ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱՑ ԱՊԱԳԱՅԻՆ ՀԱՄԱՐ ԽՐԱԽՈՒՍԱՆՔ
«Բարեկամ» ընկերային զօրակցութեան խումբը տեղեկացուց, որ համայնքի երիտասարդներու ապագային ուղղեալ աշխատանքները բարեացակամութիւն, այնտեղ միշտ լուծում կայ» կարգախօսին ներքեւ «Բարեկամ» խումբը եկած է հրապարակաւ շնորհակալութիւն յայտնել չորս բարերարի, համայնքային վարժարաններուն համար ելեկտրոնիկ գրետախտակներու ձեռքբերման բերումով։ Արդարեւ, այս խումբը կը ջանայ իր նպաստը բերել Պէզճեան Մայր վարժարանին, Սահակեան-Նունեան վարժարանին եւ Թոփգաբուի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանին։
«Բարեկամ»ի այս նախաձեռնութիւններու հերթական փուլին նուիրատուութիւններով խրախուսական դեր խաղացած են՝ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլու, Գարակէօզեան տան խնամակալութեան ատենապետ Տիգրան Կիւլմէզկիլ, յայտնի գործարար Եթքին Պէրպէրօղլու եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներէն Հերման Քարաքայա։