Արխիւ
Քորոնաժահրի համաճարակի դէմ պայքարի մթնոլորտին մէջ Առողջապահութեան նախարար Ֆահրետտին Քոճա երէկ մասնակցութիւն բերաւ Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան Եւրոպայի շրջանային կոմիտէի համագումարին։ Առցանց հաւաքի ընթացքին նախարարը հանդէս եկաւ ելոյթով մը։
Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Եւրոմիութեան խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշելի հետ։ Այս վերջինը իրերայաջորդ ձեւով Յունաստան եւ Յունական Կիպրոս այցելած էր վերջին օրերուն։
Սան Ֆրանսիսքոյի մէջ հրկիզուեցաւ հայկական եկեղեցիի մը յարակից կառոյցը։ Tert.am-ի հաղորդումներով, տեղւոյն Ս. Գրիգոր Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Հոգաբարձուներու խորհուրդը հաղորդեց, որ դէպքը տեղի ունեցած է երէկ առաւօտեան կանուխ ժամերուն, շուրջ 04.00-ին։
Սամաթիոյ Սուրբ Գէորգ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդը միշտ անմիջական ուշադրութեան առարկայ կը դարձնէ Պալըքլըի պատմական ազգային գերեզմանատունը:
Իսթանպուլի գլխաւոր քաղաքապետութիւնը վերակառուցած է ընդարձակ համալիրի պարիսպներն ու ցանկապատերը, կը վերականգնուի նաեւ մուտքի բաժինը:
Ծառայութիւնները պիտի կատարելագործուին՝ շնորհիւ նոր շինուած սրահին՝ յարակից խոհանոցով հանդերձ: Սուրբ Սարգիս մատուռն ալ ենթարկուած է բարեզարդման աշխատանքներու:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Պատմութիւնը՝ միշտ ժամանակներու լոյսը, դէպքերու աւանդապահը, ճշմարտութեան հաւատարիմ վկան, բարի խրատներու, օգտակար դասերու եւ զգօնութեան սկզբունքը, վարք եւ բարքի, կենցաղավարութեան կանոնը սեպուած է։
ԵՐԱՄ
Նորան հասկցեր էր ամէն ինչ։ Փաստօրէն տեսեր էին զիրենք, եւ պատժեր Զանան։ Օր մ՚իսկ, գիշեր մ՚իսկ հանգիստ չէին ձգած։
ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ
-Ա՛ն ճան, մարդ երբ մի տեղ է գնում, էնտեղ ապրում, ընտելանում սովորոյթներին..., էդ երկրի մարդկանց նման է խօսելու. էնպէս չի՞:
Նիւթը բացաւ հարեւանս, երբ երեկոյեան շրջապտոյտի ելած էինք մօտակայ այգին:
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի հրաւէրով, երէկ, յետմիջօրէին, Պատրիարքարանի մէջ տեղի ունեցաւ խորհրդակցական ժողով մը, որու ընթացքին Պատրիարքական Աթոռոյ «Մենթի-Մենթոր» ծրագրի մասին խորհադածութիւններ տեղի ունեցան։ Ժողովին մասնակցեցան Կեդրոնական վարժարանի տնօրէնուհի Սիլվա Գույումճեան, Ս. Խաչ դպրեվանքի տնօրէն Արմէն Սարուխանեան, Սահակեան-Նունեան վարժարանի տնօրէնուհի Տիանա Եըլանճըօղլու, Մխիթարեան վարժարանի տնօրէնուհի Եւա Օրագեան, վաստակաւոր տնօրէնուհի Սաթենիկ Նշան, Մերի Թաքսի Տեւեճեան, Ժպիտ Էօղէր, Քարոլին Իւչէր Իչլիիւրէք, տոչ. տքթ. Քոզէթ Աւանուս, Արաս Եոլուսեւէր, Լեռնա Մեզիրճիեան, Մկրտիչ Արծիւեան եւ Շահնուր Գազանճը։
«Հայփոստ» ընկերութիւնը թողարկած է նոր նամականիշ մը՝ նուիրուած Ասիոյ տարածքաշրջանին մէջ հայկական մշակութային ժառանգութեան։ Հայաստանի «Հայփոստ» ընկերութիւնը սեպտեմբերի 17-ին շրջանառութեան մէ դրած է նոր նամականիշ մը՝ նուիրուած «Քրոն եւ մշակոյթ. Ասիայի տարածքաշրջանին մէջ հայկական մշակութային ժառանգութիւն. Սինկափուրի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցի» նիւթով:
