Արխիւ
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Թէեւ եկեղեցական օրէնքով արգիլուած է բարձրաձայնել անձնական պահերուն հաւատացեալին եւ հոգեւորականին միջեւ տեղի ունեցող խոստովանանքի պահերը, սակայն կը կարծեմ առանց անունի, պարզապէս որպէս երեւոյթ խօսիլը ո՛չ մէկ անպատեհութիւն կրնայ ստեղծել խոստովանողին համար:
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղարի Եւրոպայի եւ Եւրոասիոյ հարցերով տեղակալ Քերըն Տոնֆրիտ յառաջիկայ շաբթուայ սկիզբին ուղեւորութեան մը պիտի ձեռնարկէ դէպի Հարաւային Կովկաս։ Այսպէս, 14-19 յունիսին ան իրերայաջորդ պիտի այցելէ Ատրպէյճան, Վրաստան եւ Հայաստան։
ՀԱՊԿ-ի անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարները ընդունուեցան Նիկոլ Փաշինեանի կողմէ:
Վարչապետը յիշեցուց, որ 2021-ի մայիսէն ի վեր Ատրպէյճանի զօրքերը ներխուժած են Հայաստանի ինքնիշխան տարածքը:
Երեւանի ղեկավարութիւնը երէկ հիւրընկալեց Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովը։ Օրուան տեւողութեան Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Վահագն Խաչատուրեան եւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հիւրընկալեցին Լաւրովը, որ առաւօտեան ժամերուն ալ բանակցութիւններ վարած էր իր հայ պաշտօնակցին՝ Արարատ Միրզոյեանի հետ։
Մեծն Կոմիտասի խորհուրդով համակուած ենք այս երեկոյեան բոլորս։ Եզակի երեկոյթի մը մասնակիցներն ենք՝ եթէ ոչ պատմական իրադարձութեան մը։
Սեւծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան մշտական ներկայացուցչութիւնը ահա՛ կը նշէ իր հիմնադրութեան 20-ամեակը։
Նախ կ՚ուզեմ շնորհակալութիւն յայտնել կազմակերպիչներուն Սեւծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան (ՍԾՏՀԿ) մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան մշտական ներկայացուցչութեան հիմնադրման 20-ամեակին նուիրուած մշակութային այս յատուկ ու ողջունելի ձեռնարկին հրաւիրուած ըլլալու համար։
Շնորհակալութիւն կը յայտնեմ ներկայ գտնուելու եւ սոյն երեկոն մեզի հետ կիսելու համար։ Աւելի քան 20 տարի առաջ Հայաստանը Իսթանպուլի մէջ հիմնեց Սեւծովեան տնտեսական համագործակցութեան (ՍԾՏՀ) կազմակերպութեան մօտ իր մշտական ներկայացուցչութիւնը՝ կարեւորելով տարածաշրջանային տնտեսական համագործակցութեան ամրապնդումն ու յառաջխաղացումը։
«Կոմիտաս» ազգային քառեակի բացառիկ համերգը խոր տպաւորութիւն գործեց ներկաներուն վրայ թէ՛ գեղարուեստական որակով եւ թէ բարձր տրամադրութեամբ:
Սեւծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան մշտական ներկայացուցչութեան հիմնադրութեան 20-ամեակը նշուեցաւ փառաշուք հանդիսութիւնով մը:
Սահակ Սարգսեան-Արփինէ Աւդալեան ամոլը CRR-ի երդիքին տակ երէկ շատ ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալեց շուրջ հազար հանդիսատես՝ ներառեալ ՍԾՏՀԿ-ի ընդհանուր քարտուղար դեսպան Լազար Քոմանեսքուն, Արտաքին գործոց նախարարութեան Իսթանպուլի ներկայացուցիչ դեսպան Սալիհ Մուրատ Թամէրը եւ Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հայրը:
Արտաքին գործոց նախարարը երէկ մայրաքաղաք Անգարայի մէջ հիւրընկալեց Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հայրը եւ Տ. Խաժակ Արքեպիսկոպոս Պարսամեանը:
Մեւլիւտ Չավուշօղլու հետաքրքրուեցաւ փոքրամասնութիւններու համայնքային վաքըֆներու առկախեալ ընտրութիւններու հարցով ու խոստացաւ պատեհ առիթով այցելել Գումգաբու:
Արաբերէնէ թարգմանեց՝
ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ
Եթէ քալեցիր անդունդ չհասնող փողոցի մը վրայ,
Ըսէ՛ աղբը հաւաքողներուն.
-Շնորհակալութիւն:
Եթէ առողջ, կենդանի տուն վերադարձար,
Ինչպէս կը վերականգնի բանաստեղծութեան
Յանգը առանց խախտումի,
Ըսէ՛ դուն քեզի.
-Շնորհակալութիւն:
ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ
Այս պատմութիւնը մեզի կու գայ Ճաբոնի մայրաքաղաքը՝ Թոքիոյէն։ Ցարդ ամուսնութիւնները կը կնքուէին այր մարդու եւ կնոջ միջեւ։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Or me gouzeyı aysbes hotvadz krel... որովհետեւ նոր սերունդին համար աղաւաղուած հայերէնը շա՜տ աւելի հասկնալի է այսօր՝ քան նոյնինքն հայերէնը:
Տարիներ առաջ երբ Լիբանանի հայկական կազմակերպութիւններէն մէկուն մէջ կ՚աշխատէի, յայտարարութիւն տարածեցի, թէ կարիքը ունինք քարտուղարի՝ պայմանով որ հայերէն գրաշարել գիտնայ:
Մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան նախարարութեան նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած «Պէյօղլուի մշակոյթի ճանապարհ» փառատօնը ընթացքի մէջ է՝ բազմակողմանի ծրագրի մը գործադրումով։ Այս ամբողջին մէջ, երէկ տեղի ունեցաւ Պէյօղլուի խոստմնալից երիտասարդներու համերգը, որ իր տեսակին մէջ առաջինն էր եւ նախատեսուած էր Ղալաթիոյ պատմական աշտարակի յարած տարածքին վրայ։
ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ
Հայը ելած էր հայու դէմ: Ականատեսը ըլլալով այս ողբերգական պատկերին՝ ակամայ յիշեցի հայ մեծանուն բանաստեղծներէն Աւետիք Իսահակեանի խօսքերը. «Հայաստանում երկու սերունդ է աճում՝ կողք կողքի: Մէկը՝ ազգամերժ, կոսմոպոլիտ, լեւանդին, անիդեալ, ձուլուող, ազգուրաց, մայրենի լեզուն արհամարհող, կարիերիստ:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Ինչպէս արդէն տեղեկացուցած էինք՝ հայրենի երիտասարդ հայագէտ, բանասիրական գիտութիւններու թեկնածու, տոցենթ, Երեւանի Հիւսիսային համալսարանի դասախօս Վարդուհի Դաւթեան ձեռնարկած է հրատարակել պոլսահայ բանաստեղծ, հրապարակագիր, արձակագիր, թարգմանիչ, մանկավարժ, խմբագիր եւ հասարակական գործիչ Վահան Թէքէեանի յօդուածներու ամբողջական ժողովածուն՝ երեք հատորի մէջ հաւաքելով, դասակարգելով, ծանօթագրելով Թէքէեանի յօդուածները՝ լոյս տեսած արեւմտահայ եւ սփիւռքահայ մամուլին մէջ:
ԲԺԻՇԿ ՎԱՀԱՆ ԱՐԾՐՈՒՆԻ (1902)
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Երբ մենք, բժիշկներս, կը զգուշացնենք մարդոց հիւանդութիւններուն դէմ, միշտ նոյն պատասխանը կը ստանանք.
-Հապա ինչո՞ւ այս ինչը չհիւանդացաւ. ինչո՞ւ այս ինչը չվարակուեցաւ:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Վերջերս անձ մը իր անբարոյական եւ միասեռականութեան հանդէպ հակումները քօղարկելու համար սիրտնեղած կ՚ըսէր, թէ «այս ընկերութիւնը որուն մէջ կ՚ապրինք, «օփըն մայնտըտ» (open-minded) չէ. բոլորն ալ հին գլուխներ են»: Հիացմունքով կը խօսէր այն բացմտութեան մասին, որ ունէին եւրոպացիք եւ ամերիկացիք (կարեւորութիւն չունի անշուշտ, որ ինք երբեւէ այցելած չէ այդ երկիրները). ինչպէ՞ս չսքանչանար երբ աջէն-ձախէն լսած էր, որ այդտեղ նոյնիսկ... փողոցներուն վրայ կ՚ընեն:
ԺԻՐԱՅՐ ՉՈԼԱՔԵԱՆ
Կիրակի, մայիս 22-ի Պրիւքսելի եռակողմ հանդիպումէն ետք, Եւրոմիութեան խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշելի յայտարարութիւնը ակնյայտ ձեւով կը խուսափի Լեռնային Ղարաբաղի կարգավիճակին մասին արտայայտուելէ։
Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով այսօր շփումներ կ՚ունենայ Երեւանի մէջ, ուր առաւօտեան ժամերուն ընդունուեցաւ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի կողմէ։ Սերկէյ Լաւրով երէկ յետմիջօրէի ժամերուն հասաւ Երեւան՝ Անգարայի շփումներէն անմիջապէս վերջ։
Սուրիոյ պարագային Մոսկուա կը կարեւորէ Անգարայի՝ սահմանային անվտանգութեան զգայնութիւնները:
Ռուսաստան պատրաստ է Թուրքիոյ հետ աշխատելու, սակայն Ուքրայնայի նաւահանգիստները պէտք է ականազերծուին: