ՄԱՅՐ ԱԹՈՌ ՍՈՒՐԲ ԷՋՄԻԱԾՆԻ ՄԷՋ ԱՒՍՏՐԻԱՅԷՆ ՈՒԽՏԱՒՈՐՆԵՐ
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց Աւստրիայէն խումբ մը ուխտաւորներ։ Երկրի Կրաց-Սեքաուի թեմի առաջնորդ Վիլհելմ Քրաուտվաշլի Եպիսկոպոսին կողմէ կը գլխաւորուէին ուխտաւորները։ Հիւրերուն ուղեկցեցաւ Կեդրոնական Եւրոպայի եւ Շուէտի հայրապետական պատուիրակ Տ. Տիրան Եպսկ. Պետրոսեան։
Ուխտաւորներու հետ հանդիպման ընթացքին Վեհափառ Հայրապետը անդրադարձաւ ներկայ ժամանակներուն հայ ժողովուրդի առջեւ ծառացած մարտահրաւէրներուն։ Նորին Սրբութիւնը շնորհակալութիւն յայտնեց Աւստրիոյ իշխանութիւններուն եւ ժողովուրդին՝ Հայաստանին ցուցաբերուած աջակցութեան համար։
Հանդիպման տեւողութեան Վեհափառ Հայրապետը ուխտաւորներուն փոխանցեց իր օրհնութիւնը եւ անոնց այցը Հայաստան ու Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին նկատեց զօրակցութեան հերթական վկայութիւն մը։
Իր կարգին, Վիլհելմ Եպիսկոպոսն ալ հաստատեց, որ ուխտաւորաբար Հայաստան եւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին այցելած են իրենց համերաշխութիւնը բերելու հայ ժողովուրդին եւ Եկեղեցւոյ, նաեւ աջակցութիւնը՝ Արցախէն տեղահանուած հայերուն։
ԱՒՍՏՐԱԼԻՈՅ ԴԵՍՊԱՆԻՆ ԱՅՑԸ
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը նախընթաց օր Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց Երեւանի մօտ Աւստրալիոյ դեսպան Ճոն Կրինկինը, որու նստավայրն է Մոսկուան։
Հանդիպման ընթացքին Վեհափառ Հայրապետը անդրադարձաւ Հայաստանի առկայ անվտանգային մարտահրաւէրներուն։ Նորին Սրբութիւնը Աւստրալիոյ իշխանութիւնները բարձր գնահատեց՝ տեղւոյն հայ համայնքին նկատմամբ ցուցաբերուած հոգատար վերաբերմունքին համար. բան մը, որուն ականատեսը եղած է հովուապետական այցելութիւններու ընթացքին։
Զրոյցի տեւողութեան արծարծուեցան Արցախէն բռնի տեղահանուած հայերուն եւ պատանդ առնուած ռազմագերիներու իրաւունքներուն վերաբերեալ հարցեր։ Արցախի հոգեւոր-մշակութային ժառանգութեան պահպանման խնդիրներն ալ առանձնապէս ուշադրութեան առարկայ դարձան։ Վեհափառ Հայրապետը խօսեցաւ նաեւ եկեղեցւոյ կողմէ ձեռնարկուած ընկերային զօրակցութեան ծրագրերուն մասին։
ԴԱՆԻԱՅԷՆ ՀԻՒՐԵՐ
Միւս կողմէ, Վեհափառ Հայրապետը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց «Դանիական-հայկական բարեգործական առաքելութիւն» հասարակական կազմակերպութեան ներկայացուցիչները՝ գլխաւորութեամբ ատենապետ Հայր Մայքըլ Թոմսենին։ Խումբին մէջ էին այս կազմակերպութեան հոգաբարձութեան խորհուրդի անդամները։ Հիւրերուն ուղեկցեցաւ գործադիր տնօրէն Արշաւիր Գաբուճեան։
Հարկ է նշել, որ այս կազմակերպութիւնը կը նշէ Հայաստանէ ներս իր գործունէութեան 20-ամեակի յոբելեանը։ Զրոյցի ընթացքին Նորին Սրբութիւնը գնահատեց բարեգործական կազմակերպութեան պատասխանատուները՝ Հայաստանէ ներս ընկերային եւ կրթական ոլորտներու մէջ իրականացուած ծրագրերուն համար։ Վեհափառ Հայրապետը գոհունակութեամբ արձանագրեց, որ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի, Հայաստանի թեմերու եւ կազմակերպութեան միջեւ հաստատուած սերտ համագործակցութիւնը կը նպաստէ նաեւ կիրակնօրեայ դպրոցներու արդիւնաւէտ գործունէութեան։