Արխիւ
Հայաստան-սփիւռք 11-րդ համահայկական կրթական համաժողովը կ՚ընթանայ Աղուերանի մէջ:
ԻՒՆԷՍՔՕ-ի «Փոխակերպուող կրթութիւն 2030» օրակարգի համահունչ մասնագիտական ծաւալուն քննարկումներ:
Մոսկուա-Թեհրան առանցքին վրայ աշխուժութիւնը կը շարունակուի՝ մինչ Մերձաւոր Արեւելքի իրադարձութիւնները հետզհետէ աւելի մտահոգիչ վիճակ մը կը ստանայ։ Իրանի մէջ նոր ղեկավարութեան ձեւաւորումէն վերջ Ռուսաստանի հետ անմիջական շփումները կ՚ընթանան ամենաբարձր մակարդակի վրայ։
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Ֆրանսահայ յայտնի մտաւորական Քլոտ Արմէն Մութաֆեանի կողմէ պատմական նուիրատուութիւն՝ հօրը ժառանգութեան յաւերժացման ճանապարհին:
ՏԻԳՐԱՆ ԳԱԲՈՅԵԱՆ
Կը փնտռենք յուշեր, որոնք, հաւանաբար, մասամբ կամ լիակատարօրէն մեզի ալ չեն պատկանիր: Հոն է հիմքը ապրուածութեան, երբ միայն քուկդ մաս չի կազմեր, այլեւ յուսալի ու ամենակուլ տիրականութիւն վերածելու անձը իրական եւ ոչ միայն տեսողական տիեզերքի լինելութեան:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Հարցում. Ի՞նչ կու տայ խոնարհութիւնը մարդուն:
Պատասխան. Նախորդող մեր այս շարքին մէջ մի քանի անգամ անդրադարձած ենք խոնարհութեան, առաջնորդուելով Սողոմոն Իմաստունի բազմիցս խոնարհութեան մասին անդրադառնալուն վրայ:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մշակութային եւ ազգագրական լուրջ ուսումնասիրութիւններու, գիտական հետազօտութիւններու համաձայն՝ հայ ժողովուրդի կազմաւորումը իրականացած է տեղաբնիկ ցեղախումբերու համաձուլմամբ։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Դարեր շարունակ մահուան հասկացողութիւնը մարդ արարածի համար եղած է անհանգստութեան աղբիւր, որ հիմնուած է մահուան ետին գտնուող անորոշ վիճակէն: Հազարամեակներ շարունակ այդ անորոշութիւնն է, որ փորձած են բացատրել կրօններն ու փիլիսոփայութիւնները:
Յայտնի երաժիշտ Մաժակ Թոշիկեանի գեղարուեստական գործունէութեան 60-ամեակին առթիւ երէկ երեկոյեան յոբելենական ձեռնարկ մը տեղի ունեցաւ Գնալըի բարձունքին։
Ցաւով տեղեկացանք, թէ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան այս օրերուն դարմանումի տակ կը գտնուի Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի մէջ։ Նորին Սրբազնութիւնը վերջերս բացակայած է քաղաքէս ու վերադարձին անհանգստութիւն զգալով՝ դիմած է Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոց։
ԱՐԱՄ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ
Ինչո՞ւ Փաշինեան հեշտութեամբ կը դիմէ հերքուող սուտերու. ՀԱԿ-ի (Հայ ազգային քոնկրէս կուսակցութիւնը, որու ղեկավարն է Հայաստանի առաջին նախագահ Լեւոն Տէր-Պետրոսեան) յայտարարութեան մէջ կար այսպիսի հարցում մը, որուն պատասխանը ինծի համար պարզ է։
Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի հովանաւորութեան ներքեւ:
«Երեւանի պետական համալսարանի բարեկամներ» նորահաստատ հիմնադրամի գործունէութեան հանդիսաւոր մեկնարկը:
Հարաւային Կովկասի գծով Եւրոմիութեան յատուկ ներկայացուցիչ Թոյվօ Քլաար յայտնեց, որ Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ վերջնական խաղաղութեան պայմանագրի կնքումը քաղաքական կամք կը պահանջէ։ Ան համոզուած է, թէ Հայաստան-Ատրպէյճան երկխօսութիւնը վերջին ամիսներուն տուած է դրական արդիւնք։
Արեւմտեան Եւրոպայի Հայրապետական պատուիրակ եւ Սուրբ Աթոռի մօտ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի մշտական ներկայացուցիչ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեանի ստորագրութեամբ, վերջին օրերուն իտալերէնով կարեւոր յօդուած մը լոյս տեսաւ Վատիկանի «Լ՚Օսերվաթորէ Ռոմանօ» պաշտօնաթերթին մէջ։
ԱՐԱՄ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ
2018 թուականին, իշխանութիւն գալէն ետք, վարչապետ Փաշինեան որեւէ անհրաժեշտութիւն չունէր համաձայնելու, թէ Արցախը Ատրպէյճանի կազմին մէջ ըլլայ ինքնավարութեան կարգավիճակով: Միանգամայն բաւարար էր, որ ան համաձայնէր Մինսքի խումբի առաջարկին՝ յանձնել եօթ շրջաններէն հինգը եւ, Բերձորի ու Քարվաճառի միջանցքները պահպանելով, Լեռնային Ղարաբաղի կարգավիճակը ձգէր անորոշ:
Հայաստանի ներքին գործոց նախարարութեան պատկան բաժանմունքները այս տարի անմիջական ուշադրութեան առարկայ կը դարձնեն Սեւանայ լիճի անվտանգութիւնը։ Այս շրջանին նոր հնարաւորութիւններով օժտուած են այն հսկիչներն ու փրկարարները, որոնք կ՚աշխատին՝ մանաւանդ ամրան ամիսներուն լողափերուն։
«Աշխարհաքաղաքականութիւնը Կովկասի մէջ. Հայաստանի ակնկալութիւններն ու մարտահրաւէրները»:
ՀԲԸՄ-ի Պրազիլի մասնաճիւղին կողմէ կազմակերպուած հաւաքոյթը մէկտեղեց լրագրողներ ու վերլուծաբաններ: Սան Փաուլոյի Արդի արուեստի թանգարանի համալիրէն ներս կազմակերպուած ձեռնարկին ներկայ էր նաեւ մեներգչուհի Սիպիլ:
Փարիզի Ողիմպիականներուն Հայաստանի հաւաքականէն մարզիկ մը մաս կազմեց դափնեկիրներու շարքին:
Մարմնամարզիկ Արթուր Դաւթեան արծաթ մետայլ նուաճեց յենացատկի մէջ արձանագրած փայլուն յաջողութեամբ:
Արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան դէպի Եգիպտոս այցելութեան շրջանակներէն ներս շաբաթավերջին այցելեց Ռեֆահի սահմանադուռը, ուր աշխարհին կոչ ուղղեց՝ մասնակից չըլլալ Կազզէի սպանդին։ Այդ անցակէտը Կազզէի միակ ելքն է դէպի աշխարհ։
«Բարեկամ» ընկերային զօրակցութեան խումբը տեղեկացուց, որ համայնքի երիտասարդներու ապագային ուղղեալ աշխատանքները բարեացակամութիւն, այնտեղ միշտ լուծում կայ» կարգախօսին ներքեւ «Բարեկամ» խումբը եկած է հրապարակաւ շնորհակալութիւն յայտնել չորս բարերարի, համայնքային վարժարաններուն համար ելեկտրոնիկ գրետախտակներու ձեռքբերման բերումով։
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Ճերմակ թուղթին առջեւ միայնակ ու անկեղծ ըլլալու պատեհութիւնը զատ հմայք մը ունի: Շատեր կ՚ունենան այդ առիթները, բայց քիչեր կը զգան գիրին ուժը եւ այդ ուժով ազդելու կարեւորութիւնը: