Արխիւ
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Իւրաքանչիւր մարդու համար մեծութիւնն ու շրջանակի մէջ հաստատուած անձի մը տպաւորութիւն ձգելու հասկացողութիւնը տարբեր համոզում ու հասկացողութիւն ունի։ Այս մէկը առաւելաբար կը կազմաւորուի պատանեկութեան շրջանին, ուր ընկերութեան մէջ տեղ գրաւելը աւելի էական կը դառնայ. պատանին կ՚ուզէ իր զգալի ազդեցութիւնը ունենալ իր հասակակիցներուն մօտ, անոնց մօտ որոշ արժէք եւ պատկեր մը ստեղծելու:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Վերջերս ստացայ բազմաշխատ հայագէտին՝ պրն. Յակոբ Չոլաքեանին հրատարակած մէկ նոր գիրքը՝ «Լեզուական հնհնուքներ»: Գիրքը կը բաղկանայ քառասունհինգ գրութիւններէ, որոնք բոլորն ալ՝ ինչպէս գիրքին վերանգիրը կը յուշէ, կը խօսին մեր լեզուին՝ յատկապէս արեւմտահայերէնին առընչուող խնդիրներու եւ երեւոյթներու մասին:
ՄՈՒՀԱՄՄԱՏ ԱԼ-ՄԱՂՈՒԹ
Արաբերէնէ թարգմանեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Պարեկային ծառայութիւն. մարէ՛ շարժիչը, ինչո՞ւ կը գերազանցես օրինական արագութիւնը:
Վարորդ. իրադարձութիւններուն հետեւելու համար:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Եւ կը քարկոծէին Ստեփանոսը, որ աղօթք կ՚ընէր եւ կ՚ըսէր.- Տէ՛ր Յիսուս, ընդունէ իմ հոգիս։ Եւ ծունկի վրայ գալով բարձրաձայն աղաղակեց.- Տէ՛ր, այս մեղքը մի սեպեր անոնց։ Այս ըսելով ննջեց։ Սօղոս ալ կամակից էր անոր սպաննուելուն». (ԳՈՐԾՔ. Է 58-59)։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Եւ ո՞վ պիտի ուզէր միթէ մերժել հայու այդ թրքախօս զաւակները…
Մի քանի օրեր առաջ ատելութեան թիրախ դարձան մի քանի հայորդիներ, որոնք համարձակութիւնը ունեցած էին թրքերէնով պատասխանել «CNN Türk» լրատուականին Հալէպի մէջ տուած մի քանի հարցերուն՝ կապուած Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցած վերջին իրադարձութիւններուն:
Հալըճըօղլուի գերեզմանատան մատրան մէջ երէկ Ս. Պատարագ մատուցուեցաւ՝ Ս. Ստեփանոսի տօնին առթիւ։ Պատարագիչն էր Տ. Կորիւն Աւ. Քհնյ. Ֆէնէրճեան։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց դպրաց դաս-երգչախումբի անդամներուն կողմէ՝ ղեկավարութեամբ Էտվին Սրկ. Կալիպօղլուի։
Երէկ, Պէյօղլուի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Ս. Ստեփանոսի տօնին առթիւ ժամերգութիւն, որուն նախագահեց Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան։ Ներկայ էին նաեւ Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան, Տ. Սարգիս Աւ. Քհնյ. Գույումճեան եւ Տ. Գէորգ Աւ. Քհնյ. Չընարեան։
Երէկ, Ս. Ստեփանոսի տօնին առթիւ, Եշիլգիւղի համանուն եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցան փայլուն տօնակատարութիւններ, որոնց հանդիսապետեց եւ օրուան պատգամը տուաւ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան։ Ս. Պատարագը մատոյց Տ. Մելքոն Քհնյ. Փընարճեան։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան Եշիլգիւղի Սահակ-Մեսրոպ դպրաց դաս-երգչախումբին կողմէ՝ Տ. Զօհրապ Քհնյ. Ճիվանեանի մականին ներքեւ։
