Արխիւ
Արցախի պատերազմին զուգահեռ մինչ երէկ Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցան բանակցութիւններ, Երեւանի մէջ ալ տեղի ունեցաւ Եւրոասիոյ տնտեսական միութեան Միջկառավարական խորհուրդի հերթական նիստը, որուն մասնակցեցաւ նաեւ Ռուսաստանի վարչապետ Միխայիլ Միշուսթին։
Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութիւնը հաղորդեց, որ անտեսելով յայտարարուած հրադադարը՝ Ատրպէյճան ժամը՝ 12.05-ին ձեռնարկած է յարձակումի մը։
Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ երկու շաբթուան լայնածաւալ պատերազմի ծանր պայմաններուն ներքեւ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ տեղի ունեցաւ առաջին ուղղակի շփումը:
Մինչ Արցախի ճակատին վրայ ռազմական գործողութիւնները նոյնութեամբ շարունակուեցան՝ Լաւրով, Մնացականեան եւ Պայրամով աւելի քան տասն ժամ բանակցութիւններ վարեցին Մոսկուայի մէջ:
Արշակ Ֆեթվաճեան ծնած է Տրապիզոն, 1 հոկտեմբեր 1863 թուականին:
Անոր ծնողքը եղած է առեւտրական: Նախնական ուսումը ստացած է Տրապիզոնի ազգային վարժարանին մէջ:
Արցախի դէմ սանձազերծուած պատերազմի հետեւանքով Հայաստանի կրթամշակութային հաստատութիւնները պարբերաբար կը կազմակերպեն տարբեր բովանդակային ձեռնարկներ՝ իրենց բնակավայրէն ժամանակաւորապէս հեռացած երեխաներու ժամանցը ապահովելու համար։
Արցախի Պաշտպանութեան բանակի աղբիւրները հաղորդեցին, որ երէկ գիշեր հակամարտութեան գօտիէն ներս իրավիճակը եղած է յարաբերականօրէն կայուն-լարուած։ Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութեան բանբեր Շուշան Ստեփանեանն ալ երէկ հաղորդած էր, որ Ատրպէյճանի զօրքերուն կողմէ ձեռնարկուած յարձակման փորձերը կը մատնուին անյաջողութեան։
Ժընեւի Քաղաքային խորհուրդը երէկ բանաձեւ մը ընդունեց Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին կապակցութեամբ։ Այսպէս, այս բանաձեւով դատապարտուեցաւ Ատրպէյճանի ռազմական բռնութիւնը Արցախի դէմ։
Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան յայտարարեց, որ Լեռնային Ղարաբաղի բռնագրաւումը փտախտի մը վերածուած է։ Ափրիկեցի ղեկավարներու հետ ունեցած տեսաժողովին ժամանակ, Էրտողան երէկ իր ելոյթին մէջ անդրադարձաւ Լեռնային Ղարաբաղի հարցին։
Արցախի պատերազմի ներկայ ծանր փուլին Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան կը շարունակէ հարցազրոյցներ տալ միջազգային յառաջատար լրատուամիջոցներուն։ Գերմանական «Spiegel» շաբաթաթերթին տուած հարցազրոյցին մէջ ան յայտարարեց. «Այլեւս Ատրպէյճանը չէ, որ որոշումներ կը կայացնէ սեփական ճակատագրի վերաբերեալ, Թուրքիան կը կայացնէ այդ որոշումները»։
Վլատիմիր Փութին կոչ ուղղեց Արցախի մէջ հրադադարի հաստատման համար՝ գերիներու եւ դիակներու փոխանակման նպատակով: Միշուսթին Երեւան մեկնելէ առաջ զրուցեց Ատրպէյճանի պաշտօնակցին հետ:
Նախարարներ Զօհրապ Մնացականեան եւ Ճէյհուն Պայրամով այսօր Մոսկուա հրաւիրուեցան խորհրդակցութիւններու համար:
