Արխիւ
Արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան շաբաթավերջին այցելեց Պաղտատ, ուր հիւրընկալուեցաւ Իրաքի արտաքին գործոց նախարար Ֆուատ Հիւսէյինի կողմէ։ Ֆիտան համոզուած է, թէ Իրաքէ ներս մշտական կայունութեան եւ անդորրութեան հաստատման համար անհրաժեշտ է լիարժէք անվտանգութեան ապահովումը։
Հայաստանի վարչապետը ներկայ տարեմուտին իրերայաջորդ մամլոյ ասուլիսներով հանդէս կու գայ:
Ըստ Փաշինեանի՝ Պաքուի մէջ հայ գերիներու դէմ արգիլեալ միջոցներ կը կիրառուին՝ նոր մագլցում հրահրելու նպատակով:
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ կիրակնօրեայ արարողութիւններէն վերջ խաղաղութեան աղօթք:
Վեհ. Հայրապետին գլխաւորութեամբ առ Աստուած աղօթք բարձրացուեցաւ՝ զինուորներու անվտանգ ծառայութեան համար:
Երէկ երեկոյեան, «Աթաթիւրք» մշակոյթի կեդրոնին (AKM) մէջ տեղի ունեցաւ «Թամարի ճակատագիրը» խորագրեալ գեղարուեստական ներկայացումը։
Գատըգիւղի Ս. Լեւոն հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ մէջ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ նորոգ հանգուցեալ Մերի Այտա Մաճարօղլուի փառաշուք յուղարկաւորութիւնը։ Իր կորուստը վերջին օրերուն խոր ցաւ յառաջացուցած էր համայնքային՝ մանաւանդ Գատըգիւղի ընտանիքի շրջանակներէն ներս։
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Պոլսահայ գրող, ուսուցիչ, հասարակական եւ մշակութային գործիչ Արմենակ Հայկունիի (Համբարձում Յարութիւնի Ճիզմէճեան) 190-ամեակը կը լրանայ այս տարի։ Ծնած է Պոլիս, 1835 թուականին։ Դպրոցական շրջանը աւարտելէ ետք իբրեւ թարգման անգլիական զինուորական Քոլոնէլ Հայնիի, կը մասնակցի Խրիմի պատերազմին։
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ
Կրթական հաստատութիւններէ ներս մասնագէտներու ճիշդ թեկնածուներ գտնելը ուշադրութիւն պահանջող գործընթաց մըն է։ Կան ընկերութիւններ, որոնք մասնագիտացած են մանկական հոգեբաններու եւ խորհրդատուներու աշխատանքի տեղաւորման գործով։
ՏՔԹ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ
Արմէն Վանեան ծնած է Երեւան: Ան շրջանաւարտ է Երեւանի Պետական համալսարանի Տնտեսական եւ առեւտրական գիտութիւններու բաժանմունքէն՝ արժանանալով տոքթորական վկայականին:
Հայաստանի Ազգային ժողովի Եւրոպայի համարկման հարցերու մշտական յանձնաժողովը դրական եզրակացութիւն տուաւ այն օրէնքի նախագծին, որով սկիզբ պիտի առնէ երկրի Եւրոմիութեան անդամակցութեան գործընթացը:
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղար Մարքօ Ռուպիօ եւ Չինաստանի արտաքին գործոց նախարար Վան Եի երէկ ունեցան հեռախօսազրոյց մը։
«Արաս» հրատարակչութեան համահիմնադիրներէն Եդուարդ Թովմասեան այս շաբաթավերջին կ՚ոգեկոչուի իր մահուան քառասնից լրման առթիւ։
Զուիցերահայ համայնքի ներկայացուցիչներուն եւ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետին միջեւ ջերմ տեսակցութիւն: Նիկոլ Փաշինեան եւ Վահէ Կապրաշ կանգ առին կրթութեան որակի բարձրացման վրայ՝ մասնագէտներու պատրաստութեան ճանապարհին:
Հաքան Ֆիտան եւ Քայա Քալլաս երէկ քննարկեցին Անգարա-Պրիւքսէլ օրակարգի բազմաբնոյթ առաջնահերթ հարցերը: Ըստ յանձնակատարին՝ Թուրքիա կարեւոր դեր մը ունի Եւրոպայի անվտանգութեան ուղղութեամբ եւ կայ համագործակցութեան հնարաւորութիւն:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մարդիկ մէկ ծագում ունին՝ հաւասար եւ ազատ կը ծնին. ընկերային կեանքը զանոնք զանազան դասաւորումներու կ՚ենթարկէ եւ բնական ազատութիւնը հասարակաց բարիքին համեմատ կը կանոնաւորուի։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Բնական է, որ Խորհրդային Հայաստանը պիտի չի կրնար թէ՛ բարոյապէս եւ թէ նիւթապէս նեցուկ ու օժանդակ դառնալ նոր ստեղծուած սփիւռքին, գոյութիւն ունեցող զանազան արգելքներու եւ խստութեան պատճառով, սակայն յետ անկախութեան եկող տարիները եւս տարբերութիւն մը չունեցան Խորհրդային տարիներէն:
ՏԻԳՐԱՆ ԳԱԲՈՅԵԱՆ
Բարեկամութիւնը կեանքի ամենամեծ արժէքներէն մէկն է ու մարդկային յարաբերութիւններու ամենաարժէքաւոր երեւոյթներէն: Այն կապը, որ կը ստեղծուի երկու հոգիի միջեւ՝ փոխադարձ հաւատքով, յարգանքով եւ սէրով, կեանքը կը դարձնէ աւելի գեղեցիկ եւ իմաստալից ու հաճելի:
Պատրաստեց՝ ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Անցեալ շաբաթ մեր ընթերցողներուն ներկայացուցինք փունջ մը Եղիա Տէմիրճիպաշեանի բանաստեղծութիւններէն: Իսկ այսօր, պիտի ներկայացնենք Տէմիրճիպաշեանի գրութիւններէն հատուածներ:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Վերջին ժամանակներուն ընկերային ցանցերու «ընձեռած» դիւրութիւնները յաճախ ընդունուեցան սուիններով։ Մարդիկ, բացի իրենց անձնական կեանքը ներկայացնելու միտումէն, խօսեցան ու գրեցին ամենատարբեր հարցերու մասին։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունեց Ենիգիւղի Գիւտ Տփոյ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Կարպիս Գալայճեանն ու գործակից ընկերները։ Զրոյցի ընթացքին թաղականները Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր տեղեկութիւններ տուին իրենց գործունէութեան շուրջ։
Պաքըրգիւղի Ծնունդ Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդը երէկ հրապարակեց մամլոյ հաղորդագրութիւն մը։ Համայնքային կեանքէն ներս կայծակնային արագութեամբ տարածուած մտահոգիչ իրադարձութեան մը բաւական յապաղումով արձագանգած է թաղային խորհուրդը։