Արխիւ
Աշխարհահռչակ երգչուհի, համաշխարհային սիւփէր աստղ Ճենիֆըր Լոփեզ այս ամառ համերգով մը հանդէս պիտի գայ Երեւանի մէջ։ Այսպէս, ան պիտի ձեռնարկէ համաշխարհային շրջագայութեան մը, որու ծրագրին ընդգրկուած է նաեւ Հայաստանը։
Պէյրութի Հայկազեան համալսարանը այս տարի կը նշէ իր հիմնադրութեան 70-ամեակը։ Կը հաղորդուի, որ Աթէնքի մէջ տեղի ունեցած է յատուկ յոբելենական հանդիսութիւն մը՝ մասնակցութեամբ համալսարանի նախագահ վերապատուելի տքթ. Փոլ Հայտոսթեանի։
Ամերիկահայ յայտնի գործարար, գիտնական ու բարերար Նուպար Աֆէեան վերջերս այցելեց Երեւան, ուր կեցութեան օրերուն ընդունուեցաւ Հայաստանի ելմտական նախարար Վահէ Յովհաննիսեանի կողմէ։
Ռուսաստանի նախագահի միջազգային մշակութային համագործակցութեան հարցերով յատուկ ներկայացուցիչ Միխայիլ Շվիտքօ վերջերս այցելեց Երեւան, ուր ընդունուեցաւ Հայաստանի փոխ-վարչապետ Մհեր Գրիգորեանի եւ կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնամարզի նախարար Ժաննա Անդրէասեանի կողմէ։
Պաքու միշտ կը սպառնայ Երեւանին՝ մինչ սորված է օգտագործել Մոսկուայի շարժուն կարմիր գիծերը:
Վրաստան առաջարկած է միջնորդել՝ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ վստահութեան ձեւաւորման քայլերու ուղղութեամբ:
Բացի Միրզոյեանէն, Թուրքիա կու գան նաեւ Լաւրով եւ Պայրամով. Ֆիտանի հետ հաւանական հանդիպումներ:
Անթալիայի չորրորդ դիւանագիտական ֆորում. «Տարանջատեալ աշխարհի մէջ տէր կանգնիլ դիւանագիտութեան»:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Ներելը այսօրուան մարդուն հայեցողութեամբ տկարութեան եւ թուլութեան նշան է: Զօրաւոր մարդը ներելու կարիք չունի, յաջողակ մարդը ներելու կարիք չունի, որոշ բարձրութեան մը կամ դիրքի մը հասած մարդը ներելու կարիք չունի, որովհետեւ այդ արարքը տուեալ մարդուն տկարութիւնը, թուլութիւնը ցոյց կու տայ:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
2007 թուականի յուլիսի 9-ի առաւօտեան Կլենտէյլի իր բնակարանին մէջ մահացած կը գտնեն հայ տաղանդաւոր երգչուհի Էլվինա Մակարեանը։ Օրեր անց ոստիկանութիւնը կը յայտնէ, որ երգչուհին անձնասպան եղած է ատրճանակով․․․
Արաբերէնէ թարգմանեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Վերջին մէկ-երկու տասնամեակներուն ամուսնալուծութիւնը կարծէք սովորական երեւոյթի մը վերածուած է, որովհետեւ ամուսնութիւնը երկու կողմերուն իրերհասկացողութենէն աւելի երկու կողմերու միջեւ կնքուած պայմանագիրի մը վերածուած է, որ շատ յաճախ տարբեր չէ աշխատանքային որեւէ մէկ պայմանագիրէ:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Եկեղեցւոյ պաշտօնեան կոչուած է հռչակելու, տարածելու, մեկնաբանելու, «խօսք»ի ճամբով իմանալի եւ ընդունելի դարձնելու Քրիստոսի կրօնքին ճշմարտութիւնը։ Արդարեւ, Յիսուս այնքան վեհիմաստ արժէք ընծայեց «խօսք»ին, իր քարոզած ճշմարտութեան, որ պատգամաշեշտ հանդիսաւորութեամբ եւ ջինջ յստակութեամբ յայտարարեց. «Երկինք եւ երկիր անցցեն եւ բանք իմ մի՛ անցցեն». (ՄԱՏԹ. ԻԴ 35), այսինքն՝ «Երկինք եւ երկիր պիտի անցնին, բայց իմ խօսքերս բնաւ պիտի չանցնին»։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Շատեր կը կարծեն, թէ կեանքի մէջ պայքարիլը եւ կամ անարդարութեան դէմ ձայն բարձրացնելն է կարեւորը, սակայն մեր այսօրուան «վա՜յ»ը կու գայ ըսելու, որ անոնցմէ շատ աւելի կարեւոր ու առաջնահերթ է ժամանակը. պայքարելէ եւ ձայն բարձրացնելէ առաջ կարեւոր է «երբ»ը, որովհետեւ ժամանակը թէ՛ մարդու եւ թէ ազգի մը կեանքին մէջ շատ բան կ՚որոշէ:
