ԶՈՒԻՑԵՐԱՀԱՅ ԲԱՐԵՐԱՐ ՎԱՀԷ ԿԱՊՐԱՇ ՄԱՅՐ ԱԹՈՌ ՍՈՒՐԲ ԷՋՄԻԱԾՆԻՆ ՆՈՒԻՐԱԲԵՐԵՑ ՀԱՄԱՔՐԻՍՏՈՆԷԱԿԱՆ ՀԱՅԱԶԳԻ ՍՈՒՐԲԻՆ ՄԱՍՈՒՆՔԸ

Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը նախընթաց օր Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց զուիցերահայ գործարար ու յայտնի բարերար Վահէ Կապրաշը։ Հանդիպման ընթացքին Վահէ Կապրաշ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնին ընծայաբերեց համաքրիստոնէական սուրբերէն սեբաստացի Վլաս Եպիսկոպոսի (3-4-րդ դարեր) մասունքը։ Վեհափառ Հայրապետին փոխանցելով հայազգի սուրբին մասունքարանը՝ Վահէ Կապրաշ ուրախութեամբ ընդգծեց, որ այդ մէկը Սուրբ Էջմիածնին կը նուիրաբերէ Միւռոնօրհնութեան եւ Մայր Տաճարի վերաօծման պատմական առիթով։

Այնուհետեւ, Նորին Սրբութիւնը Վահէ Կապրաշին փոխանցեց իր հայրական սէրն ու օրհնութիւնը՝ բարձրօրէն գնհատելով անոր նախանձախնդիր ոգին, նաեւ հաւատարմութիւնն ու նուիրումը Սուրբ Էջմիածնին նկատմամբ։ Ան նաեւ գոհունակութեամբ արձագանգեց այն օգտաշատ ծառայութիւնները, որոնք մեծանուն բարերարին կողմէ շարունակաբար կը մատուցուին՝ ի նպաստ Հայաստանին եւ Հայոց Եկեղեցւոյ։

Սուրբ Վլաս Եպիսկոպոսի մասունքարանը ի պահ յանձնուեցաւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի գանձատունը։ Ապագային այցելու հաւատացեալ ուխտաւորները հնարաւորութիւն կ՚ունենան հաղորդակից դառնալու սուրբի մասունքներէն ճառագած օրհնութեան։

Հանդիպման ներկայ էր նաեւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Արխիւի եւ թանգարաններու տնօրէն Տ. Ասողիկ Աբեղայ Կարապետեան։

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 11, 2024