Արխիւ
Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի մէջ ներկայ տարեմուտին աւանդութիւնները վերակենդանացան՝ ընտանեկան ջերմ մթնոլորտի պայմաններով։ Ս. Ծնունդի տաղաւարին առթիւ նախընթաց օր տեղի ունեցաւ աւանդական ճաշկերոյթ մը, որով տօնական բարձր տրամադրութիւն ստեղծուեցաւ։
Թրքահայութիւնը Ս. Ծնունդի տաղաւարը նշեց մեծ ոգեւորութեամբ։ Մինչ մեր բոլոր եկեղեցիներուն մէջ տօնական ուրախութիւն ստեղծուեցաւ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան տաղաւարի Ս. Պատարագը մատոյց Գումգաբուի Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ մէջ, ուր տուաւ նաեւ օրուան պատգամը։
Թուրքիոյ Հայ կաթողիկէ հասարակութիւնը վերջին օրերուն յատկանշական իրադարձութիւններ ապրեցաւ։ Կաթողիկէ հայերը 2025 թուականը դիմաւորեցին՝ նոր պատրիարքական կառավարիչով մը. յանձինն՝ Հ. Վարդան Ծայրագոյն Վարդապետ Գազանճեան Գերապայծառին։
Սիրելի բարեպաշտ ժողովուրդ,
Մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսի Ս. Ծնունդի եւ Աստուածայայտնութեան լուսաշող տօնին, համախմբուած մեր սուրբ եկեղեցիներու կամարներու ներքեւ, կը փառաբանենք Բարձրեալ Աստուած, որ մարդկութեան հանդեպ անհուն սիրով ու ողորմութեամբ ուղարկեց Իր Միածին Որդին՝ ազատելու մարդ արարածը մեղքէ եւ մահուան կապանքներէ։
Հայց. Առաքելական Եկեղեցին մեծ շուքով նշեց Քրիստոսի հրաշափառ Ս. Ծնունդի տօնը: Տարուան առաջին տաղաւարին Հայրապետական Ս. Պատարագը մատուցուեցաւ հիմանորոգեալ Միածնաէջ Մայր տաճարի կամարներուն ներքեւ, ուր Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետը աշխարհասփիւռ հօտին փոխանցեց պատգամը:
«Այսօր մեր երկիրը խռովայոյզ է։ Չենք կրնար ծառայել համընդհանուր բարիքին՝ տրուելով փառասիրութեանն ու իշխանատենչութեան եւ առաջնայնութիւն տալով սեփական շահերուն»:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Կարեւոր իր մըն է կշիռքը մեր կեանքին մէջ. կշիռքը՝ իր ֆիզիքական տեսքով, նաեւ՝ մտովի պատկերով…
Տարին կը սկսինք՝ ծանր ու թեթեւ ընելով անցած տարուայ կամ տարիներու իրադարձութիւնները, լաւ ու վատ դէպքերը, մտովի կը կշռենք անցածը, նաեւ՝ գալիք օրերն ու սպասուելիք դէպքերու յաջորդականութիւնը եւ միշտ մեր միտքերուն մէջ կ՚ունենանք անտեսանելի կշիռք մը…
Երէկ, Գումգաբուի «Պէզճեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ՝ Պատրիարքական Աթոռի հովանաւորութեամբ կազմակերպուած մանկանց Ամանորի աւանդական խրախճանքը, որ առիթ հանդիսացաւ մեծ խանդավառութեան։ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի նախագահութեամբ տեղի ունեցաւ ձեռնարկը, որուն մասնակցեցան համայնքային բոլոր վարժարաններէն աշակերտական խումբեր։
ԿՈՐԻՒՆ ԱՒ. ՔՀՆՅ. ՖԷՆԷՐՃԵԱՆ
Մանուկի մը ծնունդը իրենց ծնողներուն եւ ընտանիքին մէյմէկ հրաշալի նուէր, մէյմէկ աւետիսներ են։ Ամէն զոյգ, որ զաւակ կը սպասէ, իր յոյսը իր զաւակներուն վրայ կը դնէ։ Ամէն զաւակ իր ծնողքին ծիները եւ բնաւորութիւնը իր վրայ կը կրէ, կը ստանայ անոնց նմանութիւնը, նաեւ կ՚առնէ իր ծնողաց կողմէ դրուած անունը։
Տակաւ կ՚արձագանգէ հրեշտակներու օրհներգը Բեթղեհէմի քարքարուտ հովիտներուն մէջ, բայց այս անգամ՝ երգակցութեամբը մանկանց Եկեղեցւոյ՝ սփռուած ողջ աշխարհի մէն մի անկիւն։
ՄԵՍՐՈՊ ԵՊՍԿ. ՊԱՐՍԱՄԵԱՆ
Աշխարհասփիւռ հայ քրիստոնեաներս այս բառերով Քրիստոսի ծննդեան փառքը կ՚երգենք: Ի՜նչ հզօր խօսքեր, որոնք մեզի կը յուշեն, թէ ինչպէս երկինք ու երկիր պայծառացան մեր Տիրոջ ծնունդով՝ եւ ցնծութեան աւետիսով յորդեցան:
ՄԱՇՏՈՑ ՔՀՆՅ. ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Սուրբ Ծննդեան տօնին՝ Խորենացիին գողտրիկ երգը կը հնչէ մեր ականջներուն. «Խորհուրդ մեծ եւ սքանչելի՜, որ յայսմ աւուր յայտնեցաւ»։
Արդարեւ, ասիկա Յաւիտենական Մանուկին ծննդեան աւետիսն է, որ պիտի շարունակէ հնչել դա՜րէ դար։ Խորհուրդ մըն է Յաւիտենական Մանուկին ծնունդը։
ԳՐԻԳՈՐ ԱՒ. ՔՀՆՅ. ՏԱՄԱՏԵԱՆ
Գոհութիւն եւ փառք Ամենակալին Աստուծոյ, որ այս տարի եւս հասած ենք Աստուածայայտնութեան մեծ տաղաւարի տօնակատարութեան։
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Դարեր առաջ Երուսաղէմի մէկ խուլ անկիւնը, պարզ ու պաղ քարայր մը յանկարծ ջերմացաւ: Այդ ջերմութիւնը տարբեր էր ուրիշ ջերմութիւններէ, որովհետեւ տակաւին մինչեւ այսօր այդ ջերմութիւնը կը զգան բոլոր անոնք, որոնք հաւատացին այդ ջերմութիւնը բերող Փրկիչին՝ Յիսուս Մանուկին:
ՏԻԳՐԱՆ ԳԱԲՈՅԵԱՆ
Ամէն տարուայ աւարտին աշխարհ իր բոլոր շերտերով ու մակարդակներով վերաքաղ կ՚ընէ կատարուածը եւ նոր յոյսերով կը լիցքաւորուի: Մշտապէս ժամանակային հասկացողութիւնը իր անմիջական ու պարզագոյն գալստեամբ ու ապրումով տարիներու թիւերով կը գալարուի:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Յիսուս Քրիստոսի Ս. Ծննդեան կապակցութեամբ Նոր կտակարանի մէջ հետեւեալը կը կարդանք. «Եւ ի ծնանելն Յիսուսի ի Բեթղեհէմ Հրէաստանի յաւուրս Հերովդի արքայի, ահա մոգք յարեւելից եկին յԵրուսաղէմ».
Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Նուրհան Ս. Արք. Մանուկեան Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան շրջանին կը մէկտեղուի Ս. Երկրի քրիստոնեայ յարանուանութիւններու հոգեւոր առաջնորդներուն հետ՝ փոխանակելով շնորհաւորութիւններ եւ բարեմաղթանքներ։
Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը երէկ ընդունուեցաւ Տ.Տ. Պարթոլոմէոս Ա. Ծայրագոյն Պատրիարքին կողմէ:
Նորին Ամենապատուութիւնը Նոր տարւոյ եւ Սուրբ Ծնունդի առթիւ շնորհաւորութիւններ եւ օրհնութիւններ յղեց յոյն համայնքին:
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունեց Վաքըֆլըգիւղի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ ծխական խորհուրդի ներկայացուցիչներէն Միսաք Հերկելեանը։
ԱՆՈՒՇ ՆԱԳԳԱՇԵԱՆ
Ճամբորդութիւնը մեծ իրադարձութիւն մըն էր մեր մանկութեան օրերուն։
Ամերիկա ճամբորդելը՝ այսինքն ովկիանոսը կտրելը… Օհօ՜հօ՜հօ՜, ամէն մարդու վիճակուած բախտ չէր։