Երեւան եւ Ապու Տապի առաջնահերթութիւն կ՚ընծայեն ենթակառուցուածքներու եւ ուժանիւթի ոլորտներուն:
Հայաստանի եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու միջեւ համագործակցութեան որակը փոխելու ուղղեալ որոնումներ:
Խոր ցաւով վերահասու եղանք, թէ իր մահկանացուն կնքած է սփիւռքահայ յայտնի պատմասաց Ալիծ Աղպապեան։
Լիբանանի մէջ ծնած, Հայաստանի մէջ ուսանած եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ հաստատուած Ալիծ Աղպապեանի կորուստը յառաջացուցած է մեծ ցաւ։
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան եւ ազգային ժողովի փոխ-նախագահ Ռուբէն Ռուբինեան վաղը առաւօտ պիտի գան Թուրքիա՝ մասնակցելու համար Անթալիայի Դիւանագիտական ֆորումին։ Պատուիրակութեան մաս պիտի կազմեն նաեւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութենէն պաշտօնատարներ։
Հայոց Պատրիարքարանը ներկայացուեցաւ Սուրբ Աթոռի դիւանապետ Տ. Աղան Վրդ. Գոգճեանի կողմէ:
Ս. Յարութեան տօնին ընդառաջ խորհրդակցութիւն՝ միասնական հաղորդագրութեան բովանդակալից հարցերուն շուրջ:
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը երէկ ընդունեց՝ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ վերապատրաստման մասնակցած հոգեւորականներու հերթական խումբը։ Հայաստանի զանազան թեմերէն մեկնած եւ «Գարեգին Ա.» կեդրոնէն ներս վերապատրաստման մասնակցած հոգեւորականները ստացան Վեհափառ Հայրապետին օրհնութիւնը։
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Յուսահատութիւնը ներկայ դարաշրջանին բնական երեւոյթի մը վերածուած է եւ, դժբախտաբար, մեծ է թիւը այն մարդոց՝ յատկապէս երիտասարդներուն, որոնք կը յաղթուին յուահատութենէն եւ իրենք զիրենք կորուստի կը մատնեն, ոմանք ալ նոյնիսկ անձնասպանութեան կը դիմեն:
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ հիւրընկալեց Պէյօղլուի սուրբ եկեղեցեաց թաղային խորհուրդի ատենապետ Աքսել Թոփալեանն ու գործակից ընկերները։ Ներկայ էին նաեւ Պէյօղլուի սուրբ եկեղեցեաց քարոզիչ Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան եւ երէց Տ. Գէորգ Աւ. Քհնյ. Չընարեան։
Son günlerde kamuoyuna yansıyan ve Ermeni toplumunu hedef alan ırkçı söylemler Süryani Katolik Toplumumuzu rahatsız etmiştir.
Toplumsal barışı zedeleyici her türlü söz ve eylemden uzak durmak ve bu tür olumsuzlukları yaratan kişilere karşı birlikte hareket etmek son derece önemlidir.
ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
Երեւանի «Զուարթնոց» օդակայանն ենք։ Շուրջ երկու ամիս հայրենիքը «վայելելէ» ետք, տէր եւ տիկին Ամերիկա կը վերադառնանք։ Առաւօտ շատ կանուխ էր։ Այդպէս էր մեր թռիչքի ժամը։