ՏԱՐԵՎԵՐՋԻ ՍՈՒՐԲ ՊԱՏԱՐԱԳ

Պէյօղլուի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մէջ երէկ Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան մատոյց տարեվերջի Ս. Պատարագը, որուն ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Տ. Գէորգ Աւ. Քհնյ. Չընարեան։ Պատարագիչ հայր սուրբը խօսեցաւ նաեւ օրուան քարոզը։ Աւանդական նռնօրհնէքէն վերջ օրհնուած նուռերը բաժնուեցան հաւատացեալներուն։

Արարողութեան աւարտին, եկեղեցւոյ սրահին մէջ համախմբուած ներկաներն ալ փոխանակեցին բարեմաղթութիւններ։

Երկուշաբթի, Յունուար 1, 2024