Արխիւ

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 26, 2024

ԺԻՐԱՅՐ ՉՈԼԱՔԵԱՆ

TUMO, ARMATH, COAF, FAST... տասնամեակ մըն է, որ Հայաստանի կրթական մարզին մէջ ի յայտ եկած են նոր անուններ, որոնք կը յատկանշեն առաջատար արհեստագիտութեան վերաբերեալ ծրագրեր՝ ուղղուած դպրոցական տարիքի մանուկներու։ Առաջին երկուքը՝ TUMO-ն եւ ARMATH-ը ծանօթ են՝ որպէս միջազգային ճանաչում ու համբաւ վաստակած արտադպրոցական նախաձեռնութիւններ, որոնք կը կիրարկուին աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ։

 

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 26, 2024

Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու վերընտրեալ նախագահ Տանըլտ Թրամփի հետ։ Թրամփ, որ յառաջիկայ տարեմուտին պաշտօնի պիտի կոչուի, ընտրուելէ կարճ ժամանակ վերջ հեռաձայնով զրուցած էր նաեւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ։

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 26, 2024

«Մինչ աշխարհ հետզհետէ անկանխատեսելի կը դառնայ, Թուրքիա անգին նպաստներ կ՚ապահովէ ՆԱԹՕ-ին»:
Անգարա դաշինքի հետ գործակցութեան գծով միշտ օրակարգի վրայ կը պահէ ահաբեկչութեան դէմ պայքարի հարցը:

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 26, 2024

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահը այս առաւօտ ողջունեց Լեհաստանի պաշտօնակիցը:
Վահագն Խաչատուրեան եւ Անտրէյ Տուտա կը քննարկեն Երեւան-Վարշաւիա համագործակցութեան հեռանկարները:

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 26, 2024

Գումգաբուի Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ մէջ յուզումնախառն զգացումներով հրաժեշտ:
Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հայրը կատարեց օծումը, պատարագեց Տ. Սերովբէ Եպիսկոպոս Իսախանեան:

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 26, 2024

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

Այդ օրերուն, որպէսզի երազներդ ապրէին,
Եւ կեանքի գիրքդ առ յաւէտ չփակուէր,
Երկիւղած ձայներէս հիւսուած բառերով,
Տառապանքդ փարատող մաղթանքներով,
Խեղճ եղբայրս.- Ամենակալէն, ե՛ւ ամէն օր,
Քեզի համար մեծ յոյսեր մուրացի ժամերով։
Բայց ափսոս…

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 26, 2024

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ նորաստեղծ Արթիկի թեմի առաջնորդը եպիսկոպոս ձեռնադրուելէ վերջ առաջին հարցազրոյցը տուաւ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթին:
Տ. Նարեկ Եպիսկոպոս Աւագեան կը մատնանշէ մարդուն համար ամենակարեւորը. «Եթէ մենք յոյս ունինք, ապա աստուածային նախախնամութիւնը կ՚աշխատի մեր հոգիին մէջ»:

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 26, 2024

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Հարցում. Ինչպէ՞ս հասկնալ Առակացի հետեւեալ համարները. «Ո՛վ չար, արդարին տանը դարանակալի մի՛ ըլլար, անոր բանակարանը մի՛ աւերեր: Վասն զի արդարը եթէ եօթը անգամ ալ իյնայ՝ պիտի կանգնի. բայց չարերը ձախորդութեան մէջ պիտի մնան» (Առ 24.15-16):

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 26, 2024

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Գիտութիւնը՝ ամենապարզ առումով, բնութիւնը ճանչնալ, բնութեան հետ ծանօթանալ կը նշանակէ։ Այս իմաստով, գիտութիւնը՝ ո՛չ թէ նոր բան մը ստեղծել, այլ արդէն գոյութիւն ունեցող բանէ մը բեկորներ ստանալ, անոնց մասին տեղեկութիւն քաղել կը նշանակէ։

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 25, 2024

Պէյքոզի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ մէջ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ տարեկան անուան տօնախմբութիւն՝ նախագահութեամբ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամենապատիւ Տ. Սահակ Ս. Արքեպիսկոպոս Մաշալեանի։ Ս. Պատարագը մատոյց Տ. Գասպար Աբեղայ Կարապետեան։

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 25, 2024

Միածնաէջ Մայր Տաճարին մէջ քահանայական ձեռնադրութիւն՝ կիրակնօրեայ Ս. Պատարագի ընթացքին:
«Քահանայի առաքելութիւնն է նուիրումով ու սիրով իրականացնել իր ծառայութիւնը ժողովուրդի բոլոր զաւակներուն»:

