Արխիւ
Չինաստանի մէջ բացուած է դպրոց մը, ուր կը սորվեցնեն աշխարհահռչակ նորաձեւութեան տան մը ապրանքը ինչպէս զանազանել հմտօրէն կեղծուածէն։ Այսպէս, թանկարժէք ապրանքներու կեղծ տարբերակները լայն տարածում գտած են աշխարհի վրայ, ուստի, չինացի մեծահարուստներ սկսած են հազարաւոր տոլարներ վճարել մասնակցելու համար մասնագիտացուած դասընթացներու, որոնք կը սորվեցնեն, թէ ինչպէս կարելի է զանազանել աշխարհահռչակ վաճառանիշի մը իսկական ապրանքը կեղծէն:
Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան կոչ ուղղեց համայն աշխարհին, որպէսզի իսլամատեացութեան դէմ շարժում մը սկսի։ Նախագահ Էրտողան մատնանշեց, որ իսլամատեացութիւնը թափով կը ծաւալի երկրագունդի վրայ։
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի եւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի՝ միջոցէ մը ի վեր սպասուած հանդիպումը տեղի պիտի ունենայ Ժընեւի մէջ, յունիսի 16-ին։ Այսպէսով Պայտըն Սպիտակ տան ղեկը ստանձնելէ վերջ առաջին անգամ պիտի մէկտեղուի Քրեմլինի երկարամեայ տանտիրոջ՝ Վլատիմիր Փութինի հետ։
Սահմանը խախտած Ատրպէյճանի զօրքերը երէկ Հայաստանի բանակէն զինուոր մը նահատակեցին:
Երեւան կրկնեց, որ համարժէք քայլերու կրնայ ձեռնարկել՝ իր տարածքային ամբողջականութիւնը պաշտպանելու համար:
Խոր ցաւով վերահասու եղանք, որ Պէյրութի մէջ ի Տէր հանգած է Կաթողիկէ Հայոց Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Գրիգոր-Պետրոս Ի. (Կապրոյեան) Կաթողիկոս-Պատրիարքը։ 87 տարեկան հասակին, երէկ օրուայ առաջին կէսին, երկար ամիսներու հիւանդութիւն մը դիմագրաւելէ վերջ իր հոգին աւանդած է Գրիգոր-Պետրոս Ի. Կաթողիկոս-Պատրիարքը, որ պիտի յուղարկաւորուի այս շաբաթավերջին։
Իրանի արտաքին գործոց նախարարը այսօր կարեւոր այցելութիւն մը կու տայ դէպի Հայաստան:
Արա Այվազեան Ճեւատ Զարիֆի հետ բանակցութիւններուն ժամանակ ըսաւ. «Ատրպէյճան կը փորձէ ստեղծել աշխարհաքաղաքական նոր իրողութիւններ, որոնք չեն համապատասխաներ կայունութեան հետամուտ երկիրներու շահերուն»:
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը կը պատրաստուի այցելել Արցախ։ Երեւանի «Ժողովուրդ» օրաթերթի այս օրուան թիւին մէջ հաղորդուած է, որ Վեհափառ Հայրապետի ուղեւորութիւնը նախատեսուած է 3-6 յունիսին։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց Պաքըրգիւղի Ծնունդ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդը։ Ատենապետ Մեսուտ Էօզտեմիրի գլխաւորութեամբ թաղականները ներկայացան Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր։
Գարագիւղի մէջ, երէկ, «GALERİ 77»ի երդիքին տակ տեղի ունեցաւ յայտնի արուեստագէտ Գրիգոր Սահակօղլուի նոր ցուցահանդէսը։ «Անժամանակ» խորագրեալ այս ձեռնարկով Գրիգոր Սահակօղլու գեղարուեստասէրներուն կը ներկայացնէ իր վերջին շրջանի ստեղծագործութիւնները։
ԵՐԱՄ
Առաջին թաղարը երբ բերաւ, լուրջ չէր վերաբերեր այս գործին։ Տեսեր էր պարզապէս, որ տասնապատիկ զեղչ կար վրան, ու մտածեր, որ թերեւս առիթ է, առնել է պէտք։
ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ
Սովորաբար մարդիկ կը սիրեն Տիրոջ դիմել խնդրանքներով:
Առհասարակ, մենք՝ մահկանացուներս, Բարձրեալը կը յիշենք մեր նեղութեան, երբեմն ալ ուրախութեան պահերուն:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Սիւնիքի շուրջ ստեղծուած մտահոգիչ մթնոլորտը փարատելու ճանապարհին է։ Ի դէպ, սահմանի դէպքերը առանձնակի իմաստ ունեցան, որովհետեւ Հայաստանի իշխանութիւնները առաջին անգամ, անվտանգութեան հարցով դիմեցին ՀԱՊԿ-ին ու արագ եւ յստակ արձագանգ մը ակնկալեցին այդ կառոյցէն։
Յ. ՊԱԼԵԱՆ
Մեր ժողովուրդի պատմութեան ճակատագրական եւ արագացած պահերէն մին կ՚ապրինք: Արեւելք-Արեւմուտք դասաւորումներու մեծ խաղին մէջ, ինչ որ մնացած է Հայաստանէն, կրնայ վերջնականօրէն փուլ գալ, որուն մենք ալ մասնակից-մեղսակից կ՚ըլլանք, եթէ շարունակենք մեր «փոքրիկ ածուն» զանազան ձեւերով եւ իրարու բախող բազմաթիւ խոփերով հերկել, դարձնել անմշակ, անպէտք:
Շաբաթավերջին Փարիզի մէջ տեղի ունեցաւ յատկանշական արարողութիւն մը, որով պաշտօնական բացումը կատարուեցաւ աշխարհահռչակ երգիչ Շարլ Ազնաւուրի՝ յետմահու զետեղուած կիսանդրիին։ 22 մայիսը Շարլ Ազնաւուրի ծննդեան տարեդարձի օրն է։
Ատրպէյճանի կողմէ որդեգրուած ընթացքը կը վնասէ Թուրքիոյ բեռնափոխադրումները՝ դէպի Ասիա:
Տարանցիկ բեռնատարներէն կը պահանջուին շատ բարձր գումարներ, վարորդներու նկատմամբ վատ վերաբերմունքով հանդերձ:
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Ազգային անվտանգութեան խորհրդական Ճէք Սալըվըն եւ Ռուսաստանի Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Նիքոլայ Փաթրուշեւ երէկ հանդիպում մը ունեցան Ժընեւի մէջ։ Ուաշինկթըն-Մոսկուա առանցքին վրայ մէկ կողմէ կը դիմագրաւուին լուրջ տարակարծութիւններ, իսկ միւս կողմէ երկխօսութեան ջանքեր կը գործադրուին։
Ծայրայեղականներու արարքէն վերջ 200 հրեաներէ բաղկացեալ խումբ մը այցելեց Երուսաղէմի հայոց թաղը:
Հիւրերը ծաղիկներ յանձնեցին՝ վերջին օրերուն յարձակման ենթարկուած Սրբոց Յակոբեանց միաբանութեան երկու անդամին:
Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան երէկ Անգարայի մէջ հիւրընկալեց Լեհաստանի նախագահ Անտրզէժ Տուտան։ Պեշթեփէի համալիրէն ներս պաշտօնական արարողութիւնով դիմաւորուեցաւ հիւր ղեկավարը։
Երէկ, Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան Երեւանի մէջ հիւրընկալեց Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) կեդրոնական վարչութեան նախագահ Պերճ Սեդրակեանը։ Հանդիպման ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ պատերազմէն վերջ Հայաստանի առջեւ ծառացած մարտահրաւէրներուն, մարդասիրական բնոյթով հրատապ հարցերուն, ինչպէս նաեւ երկրի սահմաններուն վրայ յառաջացած իրավիճակին։
Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանի իրադարձութիւնները տարածքաշրջանէ ներս նոր վիճակի մը ծնունդ տուած են։ Յետպատերազմեան իրավիճակի մէջ արդէն լարուածութիւնը չի պակսիր Երեւան-Պաքու առանցքին վրայ։