ՊՈԼՍԱՀԱՅ ՀՈԳԵՒՈՐԱԿԱՆԱՑ ԴԱՍՈՒՆ ՏԱՐԵՄՈՒՏԻ ԱՒԱՆԴԱԿԱՆ ՀԱՒԱՔԸ
Պատրիարքական Աթոռի հոգեւորականաց դասը, ըստ ընկալեալ սովորութեան, Ամանորը ողջունեց՝ Գումգաբուի Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ մէջ կազմակերպուած հաւաքով։ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի նախագահութեամբ տեղի ունեցան երեկոյեան ժամերգութիւն եւ գոհաբանական աղօթք։
Եկեղեցիէն վերջ հոգեւորականաց դասը ուղղուեցաւ Պատրիարքարանի դահլիճը, ուր Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը շնորհաւորութեան խօսք մը արտասանեց։ Նորին Ամենապատուութիւնը մաղթեց, որ Նոր տարիին տիրէ խաղաղութեան ոգին։
Հրաժեշտ առնելէ առաջ հոգեւոր հայրերը ստացան Պատրիարքական Աթոռին 2024 թուականի օրացոյցը։
Բաց աստի, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը տարեմուտի առթիւ մէկտեղուեցաւ նաեւ Պատրիարքարանի անձնակազմին հետ։ Ան բոլորին տուաւ իր օրհնութիւնը եւ Ամանորի առթիւ բարեմաղթութիւններ ըրաւ։ Միասնաբար ճաշակուեցաւ Ամանորի անուշապուրը։ Արձակուելէ առաջ Պատրիարքարանի տօնածառին շուրջ անձնակազմի անդամներն ալ փոխադարձեցին Նորին Ամենապատուութեան բարեմաղթանքներուն։