Արխիւ

Երկուշաբթի, Մայիս 12, 2025

ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

Ընկերային ցանցերը այսօր մեծ ազդեցութիւն ունին մարդկային յարաբերութիւններու վրայ՝ յատկապէս երիտասարդներու մօտ։ Անոնք ո՛չ միայն փոխած են հաղորդակցման ձեւերը, այլեւ ձեւաւորած են նոր ընկերային չափանիշներ եւ արժէքներ։

Երկուշաբթի, Մայիս 12, 2025

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Քննադատութիւնը օտակար է, քանի որ ան յառաջդիմութեան եւ բարեփոխութեան համար անհրաժեշտ արարք մըն է։ Բայց քննադատութիւնը օգտակար կ՚ըլլայ, երբ իր նպատակին յարմար կը գործածուի։

Երկուշաբթի, Մայիս 12, 2025

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Չինացի փիլիսոփայ եւ ուսուցիչ Լաօ Ցու իր աշխատութիւններէն մէկուն մէջ կ՚ըսէ. «Կեանքը բնական եւ ինքնաբուխ փոփոխութիւններու շղթայ է: Մի՛ դիմադրէք, այդ մէկը միայն տխրութիւն կը բերէ: Ձգեցէ՛ք, որ իրականութիւնը իրականութիւն դառնայ»: 

Երկուշաբթի, Մայիս 12, 2025

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ, Ֆրանսա, Անգլիա, Գերմանիա եւ Լեհաստան շաբաթավերջին հանդէս եկան համատեղ յայտարարութիւնով մը, որով Ռուսաստանին կոչ ուղղեցին, որպէսզի երեսուն օրուան հրադադար մը հաստատուի Ուքրայնայի մէջ։

Երկուշաբթի, Մայիս 12, 2025

ՓՔՔ ահաբեկչական կազմակերպութիւնը որոշեց ինքզինք լուծարել։ Թուրքիոյ մէջ վերջին շրջանին հասունցած խմորումներուն զուգահեռ՝ ՓՔՔ-ի պարագլուխ Ապտուլլահ Էօճալան վերջերս համապատասխան կոչով մը հանդէս եկած էր, ՏԷՄ կուսակցութեան կողմէ համակարգուած գործընթացով մը։

Երկուշաբթի, Մայիս 12, 2025

Դաշնակահար Պարէտ Չաղլըչուպուքճու, որու արձանագրած յարատեւ վերելքը վերջին շրջանին մեծ ուրախութիւն կը պատճառէ համայնքային շրջանակներուն, երէկ երեկոյեան յաջող ելոյթով մը հանդէս եկաւ Սաքըզաղաճըի Ս. Աստուածածին հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ մէջ:

Երկուշաբթի, Մայիս 12, 2025

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան շաբաթավերջին նախագահեց Պիւյիւքտէրէի Ս. Հռիփսիմեանց եկեղեցւոյ Ս. Պատարագին, զոր մատոյց Տ. Գասպար Աբեղայ Կարապետեան։ Ներկայ էր նաեւ Տ. Թէոդիկ Քհնյ. Չեթինքայա։

Երկուշաբթի, Մայիս 12, 2025

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ Սամաթիոյ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ մէջ նախագահեց Կարմիր կիրակիի առթիւ մատուցուած Ս. Պատարագին, որու ընթացքին տուաւ օրուան պատգամը։ Պատարագիչն էր Տ. Գասպար Աբեղայ Կարապետեան։

Երկուշաբթի, Մայիս 12, 2025

Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը շաբաթավերջին հիւրընկալեց Եւրոպայի դատաւորներու միութեան (EAJ) տարեկան համաժողովի մասնակցիները։ EAJ-ի այս տարուան համաժողովը կազմակերպուած է Երեւանի մէջ եւ մասնակիցները այս ծիրէն ներս այցելեցին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին։

Երկուշաբթի, Մայիս 12, 2025

Սուրբ Խաչ դպրեվանքի մէջ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ Մայրերու օրուան առթիւ նախաճաշ մը, որ երկրորդն էր իր նմաններու շարքին։ Խնամակալութեան, տնօրէնութեան եւ ծնողաց միութեան ջանքերով կազմակերպուած հաւաքոյթի ընթացքին ստեղծուեցաւ մեծ ոգեւորութիւն։

