր հետեւանքներէն ելք մը որոնելով։

Ուրբաթ, Յունուար 29, 2021

Իրանի Արտաքին գործոց նախարար Ճեւատ Զարիֆ այսօր կ՚այցելէ Անգարա, ուր կը հիւրընկալուի Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլուի կողմէ։ Լեռնային Ղարաբաղի լայնածաւալ պատերազմին յաջորդած մթնոլորտին մէջ Ճեւատ Զարիֆ ներկայիս տարածքաշրջանային մեծ ուղեւորութեան մը ձեռնարկած է եւ այդ շրջագայութիւնը կ՚եզրափակուի Թուրքիոյ փուլով։

Ուրբաթ, Յունուար 29, 2021

Վաղը, Մոսկուայի մէջ տեղի պիտի ունենայ Հայաստանի, Ռուսաստանի եւ Ատրպէյճանի փոխ-վարչապետներու հանդիպումը։ Եռակողմանի այս տեսակցութեան Հայաստանէն պիտի մասնակցի փոխ-վարչապետ Մհեր Գրիգորեան։

Ուրբաթ, Յունուար 29, 2021

Հայաստանի նախկին նախագահ Սերժ Սարգսեան վարակուած է քորոնաժահրով։ Երէկ, երբ երկրէն ներս կը նշուէր Բանակի օրը, Սերժ Սարգսեան չայցելեց «Եռաբլուր» զինուորական պանթէոնը, ինչ որ հանրային կարծիքի ուշադրութեան արժանացաւ։

Ուրբաթ, Յունուար 29, 2021

Ֆրանսայի Արտաքին գործոց նախարարութեան պետական քարտուղար Ժան-Պաթիստ լը Մուան երէկ Երեւանի մէջ հանդիպումներ ունեցաւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Արտաքին գործոց նախարար Արա Այվազեանի հետ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Նիկոլ Փաշինեան ֆրանսացի բարձրաստիճան դիւանագէտին հետ քննարկած է տնտեսական համագործակցութեան վերաբերեալ հարցեր։

Ուրբաթ, Յունուար 29, 2021

Հայաստանի դիմագրաւած քաղաքական տագնապի պայմաններուն ներքեւ, յարատեւ բողոքի եւ պոռթկումի բազմաբնոյթ դրսեւորումները կը շարունակուին։ Մասնաւորապէս Երեւանի կեդրոնին միշտ հանրութեան հակազդեցութիւնը շօշափելի կը դառնայ վարչապետ Փաշինեանի իշխանութիւններուն դէմ՝ յետպատերազմեան ծանր իրավիճակին մէջ։

Ուրբաթ, Յունուար 29, 2021

ԱՔ կուսակցութեան Շիշլիի մասնաճիւղի նորընտիր ղեկավարութեան ներկայացուցիչները երէկ այցելեցին ԺԱՄԱՆԱԿ-ի խմբագրատունը:
Կէօքհան Եիւքսէլ եւ իր ընկերները բարձր կը գնահատեն միասնականութեան մթնոլորտի շարունակութիւնը՝ միշտ փոխադարձ բարի կամեցողութեամբ:

Ուրբաթ, Յունուար 29, 2021

Սուրբ Սարգիսի տօնը հայերու մէջ ամենասիրուած տօներէն մէկն է, իսկ Սուրբ Սարգիս զօրավարը հայ ժողովուրդի ամենասիրելի եւ մեծ ժողովրդականութիւն վայելող սուրբը, որուն ժողովուրդը կը դիմէ ջերմեռանդութեամբ եւ խոր հաւատքով՝ ապաւինելով ամենահաս եւ արագահաս սուրբի բարեխօսութեան՝ թէ՛ վտանգի, թէ՛ նեղութեան անել վիճակներէն սուրբ միջոցով ազատելու համար։

Ուրբաթ, Յունուար 29, 2021

Արեւմտեան Եւրոպայի Հայրապետական պատուիրակ եւ Սուրբ Աթոռի (Վատիկան) մօտ Հայ Եկեղեցւոյ մշտական ներկայացուցիչ Տ. Խաժակ Ս. Արք. Պարսամեան, վերջերս հրաւիրուած էր մասնակցիլ կարգ մը միջեկեղեցական արարողութիւններու, որոնք կազմակերպուած էին Քրիստոնեաներու միութեան աղօթքի շաբթուան ծիրէն ներս։

Ուրբաթ, Յունուար 29, 2021

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Գերապատիւ եւ սիրեցեալ Թաթուլ հայր սուրբ,
Ձեր հիւանդութեան լուրերը համատարած տխրութիւն եւ ցաւ ստեղծեցին համայնքէն ներս. կարծես, առանց այդ ալ պակաս ըլլային պատճառները։ Այսպիսի վիճակներու մէջ համայնքը կը վերածուի մեծ ու միասնական ընտանիքի մը, որմէ հասած պատուական զաւակներուն շարքին կը գտնուիք։ 

Ուրբաթ, Յունուար 29, 2021

ԵՐԱՄ

Բաց կապոյտ ինքնաշարժ մը, հին սովետական, կը յառաջանար ձորերուն մէջ։ Պատուհանը բաց էր. տղամարդու արմուկ մըն էր անկէ դուրս։ Բացուեցաւ ծալքը թեւին, դուրս եկաւ ձեռքը, մատներուն միջեւ գլանիկ մը վառ։

Ուրբաթ, Յունուար 29, 2021

ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ

Համակարգիչի պաստառին վրայ պատկերներ կը թերթէ: Բնութեան պատկերներ՝ ծով, ովկիանոս, անտառներ, գետեր, ջրվէժներ, գունեղ երկինք... Կը նշմարէ Հիւսիսային բեւեռներու երկնակամարին գծագրուող հիասքանչ լուսերեւոյթը՝ աւրորան, որ կը կրէ բնութեան բոլոր երանգները եւ կը պարէ սառցապատ լեռներուն կամարին, սպիտակը կը գունաւորէ եւ կարծես կ՚օժտէ զայն բոլոր այն գոյներով, որոնցմէ զրկուած է երկրին այս հատուածը:

Ուրբաթ, Յունուար 29, 2021

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Մարդիկ ընդհանրապէս մէկու մը արժէք կու տան իր արտաքինը նկատի ունենալով, զոր օրինակ, իր ասպարէզին համեմատ եւ շատ անգամ կ՚անտեսեն բուն իսկ «անձ»ը։

Ուրբաթ, Յունուար 29, 2021

Ղալաթիոյ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ երէկ մատուցուեցաւ Ս. Պատարագ՝ ձեռամբ Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեանի, որ խօսեցաւ նաեւ խրատական մը։ Ս. Պատարագի աւարտին կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն, որով ոգեկոչուեցան Կէտիկփաշայի «Հրանդ Տինք» դպրոցի սատարողները։

Հինգշաբթի, Յունուար 28, 2021

Արցախի հայկական կրօնամշակութային ժառանգութեան պահպանման մարտահրաւէրը ներկայիս այժմէական դարձած է ամբողջ հայաշխարհէն ներս։ Ստեղծուած իրավիճակին մէջ բոլորը կը փորձեն իրենց նպաստը բերել այս կարեւոր պայքարին։

Էջեր