Արխիւ

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 12, 2025

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

Ամիսը անգամ մը, նոյն տարիքի, ծննդավայրի բարեկամներու եւ ընկերներու հետ, մէկու մը տան մէջ, քանի մը ժամերու համրանքով երեկոյ մը զոյգերով միասին անցընելը, իրարու մօտ գալը, թէեւ գեղեցիկ սովորութիւն էր, նոյնիսկ աւանդութիւն դարձուցած էինք, սակայն տարիէ մը աւելի էր, որ թերացած էինք:

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 12, 2025

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Յովիկ Շէհիրեանի ասպարէզի ոդիսականը հարցաքննութեան կը բանայ հայկական լրատուութեան աշխարհի իրերու դրուածքը:
Հալէպահայ լրագրողը, որ վերադարձած է ՍԱՆԱ-ի շարքերը, իրերամերժ վիճակներու կամ հակադիր սպասումներու պայմաններուն ներքեւ միշտ հետամուտ ճշմարտութեան՝ առանց նահանջելու իր անվիճելի վարպետութենէն ու ամբողջութեամբ նուիրուած մնալով ասպարէզին:

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 12, 2025

ՂԱՍԱՆ ՔԱՆԱՖԱՆԻ
Արաբերէնէ թարգմանեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Սիրելի՛ Ահմատ,
Տակաւին հիւանդանոցէն դուրս չեմ ելած. առողջութիւնս գլորուելով դէպի բարելաւում կ՚ընթանայ եւ իմ ձեւս այդ մէկը յայտնաբերելու շա՜տ զաւեշտալի է…:

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 11, 2025

ԱՆՊԱ ՄՈՒՍԱ
Հայացուց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Մեր եկեղեցիին մէջ կենդանի ծիսակատարութիւն կայ, որ լիցքաւորուած է մտապէս, յուզականօրէն եւ հոգեւորապէս: Եկեղեցիէն ներս ծէսը դաւանանքի ամանն է, ո՛չ միայն ուսուցման բովանդակութեան առումով, որ եկեղեցին իւրաքանչիւր ծէսի միջոցով կը ներկայացնէ մեզի, այլ նաեւ որպէս յուզական, հոգեւոր եւ մտային արտայայտութիւն, այս ծէսին ունեցած ազդեցութեան մեր ներքին թէ արտաքին կեանքին վրայ…:

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 11, 2025

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Ընտանիքը առաջին ուսումնարանն է մարդուն՝ ուր ծնողներ պատուական դաստիարակներ են։ Այս ուղղութեամբ, պահ մը ենթադրենք հօր մը իր զաւակներուն ուղղեալ պատուէրները՝ որոնք կրթութեան եւ դաստիարակութեան սկզբնական միջոցներն են։

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 11, 2025

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Ամէն ծնողք իր զաւակին լաւութիւնը մտածելով կը հաւատայ, որ ինք մի՛շտ ճիշդ է։ Այո, յարգանքը, որոշ տեղ մը հնազանդութիւնը որպէս անհրաժեշտութիւն կրթութեան ճամբով կը մատուցուի մեր բոլորին, սակայն պէտք է հասկնանք, որ ծնողները անսխալական արարածներ չեն եւ հետեւաբար ամէն ինչ, որ կ՚ըսեն ու կը մտածեն, պայման չէ ճշմարտութիւն ըլլայ:

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 11, 2025

Երէկ, Եգիպտոսի նախագահ Ապտիւլֆեթթահ էլ Սիսի ընդունեց Ռուսաստանի անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Սերկէյ Շոյկուն, որ այցելութիւն մը տուաւ Գահիրէ։

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 11, 2025

Երէկ, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ Սպիտակ տան մէջ հիւրընկալեց Սուրիոյ նախագահ Ահմէտ Շարան, որու կողմէ գլխաւորուած պատուիրակութիւնը շփումներ ունեցաւ Ուաշինկթընի մէջ։

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 11, 2025

Երէկ, արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան այցելեց Ուաշինկթըն, ուր Սպիտակ տան երդիքին տակ կարեւոր հանդիպումներ ունեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու ղեկավարութենէն յառաջատար դէմքերու հետ։

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 11, 2025

Տ. Արամ Արք. Աթէշեան շաբաթավերջին Թոփգաբուի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ մէջ նախագահեց արարողութիւններուն, որոնց ընթացքին տուաւ օրուան պատգամը։ Կիրակնօրեայ Ս. Պատարագը մատոյց Տ. Շնորհք Վրդ. Տօնիկեան:

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 11, 2025

Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան Գումգաբուի մէջ ընդունեց յայտնի նկարիչ ու քանդակագործ Էրոլ Սարաֆեանը։

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 11, 2025

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

Վաղը, մանչս՝ այն երէկը չէ,
Ո՛չ ալ այսօրը՝ անստոյգ,
Այդ վաղը նաեւ յստակ չէ երբեք.
Անոր համար ամէն մարդ,
Բարի մաղթանքներ է կախած իր շրթներէն ցած։

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 11, 2025

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Աշխարհի մեծագոյն հնագիտական ամրոցը. Եգիպտական մեծ թանգարանը հիանալի կը կամրջէ քաղաքակրթութիւնները:
Աւելի քան 1 միլիառ տոլար ներդրումով կեանքի կոչուած նախաձեռնութիւնը կը պանծացնէ համամարդկային պատկառելի ժառանգութիւն մը: Բացման հանդիսաւոր արարողութեան մասնակիցներու շարքին էր Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Վահագն Խաչատուրեան:

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 11, 2025

ԱՆՈՒՇ ՆԱԳԳԱՇԵԱՆ

-Արփիակ, ինչ լաւ ըրիր հեռաձայնեցիր, թէ ոչ վարորդը պիտի կարծէր, որ խենթ եմ…
-Ինչո՞ւ, ի՞նչ ըրիր, մէկէն բարձրաձայն երգել սկսար նորէն…
-Ո՜չ, առանձին կը խնդամ, գիտնաս ի՛նչ յիշեցի…
-Ի՜նչ, նորէն…
-Կը յիշե՞ս մամիին սենեակը պահարանին վրայ ելանք, որպէսզի անկողինին վրայ ցատկենք…

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 11, 2025

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Դիւրին յաղթանակի մը չէին հաւատացած Իսրայէլի զօրավարները, որոնք հասկցած էին, որ երկիրը կը պարտուի այն ժամանակ, երբ իր պաշտպանութեան բանակի զօրավարները մնան տունը։ Յորդանանի Հուսէյին թագաւորը եւս հասկցած էր այդ մէկը, ինչպէս հասկցած էին Եգիպտոսի բարձրաստիճան զինուորականներու մեծ մասը՝ բացառութեամբ հրամանատար Ապտ ալ Հաքիմ Ամերին, որ այնքան ատակ չէր եւ կը մեղադրուէր փտածութեան մէջ։

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 10, 2025

Այսօր բովանդակ Թուրքիան հերթական անգամ կ՚ոգեկոչէ Հանրապետութեան մեծանուն հիմնադիր Մուսթաֆա Քեմալ Աթաթիւրքը։ Իր մահուան 87-րդ տարելիցին առթիւ ամբողջ երկիրը կը խոնարհի անոր անանց յիշատակին առջեւ ու կը վերանորոգէ անսահման երախտագիտական զգացումները։ 

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 10, 2025

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Արաբ-իսրայէլեան հակամարտութեան պատմութեան մէջ 1967 թուականը կը նկատուի ճակատագրական շրջադարձի տարի։ Սոյն թուականի յունիսի վեցօրեայ պատերազմը միայն սահմանային բախում մը չէր՝ Իսրայէլի եւ Եգիպտոսի, Սուրիոյ ու Յորդանանի միջեւ։

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 10, 2025

ՍԵՒԱՆ ՍԵՄԷՐՃԵԱՆ

Յովհաննավանքի մէջ մատուցուած նորոգման երկու պատարագներէն ետք, արդէն անցեալ կիրակի յայտարարած էր մեր վարչապետը, որ յաջորդ պատարագը Թալինի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ պիտի մատուցուի եւ պիտի նուիրուի մեր նահատակ բոլոր զինուորներու հոգիներուն։ 

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 10, 2025

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Հայաստանէն եւ սփիւռքէն շուրջ երեսուն ձեւագէտներ ինքնուրոյն երկխօսութիւն հաստատած են՝ հետամուտ խորհրդանշաններու:
Երեւանէն կենսունակութեան հովեր. Ազգային պատկերասրահի գլուխ գործոցները ներշնչանքի աղբիւր կը հանդիսանան նոր կենցաղի մը համար, ինչ որ ծնունդ կու տայ նորաձեւ հագուստներու: Պատմութեան էջերէն դուրս՝ նորարար աշխարհի բեմին վրայ ոստումներու շրջան:

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 10, 2025

ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

Արդեօք գոյութիւն ունի՞ այնպիսի «ես» մը, որ ամբողջապէս ազատ է հակասութիւններէ, վախերէ, անցեալի ստուերէ եւ ապագայի տագնապէ։ Այս հարցումը մարդը տուած է այն պահէն ի վեր, երբ գիտակցած է սեփական ներքին ձայնին։

Էջեր