Արխիւ

Երկուշաբթի, Մարտ 17, 2025

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան շաբաթավերջին հեռախօսազրոյցներ ունեցաւ Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոնի եւ Իրանի նախագահ Մեսուտ Փեզեշքիանի հետ։

Երկուշաբթի, Մարտ 17, 2025

Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի հետ։ Անգարա-Ուաշինկթըն առանցքին վրայ սա եղաւ Սպիտակ տան նոր շրջանի առաջին ամենաբարձր մակարդակի շփումը։

Երկուշաբթի, Մարտ 17, 2025

Պոլսահայ մշակութասէրներուն տեսակէտէ շաբաթավերջին եզակի ու հաճելի իրադարձութիւն մը եղաւ «Կիկօ-ի հետ առաջ ու յետ» խորագրեալ ցուցահանդէսին բացումն ու նոյն առթիւ պատրաստուած գիրքին շնորհանդէսը։ Երէկ յետմիջօրէին, Գարակէօզեան տան համալիրէն ներս, «Նատիա եւ Տիգրան Կիւլմէզկիլ» գեղարուեստից աշխատանոցի երդիքին տակ տեղի ունեցաւ ձեռնարկը, որ մեծանուն բանաստեղծ Զահրատի վիթխարի ժառանգութեան վառ հետքերուն հետեւելու առումով ինքնուրոյն հնարաւորութեան մը վերածուեցաւ

Երկուշաբթի, Մարտ 17, 2025

ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

Ի՞նչ կ՚ընէիք, եթէ անցեալին երթայիք եւ դիտէիք այն իրադարձութիւնները, որոնք արդէն տեղի ունեցած են: Էմի Հարմոնի կողմէ գրի առնուած «Միայն քամին գիտէ» խորագրեալ գիրքի գլխաւոր հերոսը՝ Էնը կը ստիպուի ինքն իրեն տալ այս հարցումը, երբ կը վերադառնայ իր ընտանիքի սկզբնակէտին՝ այն ժամանակ, երբ կը կարծէ, որ ամբողջովին կորսնցուցած է իր ընտանեկան արմատները:

Շաբաթ, Մարտ 15, 2025

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Մահը կ՚ենթադրէ մե՜ծ հարցական մը, որմէ, ըստ էութեան, կարծես ծնունդ կ՚առնէ փիլիսոփայութիւնը։ Անորոշութիւնը, կասկածը, վախը… Այս շարքը կը պայմանաւորէ մարդուս հոգեբանութիւնը։

Շաբաթ, Մարտ 15, 2025

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Մեծ պահքի ժամանակաշրջանը քրիստոնեայ իւրաքանչիւր անհատի համար ամենէն լաւ առիթն է՝ իր ունեցած հաւատքին մէջ խորանալու, ա՛լ աւելիով մօտենալու Աստուծոյ, զգալու Անոր ներկայութիւնը եւ նախախնամութիւնը մեր կեանքէն ներս, վայելելու Անոր օրհնութիւններն ու ողորմութիւնը: 

Շաբաթ, Մարտ 15, 2025

ՏԻԳՐԱՆ ԳԱԲՈՅԵԱՆ

Չկայ հաւաքական կամ միասնական զգացուածութեան ֆիզիքական եւ հոգեկան տառապանք՝ թէ՛ բնազանցականութիւնով եւ թէ գիտական ու ընկերաբանական գործադրմամբ: Հաւաքական տառապանքի ընկալումը, վերծանումը, տեղ մը տարածումը, օգտագործումն ու վերացման ջանքերը (համամարդկային կրօնական եւ քաղաքական օրէնսդրական ալ մակարդակներով) կրնանք համարել մխիթարանքի ու փարատման չստացուող փորձ, ինչ որ կը հաւասարակշռէ անհատական տառապանքը, որ չէ չամոքուած ու չէ ոչնչացած:

Շաբաթ, Մարտ 15, 2025

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Սուրիոյ գործընթացները կրնան յաջողութեամբ պսակուիլ, եթէ բոլոր բաղկացուցիչները լիարժէք յարմարուին այժմ ստեղծուած կացութեան:
Ներքին կայունութեան որոնումներու մթնոլորտին մէջ, Դամասկոսի իշխանութիւնները այժմու անցումային շրջանին համար կը վայելեն սիւննի աշխարհի գլխաւոր դերակատարներուն՝ Անգարայի եւ Ռիատի ամբողջական նեցուկը, իսկ տարածաշրջանի համայնապատկերը փոխելու թեկնածու ուժը կը մնայ Ուաշինկթըն:

Շաբաթ, Մարտ 15, 2025

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Ապաշխարութիւնը խորհուրդ մըն է. անոնք որոնք կը մօտենան Ապաշխարութեան խորհուրդին, Աստուծոյ դէմ գործած իրենց վիրաւորանքին՝ որով վշտացուցած են զԱյն, Աստուծոյ ողորմութենէն կ՚ընդունին ներումը եւ միաժամանակ կը հաշտուին իրենց մեղքով վիրաւորած Եկեղեցւոյ հետ, որ մարդասիրութեամբ, բարի օրինակով եւ աղօթքներով, ողորմութեամբ եւ պահքով կը սատարէ իրենց դարձին։