Հայկական ճարտարապետութեան գոհարներէն՝ Շուշիի Սուրբ Ամենափրկիչ Ղազանչեցոց Մայր Տաճարը աւերուեցաւ Ատրպէյճանի զինեալ ուժերուն կողմէ:
Եկեղեցին դիտումնաւոր ձեւով ռմբակոծուեցաւ՝ երբ նկուղին մէջ ապաստանած էին կանայք, երեխաներ եւ տարեցներ: Երեւան ծանրակշիռ դէպքը որակեց՝ մարտահրաւէր քաղաքակիրթ մարդկութեան դէմ:
Հոկտեմբեր ամսու երկրորդ շաբաթ օրը, ահա շուրջ 1615 տարիէ ի վեր, հայ ժողովուրդը կը նշէ իր Սուրբ Թարգմանիչներուն տօնը։ Իսկ հոկտեմբերի երկրորդ կիրակի օրը, ամէն տարի, Հայ Առաքելական բոլոր եկեղեցիներուն մէջ, տեղի կ՚ունենար Ե. դարու Թարգմանչաց Շարժումին խորհուրդով հաղորդուելու Սուրբ Պատարագ։
Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան Տեղեկատուութեան համակարգը տեղեկացուց, որ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը կը դատապարտէ Շուշիի Ղազանչեցոց եկեղեցւոյ թիրախաւորումը. ստորեւ՝ յայտարարութիւնը։
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը Շուշիի Ս. Ամենափրկիչ Ղազանչեցոց եկեղեցւոյ միտումնաւոր ռմբակոծման մասին հանդէս եկաւ հետեւեալ յայտարարութեամբ։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Իմաստութիւնը կեանքով կը վարձատրէ իրեն ապաւինողները եւ ապահովութիւն կու տայ անոնց՝ որոնք իրեն կը կռթնին՝ որպէս Տիրոջ։ Իր իմաստութեամբ է որ Աստուած երկրին հիմերը դրաւ, գիտութեամբ հաստատեց երկիրները», (ԱՌԱԿ. Գ 18-19)։
ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ
Երգահան, երաժշտագէտ, խմբավար եւ մանկավարժ Ռոմանոս Մելիքեան 1 հոկտեմբեր 1883 թուականին ծնած է Ղզլար, Ռուսաստան։
Տասն անշունչ իրեր, որոնք շատ բան կը պատմեն երգահան, երաժշտագէտ, խմբավար եւ մանկավարժ Ռոմանոս Մելիքեանի մասին:
Արաբերէնէ թարգմանեց՝
ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ
Այս վերնագրին ներքոյ, Լոնտոնի մէջ հրատարակուող «Ալ Հայաթ» թերթի, 28 ապրիլ 2016-ի հրատարակութեամբ լոյս տեսաւ Ատոնիսի քերթուածներէն փունջ մը, որոնց թարգմանութիւնը կը ներկայացնենք հերթաբար՝ երկու թիւով:
Ռուսաստանի վարչապետ Միխայիլ Միշուսթին այսօր կ՚այցելէ Երեւան, ուր կը մնայ երկու օր։ Ան կը մասնակցի Եւրոասիոյ տնտեսական միութեան միջկառավարական խորհուրդի նիստին։ Ժողովները կը համընկնին Արցախի ռազմաճակատի թէժ իրադարձութիւններու շրջանին։
Լեռնային Ղարաբաղի մէջ բռնկած պատերազմի պայմաններուն ներքեւ, Ատրպէյճանի բանակի շարքերէն ներս Սուրիայէն, Լիպիայէն եւ այլ երկիրներէ օտար վարձկաններու ներգրաւման հարցը միշտ զգայնութեան առարկայ կը դառնայ։ Քրեմլինի բանբերը՝ Տիմիթրի Փեսքով երէկ յայտնեց, որ այս օրերուն Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան թէժ գօտիէն ներս Սուրիայէն զինեալներու գտնուիլը մեծ վտանգ կը ներկայացնէ եւ խոր մտահոգութիւն կը պատճառէ Ռուսաստանին։
Աւելի քան տասն օրէ ի վեր պատերազմական սաստիկ գործողութիւններ կ՚ընթանան Արցախի մէջ։ Միջազգային մետիան անմիջականօրէն կը հետեւի այս իրադարձութիւններուն, որոնք համաշխարհային օրակարգի վրայ դարձած են առաջնահերթ։