Արխիւ
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մարդ կ՚աղօթէ ինչպէս որ կ՚ապրի, քանի որ մարդ կ՚ապրի ինչպէս որ կ՚աղօթէ։ Եթէ մարդ չուզէ սովորաբար գործել ըստ Հոգիին Քրիստոսի, ո՛չ ալ կրնայ սովորաբար աղօթել Անոր անունով։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Շատ մը դասատուներ անտարբերութիւնը կը շփոթեն լրջութեան հետ. ամէն դասատու կ՚ուզէ իր անձին շուրջ խորհրդաւորութիւն մը ստեղծել եւ շատ անգամ այդ մէկը սխալ անդրադարձ կ՚ունենայ, որովհետեւ լրջութիւնը այլ բան է, իսկ անտարբերութիւնը ամբողջութեամբ այլ բան:
Շաբաթավերջին, Աթագիւղի մարզահամալիրէն ներս տեղի ունեցաւ՝ Իսթանպուլի մարմնամարզի առաջնութիւնը։ Փոքրերու դասաւորման համար կազմակերպուած այս մրցաշարքին մասնակցեցաւ նաեւ Շիշլի մարզակումբը։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Հայ Եկեղեցւոյ բարոյական եւ մտաւորական փառքերէն մին՝ որ կաթողիկոսական աթոռ բարձրացաւ՝ յաջորդելով Եղիա Արճիշեցիի եւ պաշտօնավարեց տասնեւմէկ տարի. (717-728)։

ՏԻԳՐԱՆ ԳԱԲՈՅԵԱՆ
Ներշնչանքը ինքնին կրնայ համարուիլ ներփակող ու նուաճող ամէն տեսակի թշուառութեան: Միեւնոյն ժամանակ յուզականութիւնն ու վիպապաշտութիւնը տիեզերքը շարժող ուժեր են, բայց անոնք կը մնան ոգեղէն ու տեղ մըն ալ բնազանցական, նաեւ չեն կրնար շօշափելիօրէն վերացնել այն խնդիրները, որոնք կը տառապեցնեն:
Պատրաստեց՝ ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Այսօր մեր սիրելի ընթերցողներուն պիտի ներկայացնենք երանաշնորհ եւ երջանկայիշատակ Բաբգէն Ա. Աթոռակից Կաթողիկոսի կեանքն ու գործուէնութիւնը:

ԱՆՈՒՇ ՆԱԳԳԱՇԵԱՆ
Եւ այդ մեղքը ինք իր ուսերուն վրայ պիտի տանէր մինչեւ կեանքին վերջը… Սակայն ինչպէ՞ս։
ԺԻՐԱՅՐ ՉՈԼԱՔԵԱՆ
Երեք տարի տեւած բանակցութիւններէն ետք, երբ խաղաղութեան դաշինքի սեւագիրը տասներկու անգամ Երեւան-Պաքու երթուդարձ կատարեց, Հայաստան համաձայնած է Ատրպէյճանի վերջին տարբերակը ընդունելու։ Թէ ինչո՞ւ Հայաստանի կառավարութիւնը ընդունած է Ատրպէյճանի վերջին երկու պահանջները, տակաւին համաձայնութեան գրաւոր օրինակը չէ հրապարակուած։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Կը հաւատանք, որ ապագայ մարդկութեան մեծագոյն խնդիրներէն մէկը պիտի ըլլայ ուսուցիչի պակասը (իրականութեան մէջ մեր օրերուն եւս կ՚ապրինք այդ դժբախտութիւնը). վստահաբար անձեր պիտի ըլլան, որ ուսուցչութեան պաշտօն պիտի ուզեն ընել.

Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի հայրապետական տնօրինութեամբ՝ Տ. Վազգէն Արք. Միրզախանեան նշանակուեցաւ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Պալթեան երկիրներու թեմակալ առաջնորդ։ Նորին Սրբազնութիւնը մարտի 25-ի դրութեամբ պիտի ձեռնարկէ իր նոր առաքելութեան։

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտարարեց, որ Ատրպէյճանի հետ բովանդակութիւնը համաձայնեցուած ենթադրեալ խաղաղութեան պայմանագիրը ստորագրուելէ անմիջապէս վերջ պիտի հրապարակուի։

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի հետ։ Արարատ Միրզոյեան, որ այս օրերուն կը գտնուի Ռիոյի մէջ, շնորհաւորեց ռուս պաշտօնակցին ծննդեան տարեդարձը։
Սուրբ Խաչ դպրեվանքի մէջ վերջին օրերուն տեղի ունեցան հետաքրքրական ձեռնարկներ։ Այսպէս, «Բանաւոր» պատմութեան խումբը աշակերտներուն հետ ունեցաւ հաճելի հանդիպում մը, որու ընթացքին շօշափուեցան հայկական ժառանգութեան պահպանման վերաբերեալ զանազան հարցեր։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ երեկոյեան մասնակցեցաւ Պէյօղլուի գաւառապետ Ապտուլլահ Աթաքան Աթասոյի կողմէ կազմակերպուած իֆթարի սեղանին, որ տեղի ունեցաւ Կիւմիւշսույուի «CVK Park Bosphorus» պանդոկի համալիրէն ներս։
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Շատ մը մարդոց մօտ կայ այն տպաւորութիւնը, թէ Աստուած միշտ պարտաւոր է լսելու մեզ, մեր փոխարէն գործելու, օգնելու եւ առաջնորդելու մեզ: Այս մարդիկ, սակայն, կը մոռնան, որ առանց իրենց ունեցած այդ տպաւորութեան կամ սպասումին, Աստուած արդէն իսկ կը լսէ մեզ, շատ յաճախ մեր փոխարէն կը գործէ՝ մեր միտքը լուսաւորելով եւ իմաստութիւն պարգեւելով մեզի, միշտ կ՚օգնէ մեզի ու կ՚առաջնորդէ մեր քայլերը:
Թուրքիա-Հայաստան ցամաքային սահմանը երէկ բացուեցաւ ժամանակաւորապէս։ Այսպէս, Հայաստանէն Սուրիա մարդասիրական օժանդակութեան փոխադրութեան համար օգտագործուեցաւ Մարգարա-Ալիճան անցակէտը։

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Տանըլտ Թրամփի օրով ի՞նչ պիտի ըլլայ Միացեալ Նահանգներու քաղաքականութիւնը Հարաւային Կովկասի պարագային:
Երեւան-Պաքու խաղաղութեան պայմանագրի համաձայնեցումը նոր հարցականներ կը ծնի Ուաշինկթընի հաւանական քայլերուն տեսակէտ:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Վերջերս ականատես եղայ այն դժբախտութեան, թէ ինչպէս ուսուցիչ դառնալու բոլոր չափանիշներէն հեռու անհատ մը, պարզապէս անգործ ըլլալուն պատճառով ստանձնեց այդ սրբազան պաշտօնը՝ իր այս կամ այն ծանօթին միջնորդութեամբ եւ այս պատճառ դարձաւ, որպէսզի դարձեալ մտածենք, թէ ո՛վ է ուսուցիչը:
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունեց Կեսարիոյ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ ծխական խորհուրդի ատենապետ Զատիկ Թոքէրն ու գործակից ընկերները։ Հանդիպման ներկայ էր նաեւ Տ. Նաթան Քհնյ. Արապեան։
Հռոմէական Կաթոլիկ եկեղեցւոյ քահանայապետ Տ.Տ. Ֆրանսիսքոս Ա. Սրբազան Պապի գահակալութեան 12-րդ տարեդարձը երէկ քաղաքիս մէջ նշուեցաւ՝ քրիստոնեայ յարանուանութիւններու հոգեւոր առաջնորդներու մասնակցութեամբ