Արխիւ
ԺԻՐԱՅՐ ՉՈԼԱՔԵԱՆ
Ուքրայնայի պատերազմը աւարտելու նպատակով, առանց ուքրանացիներու եւ եւրոպացիներու մասնակցութեան, Ռուսաստանի հետ ուղղակի բանակցութիւններ վարելու Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու միակողմանի որոշումը, արեւմտեան «քաղաքակիրթ» ու զարգացած պետութիւններու ակումբին մէջ երկրաշարժ մը յառաջացուց, եւրոպացիներուն համար «երկինքը փուլ եկաւ»։
Երուսաղէմի Հին քաղաքի Հայկական թաղամասէն ներս պատահեցաւ զգայացունց դէպք մը։ Այսպէս, տղամարդ մը կացինով յարձակեցաւ կնոջ մը վրայ
Համպուրկի մէջ կազմակերպուած համաժողովի ծիրէն ներս ասուլիսի ձեւաչափով նախարարական քննարկում։
«Խաղաղութեան խաչմերուկ»ի նպատակն է կապ սետեղծել Արեւելքի եւ Արեւմուտքի, Հիւսիսի եւ Հարաւի միջեւ։
Խոր ցաւով վերահասու եղանք, թէ մեր համայնքի 43-ամեայ անդամներէն Ռաֆֆի Փեքմէզ երէկ առաւօտ երթեւեկի արկածի մը զոհ գացած է Ենիգիւղի մէջ։ Դէպքը պատահած է ժամը շուրջ 09.30-ին։
Բնութեան պարզած պատկերէն՝ մինչեւ մարդոց ներկայացուցած տեսքը…
Երեւոյթները երբեմն հրապուրիչ են, երբեմն ուրախ, սարսափազդու կամ տխուր, երբեմն պայծառ են կամ մռայլ։ Եւ յաճախ այս բոլորը ընդելուզուած է, միահիւսուած թէ՛ աչքի առջեւ եւ թէ մտքերու մէջ։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Հեշտամահութիւն՝ «euthanasie», ընդհանուր առումով կը նշանակէ՝ մահը դիւրացնող կամ արագացնող բժշկական միջամտութիւն։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Լսած էինք, որ կեանքը արդար չէ՛, սակայն, այսքան չէինք պատկերացներ:
Դժբախտութիւն ունինք դժբախտաբար ըսելու, սակայն, մեզ մեծցուցին այն թիւր ըմբռնումով ու հաւատքով, որ քրտնաջան աշխատանքը միշտ կու տայ իր դրական արդիւնքը, որովհետեւ վերջապէս Աւետարանը ի՛նք կ՚ըսէր, թէ մշակը արժանի է իր վարձքին. սակայն, ճշմարտութիւնը թշնամին է այդ իտէալական գաղափարին:
ՏԻԳՐԱՆ ԳԱԲՈՅԵԱՆ
Անհատական մակարդակով մարդկային կեանքի երկար պատմութիւնը կրնանք կապել տարբեր տեսութիւններու: Եւ ինքնին մարդկային կեանքի յառաջացումը ոչինչէն կա՛մ ուրիշ կենդանական շառաւիղէն՝ գիտական հասկացողութիւն ըլլալու կողքին, մեզի կը յուզէ ու կը շարժէ ամենաշատը փիլիսոփայական ու ընկերային-մշակութային առումներով:
Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Նուրհան Ս. Արք. Մանուկեան երէկ նամակ մը ուղարկեց Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիյահուին։ Սուրբ Աթոռի դիմագրաւած ծանր անարդարութեան դիմաց Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը ահազանգ հնչեցուց ամենաբարձր մակարդակի վրայ։
Ամերիկեան «Newsweek»ը վերջերս տեղեկացուց, թէ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ ունի Ատրպէյճանը պատասխանատուութեան ենթարկելու բացառիկ հնարաւորութիւնը. բան մը, որ չըրաւ նախկին նախագահ Ճօ Պայտըն։
Երեւանի մօտ Ռուսաստանի դեսպան Սերկէյ Քոփիրքին արկածահար դարձաւ՝ երէկ պատահած ցաւալի դէպքի մը հետեւանքով։ Մինչ, Երեւանի մէջ կը տիրէ խստաշունչ ձմեռ՝ դեսպանի պաշտօնական ինքնաշարժը երէկ արկածի մը ենթարկուեցաւ։
Թիֆլիզի ղեկավարութիւնը անդրդուելի կը մնայ՝ «3+3» հարթակի աշխատանքներուն չմասնակցելու դիրքորոշման մէջ։ Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով նախընթաց օր յայտնած էր, թէ Հարաւային Կովկասի համար նախատեսուած այս խորհրդատուական հարթակի դուռը միշտ բաց կը մնայ Վրաստանի առջեւ։
Պաքուի մէջ կը շարունակուին Արցախի նախկին ղեկավարներու ձեւական դատավարութիւնները, որոնք վերածուած են՝ Ատրպէյճանի ղեկավարութեան կողմէ կազմակերպուած ցոյցերու։ Ստեղծուած մթնոլորտին մէջ, Արցախի նախկին պետական նախարար Ռուբէն Վարդանեան դարձեալ հացադուլի սկսած է։
Միջազգային օրակարգը այս շրջանին կը բնորոշուի՝ Ուաշինկթըն-Մոսկուա առանցքի իրադարձութիւններով, նաեւ հաւանականութիւններով։ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու եւ Ռուսաստանի յարաբերութիւններուն մէջ արձանագրուած տեղաշարժը կը ձեւաւորէ կլոպալ նոր կլիմայ մը։
Վարչապետի պատգամէն վերջ, արդարադատութեան նախարարին յստակացումը կը հաստատէ պնդումները:
Ըստ Սրբուհի Գալեանի՝ Հայաստանի մէջ նոր սահմանադրութենէն դուրս կրնայ թողուիլ Անկախութեան հռչակագրին յղումը:
Հայկական մտաւորական աշխարհի վառ ներկայացուցիչներէն Տիգրան Պասկեւիչեան այսօր կը դառնայ 60 տարեկան։ Ուրախառիթ եւ ողջունելի յոբելեան մըն է այս մէկը՝ քանի յոբելեարը հայոց արդի տարեգրութեանց մէջ ուրոյն հետք մը ունի՝ իր բազմակողմանի գործունէութեամբ։
Անգարա եւ Մոսկուա միշտ շփման մէջ՝ համաշխարհային անվտանգութեան խնդիրներու կապակցութեամբ:
G20-ի Եոհաննէսպուրկի արտաքին գործոց նախարարներու հաւաքի ծիրէն ներս Հաքան Ֆիտան-Սերկէյ Լաւրով հանդիպում:
ՇԱՀԱՆ ԳԱՆՏԱՀԱՐԵԱՆ
Արցախեան շարժման օրերուն աշխարհակարգի փոփոխութիւններու նախադրեալները հետզհետէ տեսանելի կը դառնային: Խորհրդային Միութեան ղեկավարութեան յայտարարած փերեսթրոյքան եւ կլասնոսթը կայծակնային արագութեամբ նոր իրավիճակներ կը ստեղծէին ներխորհրդային դաշտին եւ, բնականաբար, նաեւ արտաքին աշխարհին մէջ:
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ
Կը շարունակենք մեր խորհրդածութիւնները ընկերային փճացման վիճակի եւ ազդեցութիւններու մասին։
Ներկայ ժամանակներուն «ի՞նչ ընել», հարցման պատասխանը փնտռելու նախապայմանը հիմնուած է «ընկերային փճացման» վրայ։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Նարեկի բժշկական զօրութիւնը ակներեւ է, քանի որ կան բազմաթիւ վկայութիւններ այս մասին։ Բայց հարցը սա է, որ հրաշքի համար հաւատքը անհրաժեշտ է, արդարեւ առանց հաւատքի հրաշք սպասել, բժշկութիւն ստանալ կարելի չէ։