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 25, 2024

Հռոմի մէջ վերջին օրերուն տեղի ունեցաւ՝ «Սրբազան հողեր, ընդհանուր տեսլական. Սրբատեղիներու պահպանումը՝ համատեղ քրիստոնէական առաքելութեան համար» խորագրեալ գիտաժողով մը։ Ս. Թովմաս Աքուինացի (Անճելիքում) քահանայական համալսարանէն ներս տեղի ունեցաւ այս ձեռնարկը, որու կազմակերպիչներն էին Վատիկանի Ս. Աթոռի մօտ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մշտական ներկայացուցչութիւնն ու Անճելիքումի Էքիւմենիք հետազօտութիւններու կաճառը։

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 25, 2024

Պատմաբան Իլպէր Օրթայլը «Հիւրրիյէթ»ի մէջ յօդուած մը գրի առաւ փրոֆ. Տարօն Աճէմօղլուի դէմ:
Նոպելեան մրցանակի դափնեկիրը կը թիրախաւորուի՝ Աթաթիւրքի շրջանին վերաբերեալ խորհրդածութիւններուն համար:

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 25, 2024

Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան շաբաթավերջին հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ։ Նախագահ Էրտողան այս առթիւ ընդգծեց, որ Թուրքիա պիտի շարունակէ ջանք գործադրել՝ տարածաշրջանէ ներս լարուածութեան վերջ տալու առաջադրութեամբ։

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 25, 2024

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Սեւծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան (ՍԾՏՀԿ) մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան մշտական ներկայացուցչութեան նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած համերգը արձանագրեց բացառիկ յաջողութիւն մը։ CRR-ի մէջ տեղի ունեցած ձեռնարկին արձագանգները կը շարունակուին։

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 25, 2024

Սփիւռքահայ յայտնի մտաւորական տքթ. Հրայր Ճէպէճեանի «Հայկական ազգագրական պատկերներ. տեսիլք, կամք եւ յոյս» գիրքին համար շաբաթավերջին շնորհանդէս մը տեղի ունեցաւ քաղաքիս մէջ։ Սա այս գիրքին համար կազմակերպուած հերթական շնորհանդէս մըն էր՝ քանի ցարդ աշխարհի զանազան հայաշատ կեդրոններուն մէջ արժեւորուած է այս գործը։

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 25, 2024

Համայնքային շրջանակները երէկ Ֆէրիգիւղի մէջ ժամադրուած էին՝ թաղի Մէրամէթճեան վարժարանի ի նպաստ տարեկան հանգանակութեան առթիւ։ Ս. Վարդանանց եկեղեցին լեցուած էր առաւօտեան կանուխ ժամերէն սկսեալ։

Շաբաթ, Նոյեմբեր 23, 2024

ՇՈՆ ՄՔՏԱՈՒԸԼ
Հայացուց՝ ՄԱԿԱՐ ԵՊՍԿ. ԱՇԳԱՐԵԱՆ
Պատրաստեց՝ ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Ընթացող տարւոյս՝ 2024-ի կէսերուն, Հալէպի մէջ լոյս տեսաւ «Բարոյագիտութիւն. Համարձակ ըլլալ բոլոր պարագաներուն մէջ» գիրքը: Գիրքին հեղինակն է Շոն Մքտաուըլ (ծնած 17 մայիս 1976-ին):

Շաբաթ, Նոյեմբեր 23, 2024

Երբ գրող­նե­րը հա­ւա­քուած են, կա՞յ ատ­կէ ա­ւե­լի գե­ղե­ցիկ ու ա­ռինք­նող բան աշ­խար­հի մէջ:
Հա­յաս­տա­նի Գրող­նե­րու միու­թեան (ՀԳՄ) պատ­մու­թիւ­նը հե­տաքրք­րա­կան է ու պայ­ծառ այն ի­մաս­տով, որ ըլ­լա­լով Խորհր­դա­յին Միու­թեան ժա­մա­նակ­նե­րու ծնունդ եւ Հա­յաս­տան-սփիւռք ջրբա­ժա­նի ու հա­շիւ­նե­րու ա­կա­նա­տես, ան մեր ժո­ղո­վուր­դին կող­մէ հա­մա­րուե­ցաւ այս­պէս ը­սած՝ շօ­շա­փե­լի պառ­նաս, որ հու­նա­ւո­րեց հայ գրա­կան գոր­ծու­նէու­թիւ­նը եւ ա­նոր դի­մա­գիծ ու միաս­նու­թիւն տուաւ:

Շաբաթ, Նոյեմբեր 23, 2024

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

«Աս­տու­ծոյ ճամ­բան կա­տա­րեալ է, Տէ­րո­ջը խօս­քե­րը փոր­ձուած են։ Ա­նի­կա ա­մէն ի­րեն յու­սա­ցող­նե­րուն աս­պար, վա­հան է». (ՍԱՂՄ. ԺԸ 30)։
­Վե­րո­յի­շեալ Սաղ­մո­սը կ՚ըն­դու­նուի որ­պէս «դա­տա­ւո­րա­կան» կամ «մե­սիա­յա­կան» սաղ­մոս։

Էջեր