Արխիւ

Երկուշաբթի, Յունիս 28, 2021

Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանին վրայ լարուածութիւնը կը շարունակուի։ Երեւանի պաշտօնական աղբիւրները շաբաթավերջին թէ՛ տեղեկութիւններ փոխանցեցին վերջին դէպքերուն կապակցութեամբ եւ թէ հերքեցին Պաքուի կողմէ շրջանառութեան մէջ դրուած ապատեղեկատուութիւնները։ Այսպէս, Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութիւնը հաղորդեց, որ Գեղարքունիքի սահմանային հատուածէն ներս Ատրպէյճանի կողմէ կրակահերթեր արձակուած են։

Շաբաթ, Յունիս 26, 2021

ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ

Ընդունուած սովորութիւն է, որ հագուստ արտադրող նշանաւոր գործատէրեր, տարին մի քանի անգամ՝ գարնանային եւ աշնանային եղանակներու մուտքին, իրենց նորաձեւութիւնները ներկայացնեն աշխարհին։ Այդ ցուցադրութիւնները ընդհանրապէս տեղի կ՚ունենան Նիւ Եորքի, Փարիզի եւ կամ Միլանոյի մէջ։

Շաբաթ, Յունիս 26, 2021

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Մինչ Լիբանանի վարժարանները ոչ գրկաբաց ձեւով կը դիմաւորեն ամառնային արձակուրդի օրերը, անդին հազարումէկ խնդիրներ կը շարունակեն մնալ անլոյծ ու ասոնց կողքին ալ մեծ հարցադրումներու «ամպրոպ»ը՝ հակառակ ամրան տապին՝ կը շարունակէ կուտակուիլ ծննդավայրիս երկնակամարին վրայ։

Շաբաթ, Յունիս 26, 2021

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Արտայայտութիւն, որ յաճախ մարդոցմէ կ՚արտաբերուի, բայց շատ յաճախ նոյնիսկ արտաբերողները չեն գիտեր ու չեն հասկնար իրենց արտաբերածին իմաստը, աւելին՝ չեն գիտակցիր իրենց ըսածին:
«Ես աթէիստ եմ», այսինքն՝ ես անաստուած եմ, Աստուծոյ գոյութիւնը չեմ ընդունիր, զԱստուած չեն ընդունիր որպէս ամէն ինչի Տէր ու Արարիչ: 

Շաբաթ, Յունիս 26, 2021

Հայաստանի առաջին նախագահ Լեւոն Տէր-Պետրոսեանի կողմէ գլխաւորուած «Հայ ազգային քոնկրէս» կուսակցութիւնը երէկ յայտարարութիւնով մը հանդէս եկաւ երկրի վերջին արտահերթ խորհրդարանական ընտրութեան մասին։ Այս առթիւ շեշտուեցաւ, որ վերջին արտահերթ ընտրութիւնները հեռու էին ազատ եւ արդար ըլլալէ, նաեւ որակապէս լուրջ նահանջ էին 2018 թուականի ընտրութիւններուն բաղդատմամբ։

Շաբաթ, Յունիս 26, 2021

Պաքու պիտի փորձէ հաւանական բոլոր լծակները օգտագործել՝ օգտուելով Երեւանի թուլացած դիրքերէն:
Ըստ Վարդան Օսկանեանի, սահմաններու բացումը եւ հաղորդակցութիւններու գործարկումը յառաջիկային կախեալ պիտի դարձուին Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան համաձայնագրի ստորագրումէն:

Շաբաթ, Յունիս 26, 2021

ԵՄ-ի կողմէ բարձրաստիճան պատուիրակութիւն մը շփումներ ունեցաւ Երեւանի եւ Պաքուի մէջ:
Արեւելեան գործընկերութեան տարեվերջի գագաթաժողովին ընդառաջ Պրիւքսել կը ձգտի Հարաւային Կովկասի երկիրներու տրամադրութիւնը շօշափել՝ շեշտը դնելով տարածքաշրջանային կայունութեան ամրապնդման վրայ:

Շաբաթ, Յունիս 26, 2021

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան շնորհաւորական մը ուղարկեց Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին, որու գլխաւորած «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութիւնը յառաջատար դիրքի վրայ դուրս եկաւ վերջին արտահերթ խորհրդարանական ընտրութենէն։

Շաբաթ, Յունիս 26, 2021

Պաքըրգիւղի Տատեան վարժարանի այս տարուայ հունձքը վերջին օրերուն աւանդական հանդէսով մը հրաժեշտ առաւ՝ առարկայ դառնալով բոլորի ջերմ զգացումներուն եւ բարեմաղթութիւններուն։ Օրուայ հանդիսավարն էր հայերէնի ուսուցիչ Միշել Սամուրքաշ։

Շաբաթ, Յունիս 26, 2021

Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ մեր համայնքի նոր սերունդէն Լուսին Ենիեորկան ծափահարելի ընթացք մը ունի նկարչութեան մէջ։ Լուսին Ենիեորկան, որ կը յաճախէ «Փիէռ Լոթի» ֆրանսական վարժարանը, փոքր տարիքէ ի վեր հետամուտ է նկարչութեան եւ հետեւողական յաջողութիւններ կ՚արձանագրէ այս մարզէն ներս։

Շաբաթ, Յունիս 26, 2021

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Հունգարիայէն խումբ մը ուխտաւորներ, որոնց շարքին էին երկրի փոխ-վարչապետը՝ Ժոլտ Շեմիէն եւ «Փեթեր Փազման» կաթոլիկ համալսարանէն ներկայացուցիչներ։ Վեհափառ Հայրապետի կողքին էին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի արարողակարգի բաժնի վարիչ Տ. Նաթան Արք. Յովհաննիսեան եւ Դամասկոսի հայոց թեմի առաջնորդ Տ. Արմաշ Եպսկ. Նալպանտեան։

Շաբաթ, Յունիս 26, 2021

ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ

Այնպէս կը թուի, որ հեռակայ, առցանց աշխատանքը, գոնէ մասամբ, այլեւս մնայուն բնոյթ պիտի ստանայ, բայց աշխարհի ամենէն մեծ ընկերութիւններու սեփականատէրեր, տնօրէններ եւ պատասխանատուներ հետզհետէ աւելի ու աւելի կը խօսին պաշտօնեաները գրասենեակներ վերադարձնելու անհրաժեշտութեան մասին:

Ուրբաթ, Յունիս 25, 2021

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Լիբանան յայտնուած է համընդհանուր փլուզման լուրջ վտանգին առջեւ։
Անկախ զանազան վերլուծումներէ, այս մասին «ստոյգ» տուեալներ հաղորդած է Լիբանանի «Վ.Տի.Էլ.» կայանը, յղում ընելով միջազգային կազմակերպութեանց դիտարկումներուն, որոնք ամենամեայ դրութեամբ կը պատրաստեն «ձախողած երկիրներ»ու ընդհանուր ցուցակը։

Ուրբաթ, Յունիս 25, 2021

Երէկ, Ս. Թարգմանիչ վարդապետներ՝ Սահակ եւ Մեսրոպի տօնին առթիւ Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցան արարողութիւններ։ Հանդիսութիւններուն նախագահեց Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան, մասնակցեցան Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեան, եկեղեցւոյ երէց Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան եւ Տ. Զօհրապ Քհնյ. Ճիվանեան։

Ուրբաթ, Յունիս 25, 2021

Գալֆաեան Տան 2020-2021 տարեշրջանի հունձքը երէկ աւանդական հաւաքոյթով մը հրաժեշտ առաւ դպրոցէն։ Հանդէսի բացումին ելոյթ մը ունեցաւ հայերէնի ուսուցչուհի Սիւզան Ավճը։

Ուրբաթ, Յունիս 25, 2021

Վերաքննիչ դատարանի որոշումով՝ տնօրինութիւններու բողոքարկման հասցէն Պետական խորհուրդն է:
Փոքրամասնութիւններու վաքըֆներու առկախեալ ընտրութիւններու խնդրին շուրջ յարատեւ հարցականներ:

Ուրբաթ, Յունիս 25, 2021

Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան տեղեկատուութեան համակարգը երէկ հրապարակեց հերթական յայտարարութիւնը, որ կը վերաբերի Հայաստանի ներքին քաղաքական առկայ իրավիճակին։ Ստորեւ կը ներկայացնենք Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի յայտարարութիւնը։

Ուրբաթ, Յունիս 25, 2021

Արաբերէնէ թարգմանեց՝
ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ

«Ոչինչ կը հաւնիմ»,
Կ՚ըսէ Ճամբորդ մը հանրակառքին մէջ,
«Ոչ ձայնասփիւռը, ոչ առտուան թերթերը,
Ոչ ալ բերդերը բլուրներուն վրայ:
Կ՚ուզեմ լալ»:

Ուրբաթ, Յունիս 25, 2021

ՀՐԱԿ ՓԱՓԱԶԵԱՆ

Ամիսներ առաջ վար դրած էի ԺԱՄԱՆԱԿ-ի գրիչս, ըսելով, որ Թուրքիոյ հայութեան մասին այն հիմնական տեղեկութիւններն ու վերլուծական մտորումները, որոնք մօտս ամբարուած էին տարիներու հետազօտութեանս ընթացքին, սպառած են. հրապարակախօսական ոճով ըսուելիք մտածումներուն մեծ մասը փոխանցած էի, ու խոստացած վերադառնալ, երբ հետազօտահէն նոր տուեալներ ունենամ կիսելու՝ այս նիւթերով հետաքրքրուող ընթերցողին հետ։

Ուրբաթ, Յունիս 25, 2021

ԳՐԻԳՈՐ Ա. ՔՀՆՅ. ՏԱՄԱՏԵԱՆ

Գատըգիւղի «Իշ Պանքասը»ի հրատարակութեանց գրավաճառատան մէջ հանդիպեցայ գրքի մը, որուն եւ իր հեղինակին մասին առաջին անգամ լսած էի Դեղագործական ֆաքիւլթէի մեր դասախօսներէն՝ փրոֆ. տքթ. Թուրհան Պայթօփէն։ Ան յանձնարարած էր նոյն ֆաքիւլթէի Դեղաբուսաբանական ամպիոնի գրադարանը երթալ ու ծանօթանալ այդ գիրքին հետ։

Էջեր