Երկուշաբթի, Մայիս 12, 2025

Սկիւտարի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ երէկ Մայրերու օրը նշուեցաւ՝ թաղային խորհուրդի եւ տիկնանց յանձնախումբի կողմէ կազմակերպուած անմիջական հաւաքոյթով մը։

Շաբաթ, Մայիս 10, 2025

Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին եւ Չինաստանի նախագահ Սի Ծինփինկ երէկ հանդիպում մը ունեցան Մոսկուայի մէջ, ուր տեղի ունեցաւ Բ. Աշխարհամարտի աւարտի տարեդարձին ձօնուած՝ 9 մայիսի նշանաւոր զինուորական տողանցքը։

Շաբաթ, Մայիս 10, 2025

ԱՆՈՒՇ ՆԱԳԳԱՇԵԱՆ

Դարձեալ այցելեցի քեզի ծաղիկներով, դուն միշտ սիրած ես գոյնզգոյն ծաղիկները… Եւ գերեզմանիդ քով նստած ձայնդ ականջիս մէկ առ մէկ վերյիշեցի մեր զրոյցները, դարերու ընդմէջէն մեզի հասած հսկայ ժառանգութիւնը հայ մօր ու կնոջ…

Շաբաթ, Մայիս 10, 2025

ՍԵՒԱՆ ՍԵՄԷՐՃԵԱՆ

Մայրերու օր է։ 
Հոս հոն ձեռնարկ-միջոցառումներ կ՚ըլլան այսօր. շատեր իրենց մայրերուն հետ կ՚երթան, կ՚ուտեն, կը խմեն, կ՚ուրախանան, մայրերուն մասին գեղեցիկ խօսք ու բանաստեղծութիւններ կը լսեն, գլուխ կը շարժեն, թափանցիկ թուղթերու մէջ փաթթուած կարմիր վարդեր կամ մեխակներ կ՚առնեն եւ տուն կը վերադառնան…

Շաբաթ, Մայիս 10, 2025

ՏԻԳՐԱՆ ԳԱԲՈՅԵԱՆ

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները եւ Եւրոպան իբրեւ աշխարհագրական բաժանումներ կը գրաւեն Անդրատլանտեան ովկիանոսի երկու կողմները, իբրեւ տարբեր ցամաքամասեր, իսկ անոնց ամենակարեւոր ու ցուցանիշային բաժանումը ԱՄՆ-ն ու Եւրոպական Միութիւնն է:

Շաբաթ, Մայիս 10, 2025

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Սուրիոյ մէջ արեան վախը զգալի է տակաւին ամէն տեղ. հասա՞ծ է իրական խաղաղութեան ժամը:
Համայնքային լարումներէ եւ բռնապետութեան նուիրականացումէ վերջ, պայքարներու հետքերով դէպի ապագայ:

Շաբաթ, Մայիս 10, 2025

Արաբերէնէ թարգմանեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Այսօր մեր սիրելի ընթերցողներուն պիտի ներկայացնենք լիբանանցի մեծանուն երգչուհի՝ Ֆէյրուզին երգերէն փունջ մը, հայերէնի թարգմանուած: Երգչուհիին բուն անունը Նուհատ Հատատ է: Ծնած է 21 նոյեմբեր 1934-ին: Մինչ օրս կ՚ապրի Լիբանանի մէջ:

Շաբաթ, Մայիս 10, 2025

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Երկրային մեր ճամբորդութեան մէջ, Յիսուսի արիւնով լուացուած, Աստուծոյ որդիներս, կ՚անցնինք կեանքի փոթորիկներէն։ Դժուարութեան, նեղութեան, փորձութեան, հիւանդութեան եւ կորուստներու ատեն, ունինք երկնային ներքին խաղաղութիւն մը՝ որ ամէն միտքէ վե՛ր է։

Շաբաթ, Մայիս 10, 2025

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Վստահաբար դո՛ւն ալ որպէս մարդ արարած կը կարեւորես ու մարդկային մեծագոյն արժէքներէն մէկը կը նկատես «ազատութիւն»ը՝ անկաշկանդ ապրելու, մտածելու եւ արտայայտուելու համար:

Շաբաթ, Մայիս 10, 2025

Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմէն ներս վերջերս գումարուեցաւ պատգամաւորական ժողով։ Սա 98-րդ Թեմական պատգամաւորական ժողովն էր, որուն զուգահեռ տեղի ունեցան նաեւ թեմի հոգեւորականաց համագումարն ու տիկնանց կազմերու հաւաքը։

Էջեր