ՄԱՅՐ ԱԹՈՌԻ ՄԷՋ ՀԻՒՐԵՐ

Երէկ, Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը հիւրընկալեց Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան (ՀՅԴ) նորընտիր պիւրոյի անդամները՝ գլխաւորութեամբ Յակոբ Տէր-Խաչատուրեանի։ Վերջերս տեղի ունեցած կուսակցութեան 34-րդ ընդհանուր ժողովի արդիւնքով ձեւաւորուած է ՀՅԴ-ի նոր պիւրոն, որու անդամները պաշտօնի կոչուելէ վերջ այցելութիւն մը տուին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին։ Համագումարի արդիւնքով Յակոբ Տէր-Խաչատուրեան վերընտրուած է պիւրոյի ներկայացուցիչ։

Զրոյցի ընթացքին Վեհափառ Հայրապետը եւ կուսակցութեան անդամները քննարկեցին Հայաստանի կեանքին եւ աշխարհասփիւռ հայ ժողովուրդին հիմնախնդիրները, ընդգծեցին համազգային միասնականութեան ամրապնդման անհրաժեշտութիւնը։ Առկայ խնդիրներու դիմագրաւման ուղղութեամբ կարեւորուեցաւ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ ազգաշահ առաքելութիւնը։

Ուրբաթ, Մարտ 11, 2022