Արխիւ
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Եթէ ուսումնասիրենք մարդկային պատմութիւնը, պիտի տեսնենք, թէ մարդ արարածին համար ինչքան կարեւոր եղած է աւանդութիւնը, որոնք դարերու ընթացքին ձեւաւորուելով կազմած են մարդկային ըմբռնումն ու հասկացողութիւնը:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Հարցում. Բարկացկոտ կամ կռուազան կիներու մասին առակագիրը որեւէ մէկ բան կ՚ըսէ՞:
Պատասխան. Այո՛, կ՚ըսէ: Կը կարդանք. «Աղէկ է տանիքի մը անկիւնը բնակիլ, քան թէ կռուազան կնոջ հետ՝ մեծ տան մէջ» (Առ 25.24):
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Նախապէս, հայուն հայերէնի օտար եւ անծանօթ ըլլալուն մասին խորհրդածած եւ մեր մտահոգութիւնները յայտնած էինք։ Այս մասին տեսակցութիւններ ունեցանք հայերու հետ՝ որոնք հայերէնի օտար եւ անծանօթ էին։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Աւանդութիւններու մէջ Արամ Ա. Կաթողիկոս կը յիշէ նաեւ արժէքներու խնդիրը. իրականութեան մէջ հարցականի տակ է, թէ ի՞նչ է հայուն արժէքները. վերջապէս «արժէք» ըսելով ի՞նչ պէտք է հասկնալ, մանաւանդ նման ժամանակաշրջանի մը մէջ, ուր հայը օտարին արժէքները շատ աւելի գրաւիչ ու առաջնահերթ կը նկատէ, քան իր սեփականը:
Երեւանի Պետական համալսարանի (ԵՊՀ) եւ ՄԱԿ-ի Բնակչութեան հիմնադրամի միջեւ երէկ ստորագրուեցաւ փոխըմբռնման յուշագիր։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, փաստաթուղթը ստորագրեցին ԵՊՀ-ի վերատեսուչ Յովհաննէս Յովհաննիսեան եւ յիշեալ հիմնադրամի Հայաստանի գրասենեակի ղեկավար Լուսինէ Սարգսեան։
Հայկական երաժշտութեան կենդանի առասպելներէն մաէսթրօ Տիգրան Մանսուրեան արդէն 85 տարեկան է։ Այս յոբելեանին առթիւ լոյս ընծայուած է «Տիգրան Մանսուրեան» մենագրութեան, որ նուիրուած է մեծանուն արուեստագէտի կեանքին ու գործունէութեան եւ որու հեղինակն է Աննա Արեւշատեան։
Խոր ցաւով վերահասու եղանք, թէ Երեւանի մէջ իր մահկանացուն կնքած է փորձառու լրագրող եւ վերլուծաբան Արմէն Դուլեան։ Շաբաթավերջին իր ինքնազգացողութիւնը յանկարծ ծայրայեղ ձեւով վատթարացած է բնակարանին մէջ եւ դժբախտաբար, կարելի չէ եղած կեանքը փրկել եւ 71 տարեկան հասակին կնքած է իր մահկանացուն։
Երեւանի եւ Դամասկոսի ղեկավարութիւնները կը քննարկեն համագործակցութեան հնարաւորութիւնները:
Հայաստանի եւ Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւններուն միջեւ կարծիքի բազմակողմանի փոխանակումներ:
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ հիւրընկալեց Միջազգային խաղաղութեան «Քարնեկի» հիմնադրամի ներկայացուցիչները՝ յայտնի վերլուծաբան Թոմաս տը Վաալը, նախկին երեսփոխան Կարօ Փայլանն ու Եուճին Ռումէրը։
Արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան այսօր կ՚այցելէ Ռիատ, ուր կը հիւրընկալուի Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարար Ֆայսալ պին Ֆարհան ալ Սուուտի կողմէ։ Պաշտօնական աղբիւրները բանակցութիւններու օրակարգին շուրջ մանրամասնութիւններ չեն հրապարակած։
Երուսաղէմի հայոց վանքի Սրբոց Յակոբեանց Մայր տաճարի երդիքին տակ էքիւմենիք հանդիսաւոր աղօթք:
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ կողմէ քարոզեց Սուրբ Աթոռի դիւանապետ Տ. Աղան Վարդապետ Գոգճեան:
Ամեն. Սրբազան Պատրիարք Հայրը ընդունեց Արթօ եւ Դալար Հորոզօղլու ամոլն ու Նազար Պինաթլըն:
Կէտիկփաշայի «Հրանդ Տինք» դպրոցին համար նուիրահաւաքը այս շաբաթավերջին համայնքի ուշադրութեան առարկայ:
Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան երէկ ընդունեց Կաթողիկէ հայոց պատրիարքական կառավարիչ Տ. Վարդան Ծայրագոյն Վարդապետ Գազանճեան Գերապայծառը։ Տեսակցութիւնը տեղի ունեցաւ Իսթանպուլի մէջ, «Աթաթիւրք» օդակայանի պետական հիւրանոցի երդիքին տակ։
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Վաստակաւոր ուսուցիչ եւ հեղինակ Համբարձում Երամեանի գործը՝ ուսուցչագործութիւնն ու սերունդներու կրթութիւնը մնաց հայոց դպրոցի եւ մանվարժութեան պատմութեան՝ հպարտանք ներշնչող էջերէն, որու մասին այսօր կը կարդանք գիրքերուն մէջ։
Գատըգիւղի Ս. Լեւոն հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ մէջ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ նորոգ հանգուցեալ Մերի Այտա Մաճարօղլուի փառաշուք յուղարկաւորութիւնը։ Իր կորուստը վերջին օրերուն խոր ցաւ յառաջացուցած էր համայնքային՝ մանաւանդ Գատըգիւղի ընտանիքի շրջանակներէն ներս։
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Պոլսահայ գրող, ուսուցիչ, հասարակական եւ մշակութային գործիչ Արմենակ Հայկունիի (Համբարձում Յարութիւնի Ճիզմէճեան) 190-ամեակը կը լրանայ այս տարի։ Ծնած է Պոլիս, 1835 թուականին։ Դպրոցական շրջանը աւարտելէ ետք իբրեւ թարգման անգլիական զինուորական Քոլոնէլ Հայնիի, կը մասնակցի Խրիմի պատերազմին։
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ
Կրթական հաստատութիւններէ ներս մասնագէտներու ճիշդ թեկնածուներ գտնելը ուշադրութիւն պահանջող գործընթաց մըն է։ Կան ընկերութիւններ, որոնք մասնագիտացած են մանկական հոգեբաններու եւ խորհրդատուներու աշխատանքի տեղաւորման գործով։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Այս տարի յունիսին պիտի լրանայ Կիպրոսի Մելգոնեան կրթական հաստատութեան փակման 20-րդ տարին։ Ամէն տարուայ յունուարին, աշխարհով մէկ սփռուած մելգոնեանցիները յիշեցին վարժարանի բարեյիշատակ հիմնադիրները՝ Աղա Կարապետ եւ Աղա Գրիգոր Մելգոնեանները ու յարգեցին անոնց յիշատակը։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Աշխատանքը աղօթք է՝ սրբութիւն, որովհետեւ աստուածատուր հրահանգ մըն է ան, ով որ կ՚աշխատի օգտակար կ՚ըլլայ իր շուրջիններուն։ Այս իմաստով մարդ երբ կ՚աշխատի՝ ո՛չ միայն իրեն համար, այլ կ՚աշխատի իր մերձաւորներուն համար։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Այս տարի հռչակուեցաւ «Աւանդութիւններու վերակենսաւորման տարի». որպէս խորագիր ականջի անուշ կը հնչէ. առաջին հերթին աւանդութիւն ըսելով ի՞նչ պէտք է հասկնալ. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. Կաթողիկոսը աւանդութիւնը կը բացատրէ հետեւեալ ձեւով. «Ընդհանուր սահմանումով, աւանդութիւնը տուեալ ազգի մը, կրօնի մը կամ որեւէ կազմակերպութեան առընչուած հաւատալիքներու, արժէքներու, իտէալներու, նպատակներու, տեսլականներու, կենցաղակերպերու, մտածողութիւններու, գործելակերպերու ու սովորութիւններու ամբողջութիւնն է, ինչպէս նաեւ՝ անոնց փոխանցումը սերունդէ սերունդ». եթէ մենք ալ աւանդութիւնները հետեւեալ ձեւով կ՚ընդունինք, ապա կրնանք ըսել, որ ինչպէս մարդուժի պատրաստութիւնը, այս մէկը եւս շատ կարեւոր տեղ ունի՝ մանաւանդ մերօրեայ հայ ժողովուրդին համար: