Արխիւ
Ս. Վարդանանց տօնին առթիւ, երէկ Ֆէրիգիւղի համանուն եկեղեցւոյ արարողութիւններուն յաջորդած սիրոյ սեղանին ժամանակ նշուեցաւ նաեւ Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեանի ձեռնադրութեան տասնամեակը։ Ան այս փուլին հատեց տարեդարձին առթիւ պատրաստուած կարկանդակը։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ Սրբոց Վարդանանց յիշատակի տօնակատարութիւններուն նախագահեց Ֆէրիգիւղի համանուն եկեղեցւոյ մէջ։ Օրուան պատարագիչն էր Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան։ Ներկայ էին նաեւ բազմաթիւ հոգեւոր հայրեր։
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին երէկ նշեց Սրբոց Վարդանանց տօնը, որու զուգահեռ նաեւ՝ Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի անուանակոչութիւնը, որու առթիւ բոլոր եկեղեցիներուն մէջ տեղի ունեցաւ Հայրապետական մաղթանք։
Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոն երէկ Փարիզի մէջ հիւրընկալեց Գերմանիոյ Քրիստոնեայ-դեմոկրատ միութեան նախագահ Ֆրիտրիխ Մերցը, որու առաջնորդած քաղաքական ուժը շաբաթավերջի ընտրութենէն յաղթական դուրս եկաւ։
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ երէկ Սպիտակ տան մէջ հիւրընկալեց Անգլիոյ վարչապետ Քիր Սթարմըրը, որ պաշտօնական այցելութիւն մը տուաւ Ուաշինկթըն։ Թրամփ-Սթարմըր ժամադրութիւնը զուգադիպեցաւ ճիշդ այն օրուան, երբ ԱՄՆ-ի եւ Ռուսաստանի դիւանագէտները բանակցութիւններ վարեցին Իսթանպուլի մէջ։
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Վահագն Խաչատուրեան, դէպի Պուէնոս Այրէս աշխատանքային այցելութեան ծիրէն ներս, հիւրընկալուեցաւ Արժանթինի նախագահ Խաւիէր Միլէի կողմէ։
Թուրքիոյ օրակարգը երէկ յեղաշրջուեցաւ Ապտուլլահ Էօճալանի պատմական ոճով, որով ան ՓՔՔ ահաբեկչական կազմակերպութիւնը հրաւիրեց զինաթափման եւ ինքնալուծարման։
Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան երէկ ընդունեց Ռուսաստանի Դաշնակցային խորհուրդի նախագահ Վալենթինա Մաթվիէնքոն, որ Անգարայի մէջ հիւրընկալուեցաւ Ազգային մեծ ժողովի նախագահ Նուման Քուրթուլմուշի կողմէ։
ՀՅԴ-ի 35-րդ ընդհանուր ժողովին առթիւ կուսակցութեան պիւրոյի ներկայացուցիչին յայտարարութիւնները:
«Արցախը պէտք է ունենայ միջանկեալ կարգավիճակ եւ հայերը պէտք է վերադառնան միջազգային երաշխիքներով»:
«Տարածաշրջանային ապաշրջափակման լուծումները պէտք է ըլլան փոխադարձութեան սկզբունքի հիմքով»:
Ըստ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի՝ Հայաստանի երկաթուղիի ցանցը ամբողջ մը կը կազմէ Նախիջեւանի հատուածով:
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունեց Տիարպաքըրի Ս. Կիրակոս եկեղեցւոյ ծխական խորհուրդի ատենապետ Էրկիւն Այըքն ու անդամներէն Վոլքան Արատը։
Թոփգաբուի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանին մէջ նախընթաց օր տեղի ունեցաւ Բարեկենդանի հանդիսութիւն մը, որ մեծ խանդավառութեան առիթ դարձաւ։ Դպրոցէն ներս տօնական մթնոլորտ ստեղծուեցաւ։
Պէզճեան Մայր վարժարանի սաները կը շարունակեն յարատեւ յաջողութիւններ արձանագրել մտախաղերու մէջ։ Պէզճեանցիները վերջերս մասնակցեցան «TED Atakent» քոլէճին մէջ կազմակերպուած մտախաղերու։
Գատըգիւղի Արամեան-Ունճեան վարժարանին մէջ վերջին օրերուն հանդէս մը տեղի ունեցաւ՝ Համաշխարհային մայրենի լեզուի օրը, որուն հետ ածանցուած էր նաեւ 19 փետրուարի Գիրք նուիրելու օրը։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի գլխաւորութեամբ երէկ Գումգաբուի մէջ տեղի ունեցաւ կարեւոր խորհրդակցութիւն մը։ Այսպէս, Պատրիարքարան հրաւիրուած էին պոլսահայ կրթական համակարգի վարիչները։
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտարարեց, որ Ուքրայնա կրնայ մոռնալ ՆԱԹՕ-ի անդամակցութիւնը։ Ան այս հանգամանքը ընդգծեց՝ բիւրեղացնելով այն հաւանական զիջումները, որոնք Ռուսաստանին կրնան տրուիլ՝ Ուքրայնայի հակամարտութեան կարգաւորման համար։
Միջազգային յարափոփոխ իրավիճակի պայմաններով՝ Անգարա երբեք անուշադրութեան չի մատներ Հարաւային Կավկասը:
Ֆիտան-Պոչորիշվիլի երէկուան հանդիպումէն վերջ շուտով Թուրքիա-Վրաստան-Ատրպէյճան արտաքին գործոց նախարարներու տեսակցութիւն:
Երեւանի մէջ այս առաւօտ տեղի ունեցաւ՝ Թուրքիա-Հայաստան սահմանի բացման տնտեսական նշանակութեան վերաբերեալ ասուլիս մը։ «Մարիոթ Արմենիա» պանդոկի համալիրէն ներս տեղի ունեցաւ այս հաւաքոյթը, որու ատենախօսները անդրադարձան ցամաքային սահմանի բացման հեռանկարներուն։
Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութիւնը տեղեկացուց, որ իր դիմագրաւած կալուածական հարցերուն վերաբերեալ՝ փետրուարի 24-ին նախատեսուած դատական նիստը տեղի չէ ունեցած անբարենպաստ եղանակի հետեւանքով։
Արեւմտեան Եւրոպայի հայրապետական պատուիրակ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան, որ վերջերս այցելեց Պրիւքսէլ, կեցութեան օրերուն հանդիպում մը ունեցաւ Յոյն Ուղղափառ եկեղեցւոյ Պելժիոյ, Հոլանտայի եւ Լիւքսեմպուրկի մետրապոլիտ Աթենակորասի հետ։