ՀԱՅՐԱԿԱՆ ՎԵՐԱԲԵՐՄՈՒՆՔ

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց՝ շաբաթավերջին Կեչառիսի վանքին մէջ ձեռնադրուած եօթ նորաօծ քահանաները։ Ներկայ էին Կոտայքի Թեմակալ առաջնորդ Տ. Առաքել Արք. Քարամեան, որ ձեռնադրած էր քահանաները, նաեւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի լուսարարապետ Տ. Յովնան Եպսկ. Յակոբեան։ Նորին Սրբութիւնը ողջունեց քահանայ հայրերը եւ գոհութիւն յայտնեց Երկնաւորին, որ նոր մշակներ կը հասցնէ Հայոց Եկեղեցւոյ անդաստանէն ներս։ Վեհափառ Հայրապետը յոյս յայտնեց, թէ քահանաները հաստատուն կ՚ըլլան իրենց հոգեւոր առաքելութեան մէջ եւ արդիւնաւէտ ծառայութեամբ կը նպաստեն ժողովուրդի հոգեւոր կեանքի պայծառութեան ու եկեղեցւոյ շէնացման։

Նոյնպէս երէկ, Նորին Սրբութիւնը Մայր Աթոռի մէջ հիւրընկալեց Պուէնոս Այրէսի Մխիթարեան վարժարանէն խումբ մը սաներ։ Խումբը գլխաւորեց Հայաստանի Մխիթարեան կեդրոնի տնօրէն Հ. Եղիա Ծ. Վրդ. Քիլաղպեան։ Իր հայրական սէրն ու օրհնութիւնը փոխանցելով պատանիներուն՝ Նորին Սրբութիւնը ուրախութիւն յայտնեց անոնց համայն հայութեան նուիրական սրբավայր այցելութեան բերումով։ Սաներու հետ զրոյցի ընթացքին Վեհափառ Հայրապետը գնահատանքով անդրադարձաւ Մխիթարեան վարժարանի ուսուցիչներու նուիրեալ ու նախանձախնդիր աշխատանքին։ Ան նկատեց նաեւ, որ Հայաստան այցելութիւնը կը վերածուի աւանդութեան՝ նպաստելով, որ աշակերտներու ծանօթութիւնը չսահմանափակուի դասագիրքերով եւ անոնք իսկապէս հաղորդ դառնան հայ ժողովուրդի աւանդութիւններուն եւ սրբութիւններուն։ Վեհափառ Հայրապետը վստահութիւն յայտնեց, թէ այցելութիւնը հաւասարապէս խանդավառութեամբ պիտի լեցնէ վարժարանի ոչ միայն հայ, այլեւ օտարազգի սաներու հոգիները։ Զրոյցի տեւողութեան պատանի ուխտաւորները պատմեցին իրենց տպաւորութիւնները։ Վերջաւորութեան Վեհափառ Հայրապետը սաներուն մաղթեց բարի կեցութիւն, ուրախ, ոգեշնչող եւ հոգեւոր ապրումներով հարուստ օրեր Հայաստանի մէջ։

Մինչ այդ, երէկ Վեհափառ Հայրապետը Սուրբ Էջմիածնի մէջ իր օրհնութիւնը փոխանցեց երեք զինուորականներու, որոնք բուժման համար կը մեկնին Հնդկաստան։ Հայրենիքի պաշտպանութեան համար ռազմական գործողութիւններու հետեւանքով հաշմանդամ դարձած այս երեք զինուորները յառաջիկայ օրերուն բուժման համար պիտի մեկնին Հնդկաստան։ Երէկուան հանդիպման ընթացքին իրենց ընկերացաւ Հայաստանի Զինեալ ուժերու հոգեւոր առաջնորդ Տ. Վրթանէս Եպսկ. Աբրահամեան։ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի եւ Կալկաթայի Ս. Նազարէթ հայկական եկեղեցւոյ վարչութեան նախաձեռնութեամբ ու աջակցութեամբ զինուորականները պիտի ստանան անհրաժեշտ բուժում։ Անոնք պիտի ունենան փրոթէզներ։ Վեհափառ Հայրապետը յոյս յայտնեց, թէ այս անհրաժեշտ բուժումը պիտի նպաստէ՝ որպէսզի զինուորականները կազմակերպեն իրենց յետագայ կեանքն ու ծառայութիւնը։ Զրոյցի տեւողութեան զինորականներն ալ երախտագիտութիւն յայտնեցին Վեհափառ Հայրապետի հոգածու վերաբերմունքին համար։ Անոնք պատասխանեցին նաեւ իրենց կեանքի ու ծառայութեան վերաբերեալ Նորին Սրբութեան հարցումներուն։ Հանդիպման աւարտին Վեհափառ Հայրապետը «Պահպանիչ» աղօթքով օրհնեց զինուորականները՝ մաղթելով, որ ամենակալ Տէրը անոնց պարգեւէ ուժ եւ եռանդ կեանքի մէջ նորանոր յաջողութիւններ արձանագրելու եւ յարատեւ խաղաղութեան մէջ ապրելու ուղղութեամբ։

Բաց աստի, Վեհափառ Հայրապետը երէկ ընդունեց Երեւանի մօտ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու դեսպան Ռիչըրտ Միլսը, որու դիւանագիտական առաքելութեան ժամկէտը աւարտին հասած է։ Վեհափառ Հայրապետը գոհունակութեամբ անդրադարձաւ ԱՄՆ-ի ժողովուրդի եւ իշխանութիւններու կողմէ Հայաստանին ցուցաբերուած մշտական զօրակցութեան։ Հայ-ամերիկեան յարաբերութիւններուն շուրջ դրական կարծիք յայտնելով՝ Նորին Սրբութիւնը գնահատեց անոնց ամրապնդման ու զարգացման ուղղութեամբ դեսպանին կողմէ ներդրուած ջանքերը։ Իր կարգին, Ռիչըրտ Միլսըն ալ ուրախութիւն յայտնեց  Հայաստանի մէջ ծառայութիւն բերած ըլլալուն համար ու նշեց, որ պաշտօնը կը թողէ երկրի ապագային նկատմամբ մեծ յոյսերով։

Զրոյցի տեւողութեան անդրադարձ կատարուեցաւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին, Նիւ Եորքի «Մեթրոփոլիթըն» թանգարանէն ներս կազմակերպուած «Հայաստան» խորագրեալ ցուցահանդէսին եւ այլ նիւթերուն։ Հանդիպման աւարտին Վեհափառ Հայրապետը դեսպանին յաջողութիւններ մաղթեց իր յետագայ ծառայութեան համար։

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 11, 2018