Թուրքիոյ Հայ Կաթողիկէ հասարակութիւնը այս տարի Ս. Ծնունդը կը նշէ՝ իր նոր հոգեւոր առաջնորդի մականին ներքեւ։ Իւրաքանչիւր հասարակութեան տեսակէտէ նոր հոգեւոր առաջնորդ մը ունենալը բացառիկ երջանկութիւն է՝ ինչ որ կը բիւրեղանայ մանաւանդ մեծ տօներու շրջանին։
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի նախագահութեամբ, երէկ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ նշուեցաւ Սուրբ Ստեփանոս նախասարկաւագի յիշատակութեան տօնը։ Ըստ ընկալեալ սովորութեան, Սուրբ Էջմիածնի Մայր Տաճարին մէջ, օրուան տօնին առթիւ կատարուեցաւ սարկաւագի ձեռնադրութիւն։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց «Բարեկամ» խումբի անդամները եւ համայնքային վարժարաններէն խումբ մը աշակերտներ։ Աւետիս Սէյրանի կողմէ գլխաւորուած հիւրերը ստացան Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր օրհնութիւնը եւ Ամանորի ընդառաջ իրենց համար մասնաւոր նշանակութիւն ունեցաւ այս զրոյցը։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունեց Երեւանէն լրագրող-հրապարակագիր Սագօ Արեանը, որ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի սիւնակագիրներէն է ու միեւնոյն ժամանակ կը խմբագրէ «Արեւելք» կայքէջը։
Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ։ Անոնք քննարկեցին Հարաւային Կովկասի առկայ իրավիճակը, ինչպէս նաեւ շօշափեցին միջազգային օրակարգի զանազան հարցեր։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Լիբանանի Այնճար հայկական նշանաւոր գիւղի հիմնադրութիւնը. 85 տարիներու յետադարձ հայեացք:
«Տուներու շինութիւնը սկսաւ 1940 թուականին. իւրաքանչիւր ընտանիքի համար միայն մէկ սենեակ նախատեսուած էր»:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Ատրպէյճան-ԱՄՆ յարաբերութիւններու ընդհանուր ուղեծիրը կը վերարժեւորուի վարկածներու լոյսին տակ:
Ուաշինկթըն-Պաքու առանցքին վրայ ենթադրութիւններու համար նկատի կ՚առնուին նաեւ շարք մը դաւանական գործօններ:
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին այսօր կը նշէ Ս. Ստեփանոս նախասարկաւագի յիշատակութեան տօնը։ Ըստ ընկալեալ սովորութեան, երէկ երեկոյեան, Ս. Ստեփանոսի տօնի նախատօնակը կատարուեցաւ խանդավառ մթնոլորտի մէջ։
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Յայտնի է, որ հայ երաժշտագիտութեան երախտաւորը, հայ երգի անմահ մարտիկը՝ Կոմիտաս, շրջան մը բնակած եւ գործած է Պոլիս: Ընդհանրապէս, Կոմիտասի գիտակցական եւ ստեղծագործական կեանքի վերջին հինգ տարիները հիմնականօրէն կապուած են պոլսական իրականութեան հետ։
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Հարցում. Ինչպէ՞ս հասկնալ Առակագիրին հետեւեալ խօսքերը. «Թագաւորին առջեւ մի՛ պարծիր եւ մեծերուն տեղը մի՛ կենար, վասնզի աղէկ է որ քեզի ըսեն թէ “հո՛ս, վեր ելիր”, քան թէ վար իջեցնեն քեզ իշխանին առջեւ» (Առ 25.6-7):
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Աւելի երանելի է տա՛լը, քան թէ առնելը». (ԳՈՐԾ. Ի 35)։ Երբ յաճախ կը կարդանք Սուրբ Գիրք «Առաքեալներու Գործեր» գիրքին մէջ կը հանդիպինք վերոյիշեալ համարին։ Այս համարը մեզի կը յիշեցնէ Ս. Ծնունդի առիթով ուրախացնել շուրջինները։