Արխիւ
Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ երէկ ունեցան հեռախօսազրոյց մը։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, անոնք քննարկեցին արդիւնաբերական համագործակցութեան եւ փոխադրութեան ոլորտէ ներս՝ փոխադարձ շահաւէտ շարք մը նախագծերու գործնական իրականացումը։
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Վահագն Խաչատուրեան երէկ Ժընեւի մէջ տեսակցեցաւ Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէի նախագահ Միրիանա Էկէրի հետ։ Նախագահ Խաչատուրեան, որ դէպի Զուիցերիա աշխատանքային այցելութիւն մը տուաւ, Միրիանա Էկէրի հետ արծարծեց Պաքուի մէջ ի պահ դրուած հայ գերիներու, պատանդներու եւ կորսուած անձերու վերաբերեալ խնդիրները։
Ֆէրիգիւղի ընտանիքը այս շրջանին նոր նախաձեռնութիւնով մը հանդէս կու գայ՝ երիտասարդաց երգչախումբ մը ստեղծելու առաջադրութեամբ։ Այսպէս, թաղի Ս. Վարդանանց դպրաց դաս-երգչախումբը մանկապատենական կազմ մը ձեւաւորել կը ձգտի, որպէսզի ապագայ գործունէութիւնը երաշխաւորէ։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ հիւրընկալեց Թրքահայ ուսուցչաց հիմնարկի Կրթական յանձնախումբի ներկայացուցիչները։ Գումգաբուի մէջ անոնք հիւրընկալուեցան ջերմ մթնոլորտի մը մէջ։
ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
Նախ... Խօսիլ Համազգայինի մասին, կը նշանակէ խօսիլ հայ արժէքներու եւ մշակոյթին մասին: Թէեւ շատերուն համար այս տողերը նորութիւններ չեն, սակայն տեսնուած է, որ յաճախ ուրիշ շատեր հարց կու տան, թէ ի՞նչ պէտք է հասկնալ Համազգային ըսելով եւ կամ ի՞նչ են անոր առաքելութեան գլխաւոր ազդակները:
ՏԻԳՐԱՆ ԳԱԲՈՅԵԱՆ
Ընտրեցի պապայիս փողկապներէն, որոնց պատկառելի մասը նորաձեւ էր, թէեւ յարատեւ փողկապ կապող մը չեմ, սակայն անոնցմէ մի քանին հետս Հայաստան բերի:
Միշտ կը մտածէի, որ կեանքի մէջ կերպար ստեղծելը ամենադժուար ու տանջալի առաքելութիւններէն կրնայ համարուիլ․ ի՛նչ ըլլալը, ի՛նչ տեսք ունենալը, ինչպէ՛ս ապրիլը շատ երկար ու յարափոփոխ վիճաբանութիւններ են եւ անոնք տեղի, մշակոյթի, ընկերութեան ու տնտեսական խնդիրներէն կախեալ են, իսկ ժամանակային առումով՝ աննուաճ:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Հեղինակաւոր BBC-ն կը խօսի Հայաստան-Ատրպէյճան հաշտութեան որոնումներու գաղտնի ծալքերու մասին:
Իրական յո՞յս, թէ ժամանակի կորուստ... միջազգային ուշադրութիւնը կեդրոնացած Երեւան-Պաքու առանցքին վրայ:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Երկհնչիւն» կամ «երկբարբառ» կը կոչուի իբրեւ մէկ վանկ արտասանուող այն հնչիւնակապակցութիւնը՝ որ կազմուած է երկու ձայնաւորներէ, կամ մէկ ձայնաւորէ եւ «յ» կամ «ւ» հնչիւնէն։
Հայերէնի երկհնչիւններն են. «այ», «ոյ», «եա», «եօ», «իւ»։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Հայ մեծ բանաստեղծ Պարոյր Սեւակ իր զաւակին գրած մէկ բանաստեղծութեան մէջ կ՚ըսէ. «Չէի ուզի, որ քո կեանքը հարթ խճուղու նման լինէր...». հայր մը՝ որ չ՚ուզեր իր զաւակին կեանքը «դիւրին» ըլլայ, որովհետեւ այնպէս ինչպէս Սեւակ, նոյնպէս մենք կը հաւատանք, որ ճշմարիտ յաջողութիւնը յաղթահարուած դժուարութիւններով կու գայ. որովհետեւ առանց դժուարութիւններու եկած յաջողութիւնը ինքնին ձախողութիւն մըն է. գուցէ այդ է պատճառը, որ մեծ ժառանգութիւն ստացած մարդիկ իրենց կեանքը ձախողութեամբ աւարտած են, որովհետեւ յաջողութիւնը ձեռք բերելու չափ դժուար բան է նաեւ այդ յաջողութիւնը պահելը:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Ի՞նչ է արդեօք այն խորհուրդ խորինը, որով Տանըլտ Թրամփ յառաջիկայ յունուարին պիտի վերադառնայ Սպիտակ տուն՝ այս անգամ որպէս 47-րդ նախագահը աշխարհի հզօրագոյն ուժին եւ գերտէրութեան՝ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներուն։
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ
Ինչպէ՞ս կը տարածուի ընկերային քայքայումը եւ ինչպէ՞ս կարելի է զայն կանխել:
Ընկերագիտութեան մէջ հասարակութիւնը կը դիտարկուի որպէս համակարգ մը, որ համայնքէ մը աւելին է եւ բաղկացած է յարաբերութիւններէն, որոնք ցոյց կու տան տարբեր ձեւեր եւ առանձնայատկութիւններ, եզակի են եւ կը փոխուին ու կը զարգանան մարդոց առօրեայ գործունէութեամբ, նիւթական արտադրութեան եւ դասակարգային պայքարի համաձայն։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մարդ, այնքան հարցերուն, զբաղումներուն եւ մտահոգութիւններու մէջ կը հետաքրքրուի նաեւ կեանքին նպատակին հետ։ Ի՞նչ է աշխարհի գոյութեան իմաստը, մարդ ինչո՞ւ համար կայ, ինչո՞ւ համար կ՚ապրի։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Յաջողութեան ճամբուն վրայ կարեւոր է զգոյշ ըլլալ, սակայն ոչ կասկածամիտ. պէտք է հեռու մնալ ծայրայեղ պահպանողականութենէ. բոլորս ալ գիտենք, որ կեանքը արդար չէ եւ ամէն մարդ իր սեփական շահերուն համար պատրաստ է մեզ հարուածել, սակայն ծայրայեղ կասկածամտութիւնը հիւանդագին վիճակ մը ստեղծելով կը խոչընդոտէ մեր ընթացքը. սխալներ մի՛շտ տեղի պիտի ունենան.
Վրաստանի վարչապետ Իրակլի Քոպախիծէ յայտարարեց, որ իր երկիրը պատրաստ է միջնորդի դեր խաղալ Հայաստան-Ատրպէյճան բանակցութիւններուն մէջ՝ եթէ անոնք փափաքին։
Ազգային պաշտպանութեան նախարար Եաշար Կիւլէր երէկ հիւրընկալեց Անգլիոյ պաշտպանութեան նախարար Ճոն Հալէյը։ Հիւր նախարարը այցելեց TUSAŞ-ի կեդրոնը, որ անցեալ սեպտեմբերի 23-ին ահաբեկչական յարձակման թիրախ դարձած էր։
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղչիի հետ։ Հայկական պաշտօնական աղբիւրները հաղորդեցին, որ նախարարները անդրադարձան երկկողմանի օրակարգին, նաեւ խօսեցան փոխադարձ հետաքրքրութեան առարկայ հարցերուն շուրջ։
Ժընեւի համալսարանի Հայագիտական հետազօտութիւններու կեդրոնի հիմնադրութեան փայլուն 50-ամեակը:
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Վահագն Խաչատուրեան ելոյթով մը հանդէս եկաւ հանդիսաւոր ձեռնարկի ընթացքին:
Թուրքիա-Քաթար գործակցութեան նոր հնարաւորութիւններ կ՚որոնեն՝ զարգացնելու յարաբերութիւնները:
Նախագահ Էրտողան եւ էմիր ալ-Սանի բանակցութիւններ վարեցին՝ Անգարա-Տոհա բազմակողմանի օրակարգին շուրջ:
Համաշխարհային դրամատունը կը ծրագրէ յառաջիկայ տասն տարուայ ընթացքին 150 միլիառ ամերիկեան տոլար յատկացնել՝ կլիմայի վերաբերեալ նախագծերու գանձատրման համար։ «Ինթերֆաքս»ի հաղորդումներու հիման վրայ, «Արմէնփրէս» գործակալութիւնը տեղեկացուց, որ Համաշխարհային դրամատան կայուն զարգացման հարցերով փոխ-նախագահ Եուրկէն Ֆիյոկէլ Պաքուի COP29 գագաթաժողովի ընթացքին այս կապակցութեամբ հանդէս եկաւ մանրամասնութիւններով։
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտարարեց, որ յատկապէս վերջին տարիներուն տասնեակ անգամ կարդացած է Անկախութեան հռչակագիրը։ «Ես եկած եմ սարսափելի եզրակացութեան մը, թէ այդ Անկախութեան հռչակագրին բովանդակութիւնը այն մասին է, որ Հայաստանի Հանրապետութիւնը չի կրնար գոյութիւն ունենալ։ Սա մեր ամենամեծ խնդիրն ու ողբերգութիւնն է», ըսաւ ան։