ՄԱՅՐ ԱԹՈՌ ՍՈՒՐԲ ԷՋՄԻԱԾՆԻ ՄԷՋ ԱՄԱՆՈՐԻ ՄԻԱԲԱՆԱԿԱՆ ԸՆԹՐԻՔԻՆ ՄԱՍՆԱԿՑԵՑԱՆ ՆԱԵՒ ԱՐՑԱԽԷՆ ՏԵՂԱՀԱՆՈՒԱԾ ԸՆՏԱՆԻՔՆԵՐԸ

Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Ամանորը դիմաւորեց Արցախէն բռնի տեղահանուած ընտանիքներուն հետ։ Վեհափառ Հայրապետին գլխաւորութեամբ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ Նոր տարուան առթիւ կազմակերպուեցաւ միաբանական ընթրիք, որուն մասնակցեցան նաեւ Արցախէն դուրս եկած այն ընտանիքները, որոնք ապաստան գտած են Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան հովանիին ներքեւ։

Նորին Սրբութիւնը երեկոյթի ընթացքին իր հայրական պատգամն ու օրհնութիւնը փոխանցեց Արցախի հայրենազրկուած հայերուն։ Ան յորդորեց՝ ապագայի նկատմամբ ըլլալ լաւատես, ունենալ զօրեղ հաւատք, անկոտրուն կամք եւ յոյսով յաղթահարել իրենց առջեւ ծառացած մարտահրաւէրներն ու դժուարութիւնները, նաեւ իրենց զաւակները դաստիարակել քաջարի ոգիով ու հայրենեաց սիրով։

Վեհափառ Հայրապետը բարի եւ օրհնեալ տարի մը մաղթեց Արցախէն բռնի տեղահանուած հայորդիներուն եւ միաբանութեան, հայցեց Տիրոջ օգնականութիւնը մեր ժողովուրդի բարօր ու ապահով կեանքին համար։

Երկուշաբթի, Յունուար 1, 2024