Շաբաթ, Մարտ 15, 2025

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Մեր թուականէն մօտաւորապէս 23 տարիներ առաջ, երեքշաբթի, 11 սեպտեմբեր 2001 թուականին, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Նիւ Եորք նահանգին մէջ տեղի ունեցաւ յայտնի «9/11» գործողութիւնը, որ չես գիտեր ինչո՞ւ, ամբողջ աշխարհին վրայ մեծ ազդեցութիւն մը ունեցաւ. մէկէն ի մէկ խոր ազդեցութիւն մը ձգեց ու յանկարծ աշխարհը ամբողջ զգաց ահաբեկչութեան դաժանութիւնը:

Շաբաթ, Մարտ 15, 2025

Էյուպի Ս. Եղիա եկեղեցւոյ մէջ սկսած են բարեկարգման աշխատանքներ։ Վերանորոգութեան ծրագրին մասին այսօր տեղեկութիւններ փոխանցեցին Պատրիարքական Աթոռի աղբիւրները, որոնք հաղորդեցին նաեւ, որ աշխատանքներուն բերումով Էյուպի Ս. Եղիա եկեղեցւոյ մէջ Մեծ պահոց շրջանին տեղի պիտի չունենան Արեւագալի ժամերգութիւններ։

Շաբաթ, Մարտ 15, 2025

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, երկու ղեկավարներու շփումը տեղի ունեցաւ՝ Հայաստան-Ատրպէյճան ենթադրեալ խաղաղութեան պայմանագրի բովանդակութեան շուրջ բանակցութիւններու աւարտին կապակցութեամբ։

Շաբաթ, Մարտ 15, 2025

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի հրամանաւ եւ օրհնութեամբ, Բուն բարեկենդանի առթիւ, Հաթայի եկեղեցեաց հոգեւոր հովիւ եւ գաւառի տեսուչ Տ. Աւետիս Քհնյ. Թապաշեան մեկնեցաւ Էլազըղ: Հովուական ուղեւորութեան ընթացքին տէր հօր կ՚ընկերանար Իսքենտերունի Ս. Քառասուն Մանկունք եկեղեցւոյ ծխական խորհուրդի ատենապետ Եուսուֆ ուրարակիր դպիր Թապաշեան:

Ուրբաթ, Մարտ 14, 2025

Սամաթիոյ ընտանիքը նախընթաց օր գիտական ձեռնարկ մը կազմակերպեց՝ ի ոգեկոչումն թաղի Սահակեան-Նունեան լիսէի բարեյիշատակ տնօրէնուհի ողբացեալ Թալին Մաթոսօղլուի։ Դպրոցի միջնակարգի բաժնին կողմէ կեանքի կոչուեցաւ այս ծրագիրը։

Ուրբաթ, Մարտ 14, 2025

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հարցազրոյց մը տուաւ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի սիւնակագիրներէն Սագօ Արեանին։ Մինչ այդ, Ամեն. Ս. Պատիրարք Հայրը այս առաւօտ վերադարձաւ իր Աթոռը։

Ուրբաթ, Մարտ 14, 2025

Հայկական գիտական աշխարհը երէկ ցաւալի կորուստ մը ունեցաւ։ Ոչ եւս է ակադեմիկոս Ալպերթ Ղուլեան, որ մահացաւ 86 տարեկան հասակին։

Ուրբաթ, Մարտ 14, 2025

Մինչ Սուրիոյ մէջ անցումային շրջանը թափով կը շարունակուի, Թուրքիա կը շարունակէ անմիջական ուշադրութիւն ցուցաբերել իրադարձութիւններուն նկատմամբ։ Անգարայէն բարձրաստիճան պատուիրակութիւն մը երէկ այցելեց Դամասկոս, ուր հիւրընկալուեցաւ ամենաբարձր մակարդակի վրայ:

Ուրբաթ, Մարտ 14, 2025

Ատրպէյճանի գլխաւոր պայմանը մնալ կը շարունակէ Հայաստանի Սահմանադրութեան փոփոխութիւնը:
Երեւան եւ Պաքու թէեւ համաձայնեցուցին ենթադրեալ խաղաղութեան պայմանագրի բովանդակութիւնը, սակայն, նոյնիսկ այդ տարբերակը չի ստորագրուիր: Հաշտութեան ջանքերու բեկումնային պահուն Անգարային ուղղեալ պատգամներ:

Ուրբաթ, Մարտ 14, 2025

Օրհնութեամբ Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հօր, հովանաւորութեամբ Լիզպոնի Գալուստ Կիւլպէնկեան հիմնարկի, հիւրընկալմամբ Գարակէօզեան տան:
Ի յիշատակ Զահրատի. Կիկօ-ի հետ առաջ ու յետ:
«Ֆակտում» փաստագրական կեդրոնի, «ԺԱՄԱՆԱԿ» օրաթերթի եւ «Ակտուալ արվեստ» հրատարակչութեան ջանքերով:
Մեծ բանաստեղծին ձօնուած շաբաթավերջի ցուցահանդէսն ու գրքի շնորհանդէսը մշակութային անկրկնելի հնարաւորութիւն մը պիտի ըլլայ՝ մասնաւորապէս գրասէր շրջանակներուն համար:

Ուրբաթ, Մարտ 14, 2025

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

«Ո՛չ բոլոր անոնք որոնք կը ներեն՝ ընկեր են, ո՛չ ալ բոլոր անոնք որոնք կը հարուածեն՝ թշնամի են»
Կ՚ապրինք ընկերութեան մը մէջ, ուր ճիշդն ու սխալը, ճերմակն ու սեւը, բարին եւ չարը սկսած են իրարու նմանիլ, աւելի ճիշդ՝ իրարու նման ներկայացուիլ կամ մատուցուիլ մարդոց, նայած պարագաներուն կամ պայմաններուն: 

Էջեր