Արխիւ
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին երէկ նշեց տարուան վերջին տաղաւարը՝ Խաչվերացը։ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան Խաչվերացի տօնակատարութիւններուն նախագահեց Սկիւտարի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ, ուր տուաւ օրուան պատգամը։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Անցեալ օրերուն հնչեցին յայտարարութիւններ, որոնք կը վկայեն Թեհրան-Մոսկուա բաւական բարձր լարուածութեան մասին։ Թերեւս առաջին անգամն է, որ այսպիսի լարուածութիւն մը ի յայտ կու գայ Ռուսաստանի եւ Իրանի միջեւ։
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը իր պատմութեան ընթացքին ընդունած է բազմահազար հայ եւ օտար նշանաւոր մարդիկ: Հայաստան այցելող բոլոր կարեւոր հիւրերը, արուեստագէտները, մտաւորականները, հոգեւոր եւ քաղաքական գործիչները անպայման այցելած են նաեւ Էջմիածին՝ հաղորդուելու Մայր Աթոռի սրբազան լոյսին եւ հանդիպելու Ամենայն Հայոց կաթողիկոսներուն հետ:
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ
Առցանց խաղերը, որոնք մեր կեանքին մէկ մասը դարձած են թեքնոլոժիի զարգացմամբ, կը գրաւեն անհատներու ուշադրութիւնը՝ յատկապէս դեռահասութեան շրջանին։ Հասկնալի է, որ այդ խաղերէն շատերը կը ներառեն պատերազմի, զէնքի եւ բռնութեան երեւոյթը:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Հրաչեայ Աճառեան իր «Հայերէն արմատական բառարան»ին մէջ կը գրէ, թէ՝ «իր» բառի գործիական հոլովն է՝ «իրաւ». «իրօք»՝ որ ստացած է մակբայական գործածութիւն՝ «արդեամբ», «գործով», «հաւաստեաւ» նշանակութեամբ։ «Իրօք բարկացուցեր եւ բանիւք հաշտեցուսցես»՝ հակադրուած են իրար հետ՝ խօսք եւ գործ։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Այսօր ծնունդն է հայ մտաւորական մը, որ լոյս աշխարհ եկած է մեր թուականէն 202 տարիներ առաջ՝ 1822 թուականին. մտաւորական, որ բժիշկ ըլլալով հանդերձ իր մէջ ունէր մտաւորական գրող ըլլալու Աստուածային շնորհքը եւ անբացատրելի ձեւով անգիր գիտէր հայոց պատմութիւնը. ըմբոստ պայքարելու բոլոր անիրաւութիւններուն դէմ, զոր կը նեղէր իր ազգն ու արիւնակիցները։
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան այսօր պաշտօնական այցելութիւն մը կու տայ Թիֆլիզ, ուր կը հիւրընկալուի Վրաստանի վարչապետ Իրակլի Քոպախիծէի կողմէ։
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքըն վերահաստատեց Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ կայուն եւ արժանապատիւ խաղաղութեան հաստատման կարեւորութիւնը։ Ուաշինկթընի պաշտօնական աղբիւրները վերջին օրերուն մանրամասնութիւններ հրապարակեցին՝ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Էնթընի Պլինքընի միջեւ նախօրէին տեղի ունեցած հեռախօսազրոյցին շուրջ։
Օքամփօ. «Աշխարհասփիւռ հայութեան ջանքերը պէտք է միաւորուին՝ հայ գերիներու ազատութեան համար»:
Միջազգային քրէական ատեանի նախկին աւագ դատախազը Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի մէջ տեսակցեցաւ Վեհափառ Հայրապետին հետ:
Ռուսաստանի փոխ-վարչապետը ծանօթացաւ ջրհեղեղէ վնասուած երկաթուղիի վերականգնման աշխատանքին:
Օվերչուքի խօսքով՝ տարածաշրջանային հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակումը հնարաւոր է Հայաստանի ինքնիշխանութեան, տարածքային ամբողջականութեան եւ իրաւազօրութեան սկզբունքներու պահպանմամբ՝ Երեւան-Մոսկուա-Պաքու յայտարարութեան հիմքով:
Իսթանպուլի մօտ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու աւագ հիւպատոս Ճուլի Իտէ երէկ հիւրընկալեց Թուրքիոյ ոչ-իսլամ փոքրամասնութիւններու մամլոյ ներկայացուցիչները։ Այսպէս, աւագ հիւպատոս Իտէ կէսօրուան ճաշի սեղանի շուրջ համախմբուեցաւ փոքրամասնութիւններու համայնքային թերթերու գլխաւոր դէմքերուն հետ։
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ հիւրընկալեց Ռուսաստանի փոխ-վարչապետ Ալեքսէյ Օվերչուքը, որ շփումներ ունեցաւ Երեւանի մէջ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Փաշինեան եւ Օվերչուք անդրադարձան Եւրոասիոյ տնտեսական միութեան (ԵԱՏՄ) շրջանակներէն ներս համագործակցութեան վերաբերեալ հարցերու։
ԳՐԻԳՈՐ ԱՒ. ՔՀՆՅ. ՏԱՄԱՏԵԱՆ
Խաչվերացի տաղաւարի հոգեւոր ուրախութիւնը անգամ մը եւս կը համակէ մեզ, երբ կը յիշենք Խաչը եւ Խաչեալը եւ խաչին նկատմամբ ցուցաբերուած նախանձախնդիր կեցուածքը բոլոր անոնց, որոնք լաւագոյնս ըմբռնած էին իմաստը անկրկնելի Սուրբ Պատարագին, որ մէկ անգամ մատուցուեցաւ, որուն զօրութիւնը անանց է եւ յաւիտենական։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Խաչանիշը՝ Քրիստոսի կնիքը կը դրոշմէ անոր վրայ, որ Իրեն պիտի պատկանի, ան նաեւ կը նշանակէ փրկութեան այն շնորհքը՝ զոր Քրիստոս մեզի համար ձեռք ձգեց Իր Խաչով։
Նոր Ուխտին խորանը՝ Տիրոջ Խաչն է, որմէ կը բխին զատկական խորհուրդին սուրբ խորհուրդները։
ՏՔԹ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ
Հայուն պատմութիւնը տարածուած է քիչ մը ամէն տեղ: Այս տարածուած վիճակին մէջ հայը կերտած է մշակոյթ եւ քաղաքակրթութիւն:
ՏԻԳՐԱՆ ԳԱԲՈՅԵԱՆ
Ապագայապաշտութիւնը կամ ապագայականութիւնը (futurisme), թէեւ 20-րդ դարուն ծագած հասկացողութիւն մըն է եւ զայն առաւելապէս արուեստի եւ շինարարութեան մէջ ձեւ ու էութիւն ստացաւ, բայց ժամանակակից կեանքին հետ ապագայականութիւնը (ոչ իբրեւ տեսութիւն, դպրոց կամ նոյնիսկ դպրութիւն) արդիականութեան հետ հոմանիշութիւն մը ձեռք բերաւ եւ մարդկային ապրուստի, ոճի եւ մտածմունքի-մտածելակերպի ընդմէջէն կեղծ կամ իրական, այսպէս ըսած վաւերականութիւն ստացաւ:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Փոքր ժամանակ բազմիցս կրկնեցին, որպէսզի հասկնանք. «փոքր ու մեծ մեղք գոյութիւն չունի. մեղքը մեղք է». այսպէս կամ այնպէս հասկցանք, որ մէկ հաւկիթ գողցողն ու ամբողջ հաւնոց մը յափշտակողը նոյնացնողը անոնց գող ըլլալն է. ի՜նչ փոյթ թէ Ջիւանին մէկ հաւ գողցողը «խեղճ» նկատելով «խելքի՛ աշեցէք» կը բարձրաձայնէր:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Փարիզի «Նոր Յառաջ»ը խօլ արշաւ մը կը դիմագրաւէ՝ կուսակցական շրջանակներու «Նիկոլական» դարձած ըլլալու պնդումներով։ Եւրոպահայութեան լուրջ մարտահրաւէրը։ Սփիւռքեան մամուլի հաստատութենականացած կաղնիներէն մին գոյատեւման պայքար կը մղէ։ Թերթի խմբագրութիւնը հաշուեյարդարի՞ կ՚ենթարկուի որդեգրած գծին համար։ Անկախ լրատուամիջոցը՝ մանաւանդ այժմու ժամանակներուն կարծես անպիտան բան մը դարձած է հայոց համար։
Պատրաստեց՝ ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Անցեալ շաբաթ մեր ընթերցողներուն ներկայացուցինք Եղիազար Մուրատեանի կեանքն ու գործունէութիւնը, ինչպէս նաեւ անոր մասին կարծիքներ, նաեւ Ռեթէոս Պէրպէրեանի խօսած դամբանականը ներկայացուցինք:
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ
Ճարտարապետութեան եւ զբօսաշրջութեան փոխյարաբերութիւններու մէջ կան փոխազդեցութիւններ: Զբօսաշրջութեան պահանջը կրնայ կրօնական շէնքերը վերածել պատկերասրահներու, խորհրդարանները՝ զբօսաշրջութեան վայրերու, երկնաքերերը՝ համայնապատկերային աշտարակներու կամ մասնաւոր բնակավայրերը՝ թանգարաններու: