Արխիւ
Հայաստանի դատական իշխանութիւնները որոշեցին երկարաձգել Շիրակի թեմի առաջնրդ Տ. Միքայէլ Արք. Աջապահեանի բանտարկութեան ժամկէտը։ Նորին սրբազնութիւնը կալանաւորուած է՝ երկրէն ներս յառաաջացած իշխանութիւն-եկեղեցի հակադրութեան մթնոլորտին մէջ։
Գնալը կղզիի Մեթամորֆոսիս յունաց վանքի համալիրի ճամբարէն ներս, ամրան արձակուրդի առթիւ հիւրընկալուած մեր համայնքի մանուկներու եւ պատանիներու կեցութիւնը այս շաբաթավերջին կը հասնի իր աւարտին։
Ս. Աստուածածնի վերափոխման տաղաւարի ներկայ շաբաթավերջին, թրքահայ ազգգային-եկեղեցական կեանքէն ներս վերստին բոլորի ուշադրութեան կիզակէտին է Վաքըֆլըգիւղի Ս. Աստուածածին եկեղեցին, ուր աւանդական շուքով տեղի կ՚ունենայ տարեկան անուան տօնախմբութիւնը։
ԳՐԻԳՈՐ ԱՒ. ՔՀՆՅ. ՏԱՄԱՏԵԱՆ
Շարակնոցը Հայ Եկեղեցւոյ գոհար երգարանն է, ուր կը տողանցեն շարականներ, որոնք իրենց երաժշտական արժէքին առընթեր, ունին նաեւ գրական արժէք։
ԽԱԺԱԿ ԱՐՔ. ՊԱՐՍԱՄԵԱՆ
Սուրբ Մարիամ Աստուածածնի վերափոխման տօնը եւ աւանդական խաղողօրհնէքը մեզի համար առիթ են խորհրդածելու հաւատքի եւ բնութեան, աստուածայինի եւ առօրեայի անքակտելի կապի մասին, որ յատուկ է Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ։
ՄԱՇՏՈՑ ՔՀՆՅ. ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Եւ Աննա ըսաւ.- Ո՜հ, Տէր իմ, քու անձդ կենդանի է. ես այն կինն եմ, որ հոս քու քովդ կայնեցայ Տէրոջը աղօթք ընելու համար։ Ես այս տղուն համար աղօթք ըրի եւ Տէրը իմ խնդրուածքս ինծի տուաւ՝ ինչ որ անկէ խնդրեցի։ Հիմա ալ զանիկա Տէրոջը կը նուիրեմ, անիկա իր բոլոր կեանքին մէջ Տէրոջը փոխ տրուած ըլլայ։ Եւ հոն Տէրոջը երկրպագութիւն ըրաւ». (Ա ԹԱԳԱՒՈՐ. Ա 26-27)։
ՍԵՒԱՆ ՍԵՄԷՐՃԵԱՆ
«Աստուածածին» է։
Մայրերու, հայրերու օր, Վարդանանց, Թարգմանչաց կը տօնենք, բայց այս օրը՝ «Աստուածածին» է, կ՚ըսենք։ Գիրքերուն ու օրացոյցներուն մէջ ի՛նչ կ՚ուզէ թող գրուի. ամէնուն, ամէնուս համար՝ «Աստուածածին» է։
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Վաղը, 17 օգոստոս 2025-ին, Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին պիտի նշէ Սուրբ Մարիամ Աստուածածնի վերափոխման տօնը: Այս առիթով, մեր սիրելի ընթերցողներուն պիտի ներկայացնենք մի քանի բանաստեղծութիւններ, նուիրուած Մայրիկ Աստուածածնին:
Տանըլտ Թրամփ տեղեկացուց, որ եթէ այսօր Վլատիմիր Փութինի հետ համաձայնութեան մը հասնի, ապա յաջորդ հանդիպումներու ձեւաչափը պիտի ըլլայ եռակողմանի:
ԱՄՆ-ի եւ Ռուսաստանի նախագահներու՝ Ալասքայի սպասուած ժամադրութեան օրը: Իսթանպուլ պատրաստ՝ հիւրընկալելու Վոլոտիմիր Զելենսքիի մասնակցութեամբ յաջորդ հաւանական գագաթաժողովը :
TRIPP-ի կապակցութեամբ Երեւան կը ձգտի փարատել Մոսկուայի եւ Թեհրանի առկայ մտահոգութիւնները:
Իրանի նախագահ Մեսուտ Փեզեշքիանի Հայաստան այցելութենէն վերջ Նիկոլ Փաշինեան պիտի ուղեւորուի Ռուսաստան:
Ս. Աստուածածնի տաղաւարին ընդառաջ, Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ ուխտի շաբթուան ծիրէն ներս, երէկ, Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեանի գլխաւորութեամբ տեղի ունեցաւ մանկանց աղօթք մը, որուն մասնակցեցան Ներսէսեան դպրաց դասու մանուկներն ու պատանիները։
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ
Այսօրուան աշխարհը լեցուն է գովազդներով, զեղչերով եւ նիւթապաշտ մշակոյթով։ Ամէն անկիւն, ամէն պաստառ եւ ամէն համացանցային հարթակ մարդիկը կը մղեն նոր բաներ գնելու՝ անկախ անկէ, թէ ան իրապէս պէ՞տք ունի գնածներուն, թէ ոչ։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Իր հրապարակային կեանքին սեմին, Յիսուս հարսանիքի մը տօնակատարութեան ժամանակ Իր առաջին նշանը՝ հրաշքը կը գործէ՝ Իր Մօր խնդրանքով. (ՅՈՎՀ. Բ 1-11)։ Եկեղեցին Յիսուսի Կանայի հարսանիքին ներկայութեան մեծ կարեւորութիւն կ՚ընծայէ։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Իւրաքանչիւր սփիւռքահայու համար անընդունելի իրողութիւն է տեսնել հայ մուրացկան։ Անշուշտ, այս մէկը պէտք չէ հասկցուի այնպէս, որ սփիւռքի հայութեան մէջ չկան աղքատներ։ Աղքատութիւնը մի՛շտ եւ ամէն տեղ ալ կայ, սակայն, մուրացկանութիւնը այլ երեւոյթ մըն է:
Հայաստանի դատական իշխանութիւնները երէկ երկարաձգեցին յայտնի գործարար ու ազգային բարերար Սամուէլ Կարապետեանի կալանաւորման ժամկէտը։ Եւս երկու ամիսով Կարապետեանի բանտարկութիւնը երկարաձգուեցաւ։
Արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան երէկ Տոհայի մէջ ունեցաւ բարձր մակարդակի շփումներ։ Այսպէս, ան ընդունուեցաւ Քաթարի Էրիր շէյխ Թամիմ պին Համիտ ալ Սանիի եւ վարչապետ ու արտաքին գործոց նախարար Մուհամմէտ պին Ապտուրրահման ալ Սանիի հետ։
Ատրպէյճանի ընդհանուր սպայակոյտի նախագահ զօրավար Քերիմ Վելիեւ Իսլամապատի մէջ հիւրընկալուեցաւ Փաքիստանի ընդհանուր սպայակոյտի նախագահ Սէյիտ Ասըմ Միւնիրի կողմէ:
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղարութիւնը հրապարակեց՝ 2024 թուականի Մարդու իրաւանց պաշտպանութեան զեկոյցը։ «Ազատութիւն» ռատիոկայանի հաղորդումներով, այս առթիւ շեշտուեցաւ, որ թէեւ Հայաստանի Սահմանադրութիւնն ու օրէնսդրութիւնը կ՚արգիլեն կամայական ձերբակալութիւնն ու իւրաքանչիւր քաղաքացիին իրաւունք կու տան դատարանէ ներս վիճարկել ազատազրկման օրինականութիւնը, սակայն, երկրի կառավարութիւնը միշտ չի պահպաներ օրէնքի այդ դրոյթները։
Տանըլտ Թրամփ տեղեկացուց, որ Վլատիմիր Փութինի հետ վաղը պիտի չքննարկէ տարածքային հարցեր:
Ալասքայի վաղուան ժամադրութեան ընդառաջ, Վոլոտիմիր Զելենսքի իրերայաջորդ կ՚այցելէ եւրոպական մայրաքաղաքներ:
Թուրքիա Սուրիոյ առկայ մութ համայնապատկերի դերակատարներու շարքին կը դասէ Իսրայէլը:
Հաքան Ֆիտան Շէյպանին հիւրընկալելու ժամանակ յայտնեց, որ ԵՓԿ-ի գործունէութիւնը կը դառնայ անհանդուրժելի: