Արխիւ
Մեր համայնքէն Սարին Պայծառ Արսլան յաջողութեամբ աւարտած է «Մետիփոլ» համալսարանի բժշկական ֆաքիւլթէն։ Ան Պաղճըլարի համանուն հիւանդանոցէն ներս ասպարէզի առաջին քայլերը առած է՝ ներքին հիւանդութեանց ուղղութեամբ։
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Հայաստանեան իրականութիւնը այսօր ակնյայտ կերպով ճգնաժամի մը մէջ կը գտնուի։
Իշխանական կառոյցներուն եւ բարձրաստիճան հոգեւորականներուն միջեւ յառաջացած հակադրութիւնը ստեղծած է բաւական բարդ եւ բազմաշերտ իրավիճակ մը, զոր կարելի է համառօտ կերպով բնորոշել որպէս ինքնութեան եւ բարոյականութեան ճգնաժամ։
Շիշլի մարզակումբի վարչութեան ատենապետ Ալէն Թեքպըչաք, որ ներկայիս կը գտնուի Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ, երէկ ընդունուեցաւ Նիւ Եորքի մօտ Թուրքիոյ աւագ հիւպատոս Մուհիտտին Ահմէտ Եազալի կողմէ։
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Հայ ժողովուրդին ներկայ վիճակը՝ թէ՛ Հայաստանի եւ թէ սփիւռքի մէջ կարելի է վերնագրել այսպէս. «Բոլորը կը խօսին…», եւ վերնագիրին որպէս պատասխան կարելի է ըսել. «Բայց զիրար չեն լսեր…»:
«Առանց ահաբեկչութեան Թուրքիա» նախաձեռնութեան շրջանակներէն ներս ներկայիս իրերայաջորդ կարեւոր զարգացումներ կ՚արձանագրուին։
Յունաստանի հռչակաւոր մեներգիչներէն Քոնստանդինոս Արկիրոս երէկ երեկոյեան քաղաքիս մէջ հանդէս եկաւ համերգով մը, որու պատուոյ հիւրն էր Տ.Տ. Պարթոլոմէոս Ա. Ուղղափառաց Ծայրագոյն Պատրիարքը։
«Առանց ահաբեկչութեան Թուրքիա» նախաձեռնութեան շրջանակներէն ներս Իրաքի հետ համագործակցութիւն:
ՄԻԹ-ի ղեկավար Իպրահիմ Քալըն այցելեց Պաղտատ, ուր ընդունուեցաւ վարչապետ Մուհամմէտ Շիի էլ-Սուտանիի կողմէ:
ARA KOÇUNYAN
Türkiye Ermeni toplumunda Patriklik Makamı’nın tüzel kişiliği olmaması en büyük kargaşa nedenlerinden. Patrikhane hem kendisi denetim dışı hem de cemaatin diğer kurumlarını denetleyemiyor. Gerçi bu karşılıklı denetimsizlik çoğu zaman herkesin işine geliyor ancak tıkanıklıklar da doğmuyor değil.
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունեց ճարտարապետ Վազգէն Պարընը, որ այս շրջանին կը զբաղի հոգելոյս Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեանի շիրմի նախագծմամբ ու պատրաստութեամբ։
ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
Երկուշաբթի է եւ կրկին դպրոցական արձակուրդ ու այս անգամ «Նախագահներու օր»ուայ առթիւ։ Բոլոր վարժարանները փակ են։
ՄԱՀՄՈՒՏ ՏԱՐՈՒԻՇ
Արաբերէնէ թարգմանեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Կքիր, սիրելիս, մինչեւ որ փոթորիկը անցնի:
-Այնքան կքեցայ, կռնակս աղեղի նման եղաւ. ե՞րբ պիտի արձակես նետդ:
[Ձեռքդ միւս ձեռքիդ կ՚երկարես, ափ մը ցեխ կը գտնես]:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Փաստարկութիւններու եւ փաստերու արդար կերպով արժեւորութեամբ միա՛յն կարելի է հասնիլ արդարութեան։ Այս իրողութեան իբրեւ ապացոյց առնենք ընկերաբանական ամենապարզ երեւոյթ մը. ենթադրենք, թէ մարդ մը սպաննուած գտնուեցաւ իր անկողնին մէջ։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Մի քանի շաբաթներ առաջ Փարիզի մէջ վերանորոգուեցաւ Հայաստանի Առաջին հանրապետութեան առաջին արտաքին գործոց նախարար, Հայաստանի երկրորդ վարչապետ Ալեքսանդր Խատիսեանի շիրմաքարը եւ այս մէկը բնականաբար մտածել տուաւ, թէ ինչո՞ւ նման պետական գործիչ մը՝ որ մեծ դեր ու տեղ ունեցած է Հայաստանի պատմութեան մէջ, իր մահէն 80 տարիներ ետք կը շարունակէ հանգչիլ օտար հողի մէջ:
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունեց Սկիւտարի Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Ռաֆֆի Գրիգորեանն ու գործակից ընկերները։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ երեկոյեան մասնակցեցաւ Ֆրանսայի Ազգային տօնին առթիւ քաղաքիս մէջ սարքուած պաշտօնական ընդունելութեան։
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղար Մարքօ Ռուպիօ յայտնեց, որ մօտաւոր ապագային կ՚ակնկալեն Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան պայմանագրի կնքուիլը։
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ Սպիտակ տան մէջ հիւրընկալեց Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիյահուն։ Սա վերջին եօթ ամսուան ընթացքին Ուաշինկթընի մէջ կազմակերպուած արդէն երրորդ Թրամփ-Նեթանիյահու հանդիպումը եղաւ։
Արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան երէկ Ռիօ տէ Ժանէյրոյի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի հետ։ Անոնք՝ Պրազիլիոյ տանտիրութեամբ կազմակերպուած BRICS-ի գագաթաժողովի շրջանակներէն ներս զրուցեցին։
Հայաստանի նախկին մարդու իրաւանց պաշտպան Արման Թաթոյեան ընկերային ցանցերու վրայ գրառումով մը հանդէս եկաւ երկրի առկայ ներքին քաղաքական իրադրութեան մասին՝ մանաւանդ իշխանութիւններուն կողմէ եկեղեցւոյ դէմ սանձազերծուած արշաւի լոյսին տակ։
«Առանց ահաբեկչութեան Թուրքիա» գործընթացէն ներս կ՚ակնկալուին անկիւնադարձային իրադարձութիւններ:
Հանրապետութեան նախագահ Էրտողան երէկ Պեշթեփէի համալիրէն ներս ընդունեց ՏԵՄ կուսակցութեան ներկայացուցիչները: