ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ՆԱԽԱԳԱՀԵՑ ՊԷՅՕՂԼՈՒԻ Ս. ԵՐՐՈՐԴՈՒԹԻՒՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԱՐԵՒԱԳԱԼԻՆ
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ Արեւագալի արարողութեան նախագահեց Պէյօղլուի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մէջ, ուր խօսեցաւ նաեւ քարոզ մը։ Ներկայ էին Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան, Տ. Շնորհք Աբեղայ Տօնիկեան, Տ. Գասպար Աբեղայ Կարապետեան եւ Տ. Գէորգ Աւ. Քհնյ. Չընարեան։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան ուխտաւոր դպիրներու կողմէ։ Արարողութեան մասնակցեցան նաեւ Պէյօղլուի սուրբ եկեղեցեաց թաղային խորհուրդէն ներկայացուցիչներ։
Օրուան քարոզին մէջ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը անդրադարձաւ աղօթական կեանքի մէջ մտերմութեան։ «Աստուած մեզի առիթ տուած է եզակիով աղօթելու իր առջեւ։ Սա Աստուծոյ մտերմութեան խորհրդանշանն է։ Իսկ մարդկութեան կը մնայ տեսնել այդս մերձեցումը եւ ըստ այդմ պատասխանել Աստուծոյ սիրոյն», ըսաւ Նորին Ամենապատուութիւնը։
Կրօնական արարողութիւններէն վերջ, եկեղեցւոյ յարակից «Նարեկեան» սրահին մէջ սարքուեցաւ պահքի սիրոյ սեղան մը։ Նկատի ունենալով, որ հաւաքոյթը կը զուգադիպէր Պէյօղլուի սուրբ եկեղեցեաց թաղային խորհուրդի այժմու կազմի ընտրութեան առաջին տարեդարձին՝ այս սիրոյ սեղանը առանձնայատուկ նշանակութիւն ունեցաւ։ Ողջոյնի խօսքով մը հանդէս եկաւ Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր, ներկայ հոգեւոր հայրերուն եւ հաւատացեալներուն խօսք ուղղեցին նաեւ թաղային խորհուրդի փոխ-ատենապետ Խաչիկ Ճանէլ եւ Էսաեան վարժարանի հիմնադրի ներկայացուցիչ Լենա Ենիեորկան։ Անոնք կոչ ուղղեցին, որպէսզի մեր համայնքի բոլոր անդամները հարազատ զգան Պէյօղլուն եւ անպայման այցելեն թաղի եկեղեցիները։
Հուսկ բանքին մէջ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրն ալ ըսաւ, որ թաղային խորհուրդը բոլորած է շրջան մը եւ Պէյօղլուի ընտանիքին ղեկը կը շարունակէ վարել յաջողութեամբ։ Ան մաղթեց, որ խաղաղութեամբ ու օրհնութեամբ թաղային խորհուրդը արժանանայ նորանոր ձեռքբերումներու։
Միւս կողմէ, թաղային խորհուրդի ընտրութեան առաջին տարեդարձը նշուեցաւ նաեւ երէկուան հերթական ժողովի ընթացքին։ Երեկոյեան ժամերուն թաղ. խորհուրդի անդամները ժողովի առթիւ մէկտեղուեցան բարձր տրամադրութեամբ եւ զիրար շնորհաւորեցին՝ անցեալ մէկ տարուան ընթացքին արձանագրուած յաջողութիւններուն համար։ Այս առթիւ ատենապետ Աքսէլ Թոփալեան ծափողջոյններու ներքեւ հատեց տարեդարձի առթիւ պատրաստուած կարկանդակը։