Միացեալ Նահանգներու մէջ անտառային հրդեհներու ծուխը հասած է Հիւսիսային Եւրոպա։ Շաբաթավերջի հանգստեան օրերուն ծուխը բնական հրդեհներու, որոնք սկսած են Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան ափին, հասած է Հիւսիսային Եւրոպա։
Շռայլօրէն դրամ վատնելը վատ սովորութիւն մըն է։ Մէկը որքան քիչ գնում ընէ, այնքան հասուն է։ Մէկը որքան քիչ աղբ թափէ, այնքան հասուն է։
Հայ ժողովուրդի մեծարժէք զաւակներէն է արդի աստղագիտութեան հսկաներէն մէկը՝ Վիկտոր Համբարձումեան, որ միաժամանակ իր տեղը ունի դարու գիտնականներուն մէջ: Ան բացառիկ ուժեղ անհատականութիւններէն է, որոնք ճշմարտութեան յաւերժական որոնումներու մէջ կը ձգեն իրենց ուրոյն հետքը:
ՀԲԸՄ եւ ՀԵԸ բազմակողմանի ծառայութիւն կը մատուցեն լիբանանահայութեան՝ առկայ ծանր փուլին մէջ:
Աւերուած շրջաններէ ներս բնակարաններու եւ ճամբաներու մաքրութեան համար զօրաշարժի ենթարկուած են կամաւորներ:
Կը տեղեկանանք, որ մեր ազգայիններէն Վազգէն Պարըն երէկ ենթարկուած է սրտի գործողութեան մը։ Համայնքային շրջանակներու ամենահամակրելի դէմքերէն մին է Վազգէն Պարըն, որ կ՚անդամակցի նաեւ Շիշլիի Քաղաքապետական խորհուրդին։
Մինչ Հայաստանի ներքին քաղաքական կեանքի լարուածութիւնը կը շարունակուի որոշ չափով, ընդդիմադիր ճամբարի յառաջատար դէմքերէն Գագիկ Ծառուկեան կը շարունակէ բուռն քննադատութիւններով հանդէս գալ իշխանութիւններու հասցէին։ «Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութեան (ԲՀԿ) առաջնորդ Գագիկ Ծառուկեանի դէմ կը շարունակուին զանազան հարցաքննութիւններ։
Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանին վրայ երէկ զոհուեցաւ հայ զինուոր մը։ Երեւանի պաշտօնական աղբիւրները հաղորդեցին, որ Ատրպէյճանի սադրանքներուն հետեւանքով զոհուած է այս պայմանագրային զինուորը։
Քորոնաժահրի համաճարակի դէմ պայքարի մթնոլորտին մէջ թէ՛ Թուրքիոյ եւ թէ ընդհանրապէս աշխարհի վերաբերեալ տուեալները հետզհետէ կը դառնան մտահոգիչ։ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութերես յայտնեց, որ համաճարակի բռնկումը դուրս կու գայ վերահսկողութենէ։
«Թէեւ դրական ազդանշաններ կը հասնին, սակայն Աթէնք չէ լքած իր առաւելապաշտ քաղաքականութիւնը»:
Նախագահ Էրտողան Արեւելեան Միջերկրականի վիճակին անդրադարձաւ Գերմանիոյ վարչապետ Մերքէլի հետ:
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Հայաստանի Հանրապետութեան Աւագ դատախազ Արթուր Դաւթեանի, Բարձրագոյն դատական խորհուրդի նախագահ Ռուբէն Վարդազարեանի եւ Փաստաբաններու պալատի նախագահ Արա Զօհրապեանի կողմէ գլխաւորուած պատուիրակութիւնը։ Վեհարանի մէջ տեղի ունեցաւ հանդիպումը, որու ընթացքին հիւրերը կարեւորեցին Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ դերակատարութիւնը։
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. «Մենք համոզուած ենք, թէ «Հայոց Եկեղեցւոյ պատմութիւն» առարկան՝ որպէս առանձին դասանիւթ պէտք է դասաւանդուի»:
«Պէտք է ճանչնանք մեր եկեղեցին, պէտք է գնահատենք անոր առաքելութիւնը, որպէսզի մեր զաւակները ջերմանան ու լեցուին հաւատքով իրենց մանկութենէն»: