Արխիւ
Գոհունակութեամբ վերահաու կ՚ըլլանք, որ «Արաս» հրատարակչատունը արդէն ունի նոր հրատարակութեան տնօրէնուհի մը. յանձինն՝ Պեթիւլ Պաքըրճըի, որու այս առաքելութեան կոչուիլը շատ ողջունելի եղած է այս հաստատութեան շրջանակներուն, համակիրներուն եւ արտադրանքի ընթերցողներու տեսակէտէ։
ԱՐԱՄ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ
«Այդքան կը քննադատէք, իսկ ո՞վ կը տեսնէք՝ որպէս Հայաստանի ղեկավար» յաճախ կը հարցնեն ինծի մարդիկ։ Ես կը տեսնեմ 5-6 թեկնածուներ, որոնց ղեկավարած ուժերը ընտրութիւններուն մասնակցելու դիմում ներկայացուցած են եւ որոնք Փաշինեանէն բացարձակապէս աւելի վատ չեն։
Քաղաքիս «Orient» գերմանական կաճառէն ներս գիտնական Ճանըթըն Լիի շահեկան դասախօսութիւնը: Աֆղանիստանի պատմական հայկական հաւաքականութեան անցեալի փորձառութիւնը խոշորացոյցի տակ առնուեցաւ:
Արա Կիւլէրի լուսանկարները հերթական անգամ հրապուրեցին բոլորը՝ բիւրեղանալով անժամանցելի արժէքով: «VakıfBank Sanat» գեղարուեստասրահի պաշտօնական բացումը՝ Առաջին տիկին Էմինէ Էրտողանի մասնակցութեամբ:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Բերա՝ պատմութեան ընթացքին ունեցած է վեց եկեղեցի. Ս. Երրորդութիւն եկեղեցի, Ս. Յարութիւն եկեղեցի, Ս. Լուսաւորիչ եկեղեցի, Գասըմփաշայի Ս. Յակոբ եկեղեցի, Ֆէրիգիւղի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցի եւ Ս. Աստուածածին եկեղեցի։
ՏԻԳՐԱՆ ԳԱԲՈՅԵԱՆ
Հեռուի-մօտի, դուրսի-ներսի խնդրականութիւնն ու հասկացողութիւնները տեւաբար զուգակցած են մարդկային կեանքի տարբեր բնագաւառներուն: Ամենացայտուն ու յատկանշուած ոլորտներէն յարաբերաբար կրնանք համարել աշխարհաքաղաքականութիւնը՝ հեռուի-մօտի, ներսի-դուրսի վարման, ընկալման ու զարգացման հոլովոյթները՝ աւելի հասկնալու իմաստով:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Գիրքը եւ գիրը բաւարար չէին Հայ Թարգմանիչ վարդապետներուն համար։ Աստուածաշունչ եւ այբուբենը անհրաժեշտ էին, կենսակա՛ն, բայց ո՛չ բաւարար։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Եթէ որպէս գրող կը հաւատաք, թէ ընթերցողն է, որ գրողը գրող կը դարձնէ, ապա պէտք է ընդունիք, որ կամաց կամաց կը կորսնցնէք ձեր գրող ըլլալու յատկանիշը, որովհետեւ արժեչափերու խեղաթիւրուած այս ժամանակին մէջ մամուլը եւ հետեւաբար գրողը ընթերցողի պակասը ունի:
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ
Այսօրուան արագ զարգացող եւ անընդհատ աղմկոտ աշխարհին մէջ, մարդոց մեծամասնութիւնը կը դիմէ շարունակական կապերու եւ մշտական զբաղումներու։ Սակայն երբեմն անհրաժեշտ է ժամանակ մը առանձնանալ ու վերադառնալ սեփական ներաշխարհին։
Յարգելի խմբագիր՝ Արա Գօչունեան,
Այս երկտողովս կու գամ սրտանց շնորհաւորել ԺԱՄԱՆԱԿ-ը, իր հիմնադրութեան 118-ամեակին առթիւ:
Եկեղեցւոյ դէմ Հայաստանի Հանրապետութեան իշխանութիւններու կողմէ չընդհատուող հալածանքները վերջին օրերուն արտայայտուեցան անօրինակ նոր դրսեւորումներով։
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ հրատարակիչ, խմբագիր ու գրող Ռոպէր Քոփթաշի գրական աշխարհէն ներս վերելքը կը շարունակուի։ Շուրջ տարի մը առաջ «Իլէթիշիմ» հրատարակչութենէն լոյս տեսած «Unufak» վէպը արդէն արժանացած է կարեւոր մրցանակի մը։
Երեւանի նորաձեւութեան շաբաթէն կը ցոլանան ուշագրաւ դրուագներ։ Գեղարուեստի, մշակոյթի եւ ընկերային նոր հոսանքներու խաչաձեւման կէտին վրայ կը բիւրեղանան արդի կենցաղի դրսեւորումներ։
Եւրոխորհրդարանի պատգամաւորներէն Նաչօ Սանչեզ Ամոր (Սպանիա) խոր մտահոգութիւն յայտնեց Հայաստանէ ներս ընկերային ցանցերու վրայ արտայայտուած կարծիքներու բերումով մարդոց կալանաւորման դէպքերուն կապակցութեամբ։
«Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու բնականոնացումը ժամանակի հարց է եւ այդ պահը կը մօտենայ»: Նիկոլ փաշինեան եւ Էմմանիւէլ Մաքրոն վերահաստատեցին Երեւան-Փարիզ գործակցութեան ռազմավարական բնոյթը:
«Թուրքիա Եւրոպայի կամ Ասիոյ սովորական երկիրներէն մին չէ եւ ունի սեփական չափանիշներ»: Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան Անգարայի մէջ հիւրընկալեց Գերմանիոյ վարչապետ Ֆրիտրիխ Մերցը:
Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան ընդունեց Իսթանպուլի երեսփոխան Սիւլէյման Սոյլուն, որ փութացած էր ցաւակցութիւն յայտնելու տիրահայր Յակոբճան Մաշալեանի մահուան առթիւ։ Սիւլէյման Սոյլու, որ նախկին ներքին գործոց նախարարներէն է, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր վշտակցեցաւ եւ շեշտեց, որ փափաքած էր անձամբ արտայայտել բարոյական զօրակցութիւնը։
Փարիզի Խաղաղութեան 8-րդ ֆորումի շրջանակներէն ներս Փաշինեան-Մաքրոն հերթական հանդիպում: TRIPP-ի նշանակութիւնը կը բիւրեղանայ` աշխարհի վրայ առկայ մատակարարման շղթայի տագնապի լոյսին տակ:
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ եւ Չինաստանի նախագահ Շի Ծինփինկ այս առաւօտ հանդիպում մը ունեցան Հարաւային Քորէայի Պուսան քաղաքին մէջ։
Հանրապետութեան նախագահ Էրտողանի տանտիրութեամբ Պեշթեփէի համալիրէն ներս շքեղ երեկոյթ: 29 Հոկտեմբերի տօնին Անգարայի մէջ Պատրիարքական Աթոռը ներկայացուց Տ. Արամ Արքեպիսկոպոս Աթէշեան: