Արխիւ
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
• «Քերիր հրէան եւ տակը կը գտնես կիսաքանդ լացի պատը: Քերիր հայը եւ տակից Արարատը կը ցցուի:
Պոլսոյ մէջ, տարիներ շարունակ Մեծ պահոց շրջանին աւանդութիւն եղած է քաղաքի զանազան եկեղեցիներուն մէջ Արեւագալի արարողութիւններ կատարել եւ Բանին Կենաց քարոզութեամբ հաւատացեալ ժողովուրդին հոգեւոր սնունդ մատակարարել։
Այս աւանդութիւնը այս տարի եւս սկիզբ առաւ Մեծ պահոց առաջին չորեքշաբթի օրէն սկսեալ։
Անգարայի Հանրապետական աւագ դատախազութիւնը մեղադրականներ պատրաստեց խորհրդարանի 9 ՀՏՓ-ական երեսփոխանին դէմ։ 2014 թուականի Քոպանիի դէպքերուն բերումով պատրսատուած են այս մեղադրականները՝ այն պատգամաւորներու պարագային, որոնք այդ ժամանակ մաս կը կազմէին կուսակցութեան կեդրոնական վարչական խորհուրդին։ Յիշեալ դէպքերուն հետեւանքով 37 հոգի զոհուած էր։
Էնթընի Պլինքըն. «Կլիմայի փոփոխութեան սպառնալիքներուն արձագանգելը մեր գերակայութիւններու կիզակէտին է»:
Ճօ Պայտընի տնօրինութեամբ երէկուան դրութեամբ վերականգնուեցաւ Միացեալ Նահանգներու մասնակցութիւնը՝ Փարիզի համաձայնութեան:
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արա Այվազեան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Հնդկաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սուպրահմանեամ Ճայշանքարի հետ։ Երեւանի պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, անոնք քննարկեցին երկկողմանի օրակարգի հարցերու լայն շրջանակ։ Նախարարները գոհունակութիւն յայտնեցին Հայաստան-Հնդկաստան յարաբերութիւններու բարձր մակարդակին առընչութեամբ՝ նշելով, որ անոնք խարսխուած են աւանդական բարեկամութեան եւ փոխադարձ ըմբռնման հիման վրայ։
Հարաւային Կովկասի յետպատերազմեան պայմաններով արագ փոփոխութիւն չի կանխատեսուիր Թուրքիա-Հայաստան առանցքին։
«Քառնեկի» հիմնարկի վերլուծաբան Թոմաս տը Վաալ. «Ռուսաստանին արդարացում պէտք է՝ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան գօտիէն ներս իր խաղաղապահները պահելու համար։ Այլապէս, եթէ լիակատար խաղաղութիւն ըլլայ, ապա անոնք պէտք է տուն վերադառնան։ Բայց նաեւ ան չի փափաքիր որեւէ ապակայունացում։ Թէեւ շատ մեծ ազդեցութիւն ունի, սակայն սա շատ բարդ խաղ մըն է։ Ռուսական կողմը անընդհատ պէտք է պաշտպանէ հաւասարակշռութիւնը ու կ՚ուզէ պատասխանատուութիւնը բաժնել Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու եւ Ֆրանսայի հետ։ Երեւանի եւ Պաքուի համար ալ նախընտրելի չէ, որ Մոսկուա մենաշնորհ ունենայ այս հարցին մէջ»։
Հայաստանի Սիւնիքի մարզէն ներս ստեղծուած իրավիճակին վերաբերեալ ամէն օր անհաւատալի հաղորդումներ կը կատարուին։ Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանազատման գործընթացը հրատապ կացութիւն մը ստեղծած է այս մարզի պարագային։
Նախագահներու եւ արտաքին գործոց նախարարներու միջեւ նոյն օրը իրերայաջորդ հեռախօսազրոյցներ։
Թուրքիա-Ռուսաստան օրակարգին վրայ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրը անմիջական ուշադրութեան առարկայ։
Կը տեղեկանանք, որ «Քուլիս. թատերական յիշողութիւն մը, Յակոբ Այվազ» խորագրեալ ցուցահանդէսը երկարաձգուած է մինչեւ 25 յուլիս 2021 թուականը։
ԵՐԱՄ
Իր իսկ կռունկներու ձայնին հետեւելով, մէկ-երկու, մէկ-երկու, կը մտնէ բեմ։ Ծափողջոյններու տարափին տակ կը քալէ գործընկերներուն հետ, կը նստի իրեն յատկացուած տեղը, ջութակահարներու բաժնի վերջին շարքին։
ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ
Տան գրադարանին դիմաց կանգնած նախ կը կարդայ կողք կողքի շարուած շեղ վերնագրերը: Հարիւրաւոր գիրքեր: Իւրաքանչիւրը պատգամ մը փոխանցած, բան մը սորվեցուցած է իրեն:
ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
Ամէն տարի փետրուարի 19-ին, Հայաստանի մէջ կը նշուի «Գիրք նուիրելու օր»: Ան սահմանուած է 2008-ին, Հայաստանի «Գրողների միութեան» օրուայ նախագահ՝ Լեւոն Անանեանի որոշումով:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մարդ իր ամբողջ կեանքի ընթացքին կը ձգտի հասնիլ «բարոյական բարի»ին։ Բարոյական բարին՝ Աստուծոյ պատգամներուն կենսագործումն է։
Աշխարհի մեծահարուստներէն, ամերիկեան «Microsoft» ընկերութեան հիմնադիր Պիլ Կէյց վերջին օրերուն զանազան հարցազրոյցներու ժամանակ խորհրդածութիւններ ըրաւ, թէ քորոնաժահրի համաճարակի յաղթահարումէն յետոյ երկու գլխաւոր վտանգ պիտի սպառնայ մարդկութեան։
«Պողազիչի» գեղարուեստից խմբակի թատերախումբին կողմէ բեմադրուած «Զապէլ»ը այսօր երեկոյեան, ժամը 21.00-ին պիտի ներկայացուի առցանց։ «Մոտա սահնէսի»ի կողմէ ուղիղ եթերով պիտի սփռուի թատերախումբի ներկայացումը։
Յետպատերազմեան ծանր իրավիճակին մէջ, երբ Հայաստան քաղաքական տագնապ կը դիմագրաւէ, երկրի իշխանութիւնները կը շարունակեն նախկին իշխանաւորներու դէմ հետապնդումներ կատարել։ Հայաստանի Քննչական կոմիտէն երէկ մեղադրանք առաջադրեց չորս նախկին պաշտօնեայի դէմ։
Իրանի միջուկային ծրագիրներուն վերաբերեալ հարցերը ներկայիս վերստին առաջնահերթ դարձած են միջազգային օրակարգի վրայ։ Այս ուղղութեամբ կարեւոր գործօն մը դարձած է Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ նախագահ Ճօ Պայտընի իշխանութեան գլուխ գալը։
Հայաստանի մարդու իրաւանց պաշտպանի գլխաւորած աշխատանքային խումբին կողմէ այցելութիւն:
Եթէ նոյնիսկ Ատրպէյճանի զինուորները կը կրակեն դէպի օդ, սահմանամերձ գիւղերու բնակիչները կրնա՞ն հանգիստ ըլլալ:
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան երէկ հիւրընկալեց Անգլիոյ Արտաքին գործոց, համագործակցութեան եւ զարգացման նախարարութեան Եւրոպայի հետ հարեւանութեան եւ Ամերիկայի հետ հարցերու գծով նախարար Ուենտի Մորթընը, որ աշխատանքային այցելութիւն մը տուաւ Երեւան։
Փաշինեան-Փութին հեռախօսազրոյց եւ Այվազեան-Լաւրով հանդիպում՝ նոյն օրը:
Ատրպէյճանի կողմէ գերիներու վերադարձի ձգձգումը Երեւան-Մոսկուա քննարկումներու առարկայ: