Արխիւ
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Մամուլը իր ծագումէն ի վեր՝ 15-րդ դարուն, իւրայատուկ դերակատարութիւն ունեցած է մարդու կեանքէն ներս: Բնականաբար, սկզբնական շրջանին չէ՛ ունեցած այն վիճակը, ինչ սկսաւ ունենալ 19-րդ դարէն սկսեալ, եւ կը շարունակէ ունենալ մինչեւ այսօր, մնայուն կերպով զարգացում եւ յառաջընթաց արձանագրելով:
Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին եւ Իրանի նախագահ Մեսուտ Փեզեշքիան երէկ հանդիպում մը ունեցան Աշխապատի մէջ, ուր կը գտնուէին Թիւրքմենիստանի տանտիրութեամբ կազմակերպուած՝ «Ժամանակներու եւ քաղաքակրթութիւններու փոխկապակցուածութիւնը. խաղաղութեան եւ զարգացման հիմք» խորագրեալ միջազգային ֆորումին։
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Վահագն Խաչատուրեան, որ աշխատանքային այցելութիւն մը տուաւ Աշխապատ, հանդիպումներ ունեցաւ Թիւրքմենիստանի նախագահ Սերտար Պերտիմուհամմետովի, ինչպէս նաեւ երկրի ազգային առաջնորդ եւ խորհրդարանի նախագահ Կուրպանկուլի Պերտիմուհամմետովի հետ։
ԺԱՄԱՆԱԿ-ի գլխաւոր խմբագիր Արա Գօչունեան կը տեղեկացնէ Նիւ Եորքէն.-
Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) 93-րդ ընդհանուր ժողովը կ՚ընթանայ Նիւ Եորքի մէջ, ուր երէկ օրուան տեւողութեան բազմակողմանի ու խտացեալ աշխատանք ծաւալուեցաւ, իսկ այսօր ծրագիրը կ՚եզրափակուի՝ բուն ընդհանուր ժողովի գումարումով հանդերձ։
Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Նուրհան Ս. Արք. Մանուկեան նախընթաց օր հիւրընկալեց Իսրայէլի մօտ Ռուսաստանի դեսպան Անաթոլի Վիքտորովը։ Հանդիպման ընթացքին Վիքթորովին ներկայացան դեսպանութեան քաղաքական հարցերով խորհրդատու Տիգրան Քոտպաշեան եւ առաջին քարտուղար Ֆէոտոր Կէորկի։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունեց Պալաթի Ս. Հրեշտակապետ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի փոխ-ատենապետ Արիս Տեմիրն ու գործակից ընկերները։ Հանդիպման ներկայ էր նաեւ հոգեւոր հովիւ Տ. Ներսէս Քհնյ. Այվազեան։ Թաղականները ըստ ընկալեալ սովորութեան Գումգաբու այցելեցին եկեղեցւոյ մօտալուտ տարեկան անուան տօնախմբութեան առթիւ։
Պատրաստեց՝ ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Այսօր մեր սիրելի ընթերցողներուն պիտի ներկայացնենք արաբ՝ սուրիացի գրող, Քապանին:
Նիզար Թաուֆիք Քապանի: Սուրիացի մտաւորական, հրապարակախօս, բանաստեղծ եւ քաղաքական գործիչ: Ծնած է 21 մարտ 1921-ին, Դամասկոս:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մշակոյթները ազգային իրենց ուրոյն դրոշմը ունին, սակայն գիրը, լեզուն եւ արուեստը՝ որոնք իւրաքանչիւր անհատի, ժողովուրդի եւ ազգի պարագային տարբերութիւններ կը ճշդեն, արտայայտութեան կերպեր են միայն։ Ուստի, արժէքը՝ գիրին ետեւը եղող անգրելի հոգի՛ն է։ Այդ զօրութենէն պարպուած «գիր»ը, գրականութիւնը եւ արուեստը ունայնութիւն միայն կը տարածեն։
ՏԻԳՐԱՆ ԳԱԲՈՅԵԱՆ
Մեր վայրին մէջ կը գտնուէր հազարաւոր դպրոցներէն եւ եկեղեցիներէն մին, որ մանկութեան բացակայութիւնը թաքնօրէն կը բարձրաձայնէր ու տիեզերական ամենամեծ առաքելութեան հետ կը մրցէր։ Ան կարծես գրեթէ վերջնականապէս երկնայինը պիտի հատուցէր երկրայինին:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Պատանի սերունդին մօտ «հասունութեան» գաղափարը երթալով աւելի սխալ ու թիւր ընկալում կը ստանայ. այդ մէկը արդէն դժբախտաբար դուրս գալով ինքնագիտակցութեան, ինչպէս նաեւ կեանքի մարտահրաւէրները դիմակայելու ունակութենէն, հաստատուած է արտաքին նշաններու վրայ, մոռնալով որ հասունութիւնը հոգեկան աճն է եւ ո՛չ թէ մարմնական, իր մէջ ունենալով հոգեբանական լուրջ զարգացումներ, որով կը սահմանուի ճշմարիտ հասունութիւնը:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Կազզէի պատերազմը պիտի շարունակէ հրատապ օրակարգ մնալ Ուաշինկթընի վարչամեքենային համար:
ԱՄՆ-ի ընտրութեան ընդառաջ թէ՛ Հարիսի եւ թէ Թրամփի տեսակէտէ Նեթանիյահուն կը մնայ «միակ» տարբերակը:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Յաճախ գրած ենք դպրոցի եւ դաստիարակութեան մասին: Մեր գրութիւններուն մէջ միշտ անդրադարձ կատարած ենք, որ դպրոցի յաջողութեան բանալին լաւ ուսուցիչներ ունենալուն մէջ կը կայանայ:
Ատրպէյճան կը շարունակէ պաշտօնական բնագաւառէն ներս սերտօրէն համագործակցիլ Թուրքիոյ եւ Իսրայէլի հետ։ «Forbes»ի հաղորդումներով, Թուրքիան ու Իսրայէլը կ՚արդիականացնեն Ատրպէյճանի զինանոցի՝ Ռուսաստանի կողմէ արտադրուած հին ռազմական սարքաւորումները։
Վրաստանի քաղաքական թետարաբեմի առանցքային դէմքերէն Պիծինա Իվանիշվիլի յայտարարեց, որ երկրի տարածքային ամբողջականութեան խաղաղ ճանապարհով վերականգնման հնարաւորութիւնը կրնայ յառաջանալ որեւէ պահ։
ՄԱԿ-ի ընդհանուր ժողովի առաջին կոմիտէի նիստերու շրջանակներէն ներս նախատեսուած է «Միջուկային հնգեակ»ի հանդիպումը։ Երբ ներկայիս Արեւմուտք-Ռուսաստան բեւեռացումը կը բնորոշէ միջազգային օրակարգը, այս ձեւաչափով նախատեսուած ժողովը արդէն դարձած է ուշագրաւ։
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Վահագն Խաչատուրեան այս օրերուն աշխատանքային այցելութիւն մը կու տայ Աշխապատ, ուր երէկ դիմաւորուեցաւ Թիւրքմենիստանի փոխ-վարչապետ Մեհմետհան Չաքի եւ Պերտի Մուրատի կողմէ։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահական ընտրութեան ընդառաջ՝ երկրագունդը քաոսի բոյն:
Արցախի 44-օրեայ պատերազմը դարձաւ աշխարհակարգի փլուզման առաջին լուրջ ազդանշաններէն մին: Այսօր գոյութիւն չունի միջազգային գերակշիռ ոստիկան մը ու շատ սակաւաթիւ երկիրներ զերծ են հաւանական վտանգներէ:
ԺԱՄԱՆԱԿ-ի գլխաւոր խմբագիր Արա Գօչունեան կը տեղեկացնէ Նիւ Եորքէն.-
Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) 93-րդ ընդհանուր ժողովը այսօր արդէն կը բացուի Նիւ Եորքի մէջ։ Երէկ, ընդհանուր ժողովի շրջանակներէն ներս նախատեսուած աշխատանքին սկիզբը բնորոշեցին ՀԲԸՄ-ի Երիտասարդ արհեստավարժներու քննարկումները։
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմէն ներս վերջին օրերուն հոգեւորականաց համագումար տեղի ունեցաւ։ Սա թեմի հոգեւորականաց դասու այս տարուան երրորդ հաւաքն էր։
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Կրօնքի եւ գիտութեան մասին առանձին-առանձին եւ երկուքի մասին միասնաբար շա՜տ բան գրուած է: Դրական թէ ժխտական մօտեցումներ միշտ ալ եկած են նոր երանգ մը տալու այս երկու զուգահեռ իրականութիւններուն, որոնք կողք կողքի կը քալեն՝ արդէն երկա՜ր դարերէ ի վեր: